İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ռ. Հատտէճեանի նոր գիրքը ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ « ՄԱՐԴԻԿ ՈՐՈՆՔ ԱՆՑԱՆ ԿԵԱՆՔԻՍ ՄԷՋԷՆ » ՇԱՐՔԻ Բ. ՀԱՏՈՐԸ

Մեր գրասէր ընթերցողներուն ուրախութեամբ կը հաղորդենք թէ լոյս տեսաւ Ռ. Հատտէճեանի »Մարդիկ որոնք անցան կեանքիս մէջէն« շարքի երկրորդ հատորն ալ։ Ինչպէս աւելի առաջ գրած ենք, այս շարքը կը բաղկանայ երեք հատորներէ եւ երրորդ հատորն ալ լոյս պիտի տեսնէ մօտ օրէն։

Մեր Խմբագրապետին այս նոր շարքը կը խօսի բոլոր այն սիրելի ու անմոռանալի մարդոց մասին որոնք անցած են իր կեանքին մէջէն, քաղցր յիշատակներ թողլով իրենց ետին։ Մեկնելով Պետրոս Դուրեանի անմահ երկու տողերէն, որոնք են՝ « Եթէ յիշատակս ալ թառամի, ո՜հ այն ատեն ես կը մեռնիմ », Ռ. Հատտէճեան կը նշէ որ այս հատորն ալ ժամադրավայրն է այն մահացած բարեկամներուն որոնց յիշատակը չէ թառամած։

Շարքին երկրորդ ու յառաջիկայ երրորդ հատորին մեկենասութիւնը սիրով ստանձնած են Քուէյթէն հրապարակագիր, ճարտարարուեստագէտ ու հանրային գործիչ Տէր Եւ Տիկին Կիրակոս Գույումճեան։ Հատորը ճոխացած է յիշուած անձնաւորութիւններէն ոմանց դիմանկարներով, որոնք մասնաւոր գոյն ու ճաշակ կուտան գիրքին, նաեւ յիշողութեան մէջ կը թարմացնեն ինչ ինչ անմոռանալի դէմքեր։ Յիշենք քանի մը անուններ. Եդուարդ Սիմքէշեան, Արմենուհի Թէրզեան, Արփիկ Միսաքեան, Սէրկէյ Փարաճանով, ամերիկահայ Գէորգ Յովնանեան, եղբայրը Վահագն Յովնանեան, Րաֆֆի Միմար, Արայ Կարմիրեան, Թօթօ ու Սեդա Փապուճճեան, Մինաս Թէօլէլեան, Սօնա Տէր Մարգարեան, Պէպօ Սիմոնեան, Մովսէս Պչաքճեան, Զարեհ Խրախունի։

Այս հատորը, որ կը կազմէ « Յուշատետր » շարքի 89 թիւը, ինչպէս նախորդը, որպէս կողքի նկար ունի նկարիչ Մանուկ Ղրդեանի մէկ գործը, որ մաս կը կազմէ Ռ. Հատտէճեանի նկարչական հաւաքածոյին։ Այս անգամ ալ կողքը պատրաստուած է Արի Հատտէճեանի ձեռամբ։

Մեր գրասէրները այս նոր հատորէն օրինակ մը կրնան ապահովել Խմբագրատուն դիմելով կամ ցրուիչներուն ապսպրելով։


http://www.normarmara.com

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın