İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՄԱՅՆՔԷՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐ

Շաբաթավերջին նախատեսուած է Կալաթասարայ մարզակումբի համագումարը։ Ակումբը այս համագումարին կը պատրաստուի բուռն մրցակցութեան մը մթնոլորտով։ Մարզական աշխարհն ալ անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի համագումարին նախորդող նախընտրական մթնոլորտին՝ մասնաւորապէս, որ Կալաթասարայի ֆութպոլի խումբը այս տարի նուաճած է Թուրքիոյ ախոյենութիւնը։

Կը տեղեկանանք, որ մեր համայնքէն թեկնածուներ ալ կը մասնակցին Կալաթասարայի համագումարին։ Այսպէս, նախագահի թեկնածու Տուրսուն Էօզպէքի ցուցակին վրայ առաջադրուած անուններու շարքին են թրքահայ երկու յայտնի ազգայիններ։ Անոնցմէ մին է Տիգրան Կիւլմէզկիլ, որ թեկնածու է Տուրսուն Էօզպէքի կողմէ գլխաւորուած վարչական խորհուրդին մաս կազմելու։ Գրիգոր Տէօշէմէճեանն ալ թեկնածու է նոյն խումբի կարգապահական խորհուրդին մաս կազմելու։

Երէկ, Կալաթասարայի Քալամըշի մարզական համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ Տուրսուն Էօզպէքի կողմէ գլխաւորուած թեկնածուական խումբի քարոզչա-ծանօթացման հաւաքոյթը։ Ասուլիսներու ձեւաչափով Տուրսուն Էօզպէք եւ իր համախոհները ներկայացուցին իրենց ծրագրերը։ Այս հաւաքին ներկայ գտնուեցան նաեւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ Գրիգոր Տէօշէմէճեան։

Հինգշաբթի, Մայիս 24, 2018


http://www.jamanak.com/content/լրահոս/24-05-2018-համայնքէն-թեկնածուներ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın