İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հայ Ժողովուրդի Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը

Հայաստանի  ժողովորդի Հ.Հ  վարչապետ Սերժ Սարգսեանի  հանրապետութեան  վարչապետի պաշտօնէն, յամառօրէն հրաժարականի պահանջի ու վճռակամ կեցուածքի բերումով   անոր վարչապետի պաշտօնէն   հրաժարելէ յետոյ  երկրի մէջ ստեղծուած  ՛՛Պրկուած Քաղաքական՛՛ իրավիճակը , Հայաստանի ընդիմադիր ուժի ղեկավար  Նիկոլ Փաշինեանի, Հ.Հ  նոր վարչապետը ընտրուելով խաղաղ ձեւով լուծուեցաւ.

8 Մայիս 2018 թուականին , քաղաքական գործիչ Նիկոլ Փաշինեանը Հ.Հ խորհրդարանի  կողմէ  վարչապետ  ընտրուեցաւ: Հ.Հ խորհրդարանի այս  պատմական որոշումը , անտարակոյս նոր էջ մը պիտի բանայ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական կեանքի  մէջ:

Ըստ իս ,այս թուականը հայ ժողովուրդի  համար ՛՛Պատմական ու Հաղթանակի Օր՛՛ մըն է, որովհետեւ մինչ այդ , Հայաստանի մէջ իշխող հանրապետական կուսակցութեան որդէգրած  վարչաձեւը եւ քաղաքականութիւնը ,երկրի մէջ ստեղծած էր ՛՛Հսկայ ու Լուրջ  Պրկուած ու Մտահոգիչ Իրավիճակ՛՛ մը, որը  կոտակուած էր տարիներու ընթացքին:

Երկրի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային  կեանքի  անբարեկեցիկ իրավիճակին դէմ,հայ ժողովուրդի ու հայ երտասարդութեան  համբերութիւնը  յորդեցաւ եւ ՛՛Անձայնութիւնը՛՛ վերջացաւ:
Հայսատանի ընդիմադիր ուժի ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանի առաջնորդութեամբ  Հայ ժողովուրդի ու Հայ երտասարդութեան համագործակցութեամբ Հայասռանի մէջ սկսաւ  ՛՛Համաժողովրդային Քաղաքական Շարժում՛՛ մը,  նպատակ  ունենալով  երկրի բարեկեցութեան ու բարօրութեան համար բարեփոխութիւներ կեանքի կոչել :Հայ ժողովուրդը իր արդար այս պահանջքի  համար կազմակերպուած ձեւով ու  յամառ կեցուածքով ու վճռակամ կամքով  շարժման անցաւ: Հայ ժողովուրդի այս արդար պահանջքը,  երկրի մէջ  Սահմանադրական բարեփոխումները կեանքի  կոչելու ճանապարհի  մէջ, Մարդու Իրաւունքներու, Ժողովրդավարութեան, Օրէնքի, Արդարութեան դրութիւններու գերակայնութեան ամուր հաստատման ճանապարի  սկիզբին ու ժողովուրդի վճռակամութեան ակնյայտ ցոյցն է :  Հակառակ ,երկրի ներքաղաքական պրկուած վիճակի ՛՛Համաժողովրդական Շարժումը՛՛ մնաց խելացի ու խաղաղ ընթացքի մէջ եւ պսակուեցաւ խաղաղ ՛՛Հաղթանակ՛՛ով մը, որը ըստ իս, ՛՛Թաւշեայ  Յեղափոխութիւն՛՛ մըն է եւ  ողջունելի ու նաեւ համայն աշխարհի օրինակելի:
Հայաստանի  Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը   արդիւնքն է,հայ ժողովուրդի գիտակցութեան,խաղաղասիրութեան,քաղաքավարութեան,ժողովրդավարական  հասկացողութեան ,որը հպարտութիւնն եւ պատիւն է  համայն հայութեան:

Շնորհալի թող ըլլայ ՛՛Հայ Ժողովուրդի  Թաւշեայ  Յեղափոխութիւնը:

Տքթ.Սարգիս Ատամ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın