İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Տօն Համբարձումն Քրիստոսի

Տօն Համբարձումն Քրիստոսի եւ Յիշատակ Փոխադրութիւն Հայրապետական Աթոռոյն Հայոց ի Սսոյ ի Սբ.Էջմիածին

Համբարձում կը նշանակէ”Բարձրացում”: Համբարձումը Յիսուսի յարութիւն առած ու փառաւորուած մարմնոց երկինք բարձրանալու եւ Հայր Աստուծոյ աջ կողմը նստելու յիշատակումին տօնն է,որ տեղի կ’ունենայ միշտ Հինգշաբթի օր,Յարութեան 40- րդ օրը,որը 2018 թուակիր տարուայ համար կը յիշատակուի 10 Մայիս Հինգշաբթի օր:
Յարութիւնէն ետք,Յիսուս  իր աշակերտներուն երեւնալէ ետք,40- րդ օրը իր աշակերտներուն հետ Ձիթենեաց լեռ բարձրացաւ ուր յայտնեց իր աշակերտներուն.”Երբ Սուրբ Հոգին իջնէ ձեր վրայ,զօրութեամբ պիտի լեցուիք ու իմ վկաներս պիտի ըլլաք,Երուսաղեմի,Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ մինչեւ աշխարհի ծայրամասերը”:
Երբ Ան արտասանեց այս խօսքերը,Յիսուս երկինք բարձրացաւ մինչեւ որ ամպերը ծածկեցին զինք աշակերտներուն  տեսեղութիւնէն:Հին ատեններ ,Համբարձումին նաեւ կը կատարուէր վիճակահանութիւն եւ ծաղկահաւաք: Հայ երտասարդ  տղաններ ու աղջիկներ կը հաւաքէին 7 գոյնի ծաղիկներ,7 աղբիւրի  ջուրով լեցուն կուժի կամ ամանի մէջ կը տեղադրուին ծաղիկներ եւ ներկայ աղջիկներուն պատկանող իրեր: Դեռատի աղջիկ մը ճերմակ զգեստ կը հանգնէր, կը վերցնէր կուժը եւ կը շրջէր տան մէջ. կուժէն դուրս բերուած առաջին առարկային տիրոջ մօտալուտ ամուսնութիւնը կը նախատեսուէր: Ապա իւրաքանչիւր իրի հետ կ՛ընտրուի վիճակահանութեան տոմս մը, ուր գրուած խրատը կամ նախատեսութիւնը ուղղուած կ՛ըլլայ առարկային տիրոջ:
Հին ատեններ, Համբարձումի նախօրեակին ՛՛Կաթնապուրի Օր՛՛ն ալ  հայ ժողովրդական սովորութիւներէն մին էր:
Համբարձումի տօնի օր,Հայ Եկեղեցին կը յիշատակէ նաեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Աթոռի Կիլիկիոյ Սիս մայրաքաղաքէն Սուրբ Էջմիածին փոխադրուիլը:
Բոլորս ալ քաջատեղեակ ենք որ,Հայ Եկեղեցւոյ Կեդրոնը եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան նստավայրը 484 թուականէն սկսեալ զանազան պատճառներով տեղափոխուած է պատմական Հայաստանի այլազան վայրեր ,նաեւ Կիլիկիա: 1441 թուականին Կաթողիկոսութեան Աթոռը Կիլիկիոյ Սիս մայրաքաղաքէն վերադարձաւ իր բնօրրանը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածիմ :Այս որոշումը տրուեցաւ 25 Մայիս 1441թուականին Համբարձման տօնի օր:
Այսօր անուանակոչութեան տօնն է նաեւ հետեւալ անուններուն:
Համբարձում,Համբար,Համօ,Համբօ,Համբիկ 
Տօքթ.Սարգիս Ատամ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın