İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ

Գումգաբուի աղբիւրները այս առաւօտ պաշտօնապէս հաղորդեցին, որ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի տնօրինութեամբ կազմուած ու պաշտօնի կոչուած է խորհրդակցական մարմին մը։ Պատրիարքական Աթոռի նորաստեղծ Խորհրդակցական մարմինը կը բաղկանայ մեր համայնքային շրջանակներուն մօտէն ծանօթ 12 դէմքերէ։ Այսպէսով Պատրիարքարանէ ներս վերահաստատուեցաւ աւանդական դրութիւն մը եւ սա կարեւոր քայլ մը կը համարուի՝ համայնքի այժմու ծանրաբեռնուած օրակարգի մթնոլորտին մէջ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նախագահութեամբ նորաստեղծ Խորհրդակցական մարմինը երէկ գումարեց իր անդրանիկ ժողովը։ Պատրիարքարանի դիւանը այս առաւօտ հրապարակեց պաշտօնական զեկոյց մը, որով տեղեկացուեցաւ Խորհրդակցական մարմնին կազմը եւ առաջին ժողովին գումարուած ըլլալը։ Զեկոյցին մէջ մասնաւորապէս ընդգծուած է, որ Խորհրդակցական մարմինը պաշտօնի կոչուած է՝ որպէսզի մեր ժողովուրդի ընդհանուր տրամադրութիւնները եւ մեր համայնքի ակնկալութիւնները աւելի լաւ արժեւորուին Պատրիարքարանի կողմէ ծաւալուած գործունէութեան մէջ։ Նկատի առնուած են նաեւ Պատրիարքական Աթոռի դիմագրաւած մարտահրաւէրները։ Առաջին խորհրդակցութեան ընթացքին Խորհրդակցական մարմնի անդամները կարծիքի փոխանակումներու միջոցաւ ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկեցին թրքահայ համայնքային կեանքի առկայ վիճակը, սեղանի վրայ դրին իրենց դիտարկումները եւ նորին սրբազնութեան նկատառման յանձնեցին իրենց մօտեցումները՝ մեր իրականութենէն ներս աւելի համախումբ եւ ներդաշնակ միջավայրի մը ստեղծման առումով։

Ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Խորհրդակցական մարմնի կազմը ձեւաւորած է՝ մանրակրկիտ հաշուի առնելով մեր ազգային-եկեղեցական կեանքի հաւասարակշռութիւններն ու նրբութիւնները։ 12 հոգիէ բաղկացեալ Խորհրդակցական մարմնի անդամներու մէկ երրորդը յատկացուած է համայնքային բարերարներու։ Այդ հիման վրայ երախտաշատ չորս անուններ հրաւիրուած են մաս կազմել այս մարմնին. յանձինն՝ Պետրոս Շիրինօղլուի, Տիգրան Կիւլմեզկիլի, Արէտ Երկանեանի եւ Հայկ Ասլանեանի։ Հաստատութիւններու առանցքը կը ներկայացուի երեք դէմքով։ Մեր համայնքի մեծագոյն կառոյցին՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի կողմէ կազմին մէջ ընդգրկուած է Հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան։ Բաց աստի, տեղ յատկացուած է Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ եւ պատմականօրէն մեր առաջին պատրիարքանիստ թաղի՝ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ։ Ուստի, այս երկու եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու ատենապետները՝ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ Եսայի Տեմիր եւս հրաւիրուած են անդամակցիլ Խորհրդակցական մարմնին։

Հասարակական գործիչներու շարքին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կազմին մէջ ընդգրկած է երկու յայտնի անուններ, որոնք երկար ժամանակէ ի վեր տեղական ինքնակառավարման մարմիններու մէջ աշխատելով՝ լուրջ օգուտներ կ՚ապահովեն մեր համայնքին համար։ Այդ անուններէն մին է Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի փոքրամասնութեանց գծով խորհրդական Նատիա Թաշէլ, իսկ միւսը՝ Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն։ Ի դէպ, Նատիա Թաշէլ կը հանդիսանայ Խորհրդակցական մարմնի իգական սեռէ միակ անդամը։ Այս հարթութեան վրայ ուշադրութիւն ցուցաբերուած է նաեւ քաղաքական հաւասարակշռութիւններու եւ կուսակցական զանազանութիւններու նկատմամբ։

Խորհրդակցական մարմնի անդամներու մէկ քառորդն ալ կը բաղկանայ մեր մտաւորականութեան ներկայացուցիչներէն։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան պաշտօն վստահած է գիտնական դէմքի մը՝ Փրոֆ. Աւետիս Հաճընլեանի, որ երկար տարիներէ ի վեր կը պաշտօնավարէ նաեւ որպէս Ֆէրիգիւղի վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ, իբր այդ ունի բազմակողմանի տեղեկութիւն մեր կրթական կեանքի հարցերուն շուրջ։ Բաց աստի, մեր երկու հայատառ օրաթերթերուն՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի եւ «Մարմարա»ի գլխաւոր դէմքերուն ալ տեղ տրուած է Խորհրդակցական մարմնին մէջ։ Այսպէս, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան եւ «Մարմարա»ի խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեան հրաւիրուած են Խորհրդակցական մարմնին անդամակցելու՝ հաշուի առնելով, որ Պատրիարքարանի առջեւ այս շրջանին լուրջ աշխատանք մը ծառացած է՝ հասարակութեան հետ յարաբերութիւններու տեսանկիւնէն։

Ինչպէս նշուած է Պատրիարքարանի դիւանին կողմէ հրապարակուած զեկոյցին մէջ, նորին սրբազնութիւնը երէկուան անդրանիկ ժողովին ընթացքին իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքը յղեց ժողովականներուն։ Կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ օրերուն երէկուան առաջին քննարկումներուն համադրութիւնը ներկայացուի հանրային կարծիքի ուշադրութեան։


http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/22-03-2018-խորհրդակցական-մարմին

 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın