İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍԻՆ ԽՈՍՏՈՒՄՆԵՐ Ա.

27 Դեկտեմբեր 2016-ին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի արտաքին կապերու վարչութիւնը, Թուրքիոյ մէջ գտնուող քրիստոնէական եկեղեցիները իրենց սեփականատէրերուն վերադարձնելու կապակցութեամբ օրէնքի նախագիծ մը որդեգրած է:  Նման օրէնքի նախագիծ մը շատ հաւանաբար մեծ ոգեւորութիւն եւ խանդավառութիւն ստեղծած է միամիտներու մօտ, սակայն եւ այնպէս որպէս իրապաշտ մտածող՝ նման սին խոստումներ մեզ չեն կրնար գօտեպնդել ապագայի լաւատեսութեամբ:

  Ինչո՞ւ—

          Բոլորիս ծանօթ է որ այսօր Միջին Արեւելքի քաղաքական դաշտը նոր անակնկալներու առջեւ կը կանգնի, որովհետեւ խաղադաշտ իջած են գերպետութիւններ՝ Ռուսաստան, Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Գերմանիա, Անգլիա, եւ տակաւին ուրիշներ,  որոնք իրենց քաղաքական հաշիւներէն ելլելով նոր մարտավարութեամբ եւ քաղաքական մեծ ախորժակներով Միջին Արեւելքի համար նոր քարտէս մը գծելու նախապատրաստական աշխատանքներուն մէջ են:       
          Փոքրիկ պատմական ակնարկ մը կը բաւէ ցոյց տալու, թէ այս բոլոր քաղաքական ախորժակները նորութիւններ չեն: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կառչած են ա՛յն սկզբունքին, թէ Ռուսաստանի սահմանակից երկիրները պէտք է քաղաքականապէս եւ տնտեսապէս հզօր, ինչպէս նաեւ ռազմավարական գետնի վրայ ուժեղ ըլլան՝ պատուար կանգնելու համար Ռուսաստանի եւ անոր արբանեակ երկիրներու  ծաւալողական ախորժակներուն դէմ:
          Ահաւասիկ այս քաղաքականութենէն կ’օգտուի Սուլթան Համիտներու  հարազատ ժառանգորդ Թուրքիան՝ աւանդական դարձած իր խորամանկութեամբ, հակառակ իր ներքին քաղաքական տագնապներուն, փտութեան եւ ապականած բարքերու մէջ ընկղմած իր  վարչամեքենային, եւ որ կը մնայ տակաւին Եւրոպական պետութիւններուն չափով մը «սիրելին» ու Ամերիկայի շփացած «բարեկամը»: Հիւսիսային Ատլանտեան ուխտի նիւթական հսկայական օժանդակութիւններու ճամբով ոտքի կը պահուի ոճրագործ Թուրքիան, հակառակ մարդկային իրաւունքներու դէմ իր գործած բոլոր բռնաբարութիւններուն եւ յանցանքներուն:
          Ռուսաստանը եւս, իրեն ուղեկից արբանեակ երկիրներուն հետ, Թուրքիոյ հանդէպ որդեգրած է յատուկ քաղաքականութիւն մը՝ ելլելով իր երկրի ընդհանրական շահերէն: Կը ջատագովէ Թուրքիոյ ամբողջականութիւնը, զուգահեռ ընթանալով այդ մասին Ամերիկայի պաշտպանած միեւնոյն սկզբունքին: Ռուսաստան այսօր ո՛չ մէկ հողային պահանջ ունի Թուրքիայէն…:  Հետեւաբար, Ամերիկան իր ուղեկիցներով, Ռուսաստան իրեն կողմնակից պետութիւններով, Թուրքիոյ նկատմամբ տարբեր հեռանկարներ ունենալով հանդերձ երկուքն ալ կը նպաստեն եւ կը սատարեն Թուրքիոյ հողային ամբողջականութիւնը պահպանելու ուղեգիծին: Բայց մինչեւ ե՞րբ…:   Ժամանակը ցոյց կու տայ:
          Աւելի խորը թափանցելու համար քաղաքական այս ընդհանուր պատկերին, անհարաժեշտ է յետադարձ ակնարկ մը նետել Ամերիկայի նախագահ Թրումանի (Harry S. Truman) քաղաքական սկզբունքին/վարդապետութեան (The Truman Doctrine), որ Քոնկրէսին աւանդուեցաւ 12 Մարտ 1947 թուականին: Ահաւասիկ նախագահը իր այս յատարարութեամբ կը հաստատէր թէ Միացեալ Նահանգներ քաղաքական եւ տնտեսական օգնութիւն պիտի տրամադրեն բոլոր ռամկավարական (democratic) երկիրներուն:  Նախագահը իր այս յայտարարութեամբ նոր արեւելում մը կու տար Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան, հեռանալով անոր մինչ այդ որդեգրած աւանդական մօտեցումէն – հեռու մնալ այն տագնապալից շրջաններէն,  ուր Միացեալ Նահանգներ ուղղակի կապ ու կենսական շահեր  չունին:
             Վերեւ յիշատակուած վարդապետութեան դրդապատճառը Անգլիական Պետութեան յայտարարութիւնն էր, Փետրուար 1947-ին, թէ այդուհետեւ ռազմական եւ տնտեսական օգնութիւն պիտի չցուցաբերեն  Յունական կառավարութեան, որ այդ օրերուն քաղաքացիական պատերազմ կը մղէր ընդդէմ յոյն համայնավար կազմակերպութեան: Նախագահ Թրուման առաջարկեց որ Քոնկրէսը անմիջապէս նեցուկ կանգնի Յոյն կառավարութեան, ընդդէմ համայնավարներուն:  Նոյն ատեն առաջարկեց քոնկրէսին, որ օգնութիւն ընծայէ նաեւ Թուրքիոյ, որովհետեւ Թուրքիան ալ ա՛յն երկիրներէն էր որոնք օգնութիւն կը ստանային Անգլիական կառավարութենէն:
          Այդ ժամանակ, Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կը հաւատար որ Սովետական կառավարութիւնը կ’օժանդակէր յոյն համայնավարներուն, եւ հետեւաբար մտահոգուած էր որ եթէ համայնավարները շահէին Յունաստանի մէջ, Սովետական վարչամեքենան իր ազդեցութիւնը պիտի ունենար Յունաստանի քաղաքականութեան վրայ: Մինչդեռ իրականութիւնը այն էր, որ Խորհրդային ղեկավար Ճոզեֆ Սթալին մերժած էր օգնել յոյն համայնավարներուն եւ իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած էր Եուկոսլաւիոյ վարչապետ Եոսիփ Թիթոյի վրայ:
          Սակայն եւ այնպէս կարգ մը այլ ազդակներ պարտադրած էին Նախագահ Թրումանին որպէսզի օգնէր Յոյն եւ Թուրք կառավարութիւններուն: 1946 թուականին կարեւոր չորս իրադարձութիւններ տեղի ունեցած էին որոնք արգելք հանդիսացած էին յետ-պատերազմեան ստեղծուելիք համաձայնութեան Սովետական Միութեան հետ:
          ա. Սովետական բանակը չքաշուեցաւ Պարսկաստանէն 1946-ի սկիզբները, ըստ 1943-ի համաձայնագրին (Tehran Declaration of 1943):
          բ. Սովետական կառավարութիւնը կը փորձէր ճնշում բանեցնել պարսկական կառավարութեան վրայ, պարսկական քարիւղի արատադրութեան մենաշնորհը (concession) ապահովելու համար, պատրուակ բռնելով որ փոխարէնը՝ Պարսկաստանի հիւսիսային մասին մէջ խմորուող ատերպէյճանական անջատողական շարժուները պիտի խոչընդոտէր:
          գ. Սովետական Միութիւնը ճնշում կը բանեցնէր Թուրքիոյ վրայ, որպէսզի պատերազմական կայան եւ ազատ ելեւմուտ ապահովէր Թրքական նեղուցներէն:
          դ. Սովետական Միութեան մերժումը Պարուխ Ծրագրին (Baruch plan), առարկելով թէ որեւէ միջազգային արտաքին կազմակերպութիւն չէր կրնար իր հիւլէական ծրագիրները եւ զէնքերը ստուգման ենթարկել:
          Ահաւասիկ վերեւ յիշատակուած պատճառները առիթ դարձան որ Անգլիական կառավարութիւնը քաշուի յոյներուն օգնութիւն տալէ, հետեւաբար Նախագահ Թրուման պարտադրուած զգաց Ամերիկեան քաղաքականութեան ուղղութիւնը փոխելու, ու ապա անմիջապէս Քոնկրէսէն խնդրեց որ չորս հարիւր միլիոն տոլարի ($400,000,000) օժանդակութիւն ինչպէս նաեւ զինուորական մասնագէտներ եւ պատերազմական այլ զէնքեր յատկացուին Յոյն եւ Թուրք կառավարութիւններուն:
          Նախագահ Թրուման փորձեց արդարացնել իր առաջարկը երկու հաստատումներով: Առաջին՝ Յոյն համայնավարներու քաղաքացիական պատերազմի յաղթանակը կրնայ վտանգել Թուրքոյ քաղաքական կայունութիւնը, նոյն ատեն վտանգելով Միջին Արեւելքի կայունութիւնը: Հետեւաբար նման բան կարելի չէ արտօնել, նկատի ունենալով Ամերիկեան ազգային ապահովութիւնը (national security): Երկրորդ՝ նախագահ Թրուման շեշտեց նաեւ այն իրողութիւնը, թէ Ամերիկեան կառավարութիւնը բարոյական պարտաւորութիւնը ունի պաշտպանելու իրաւունքները այն ժողովուրդներուն, որոնք կը տառապին բռնատիրական վարչութեանց տակ, որովհետեւ բռնատիրական (totalitarian) վարչակարգերու տարածումը կրնայ ականահարել միջազգային խաղաղաութիւնը եւ հետեւաբար Ամերիկայի ապահովութիւնը: Նախագահ Թրուման եզրափակեց ըսելով որ Միացեալ Նահանգներ չեն կրնար ձեռնածալ մնալ Սովետական Միութեան բռնատիրական վարչակարգին ծաւալողական ախորժակներուն դիմաց:  
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

18 Յունուար 2017

Yorumlar kapatıldı.