İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ԺՈՂՈՎԻ ԲԱԽՏՈՐՈՇ ՈՐՈՇՈՒՄԻՆ ԿԱՊԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

Գրեց՝Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ
Պատրիարքականընտրութեան հարցը, որ տարիներէի վեր միտքերըկը զբաղեցնէ Թուրքիոյ Հայ համայնքէն ներս, պատմական նոր ու անակնկալփուլի մը մէջ մտաւերէկ Պատրիարքարանի մէջ գումարուած ԵկեղեցականՀամագումարի որոշումով։

Իսկապէսանակնկալ որոշում։ Ինչպէս հրատարակուած էմեր սիւնակներուն մէջ, Եկեղեցական Համագումարըերէկուան նիստի ընթացքին բաւնկատեց Ամեն. Տ. ՄեսրոպԱրք. Մութաֆեան Պատրիարքի «անգործութեան ու բացակայութեան» ժամանակաշրջանը, որոշեց հանգստեան կոչուած նկատել ՊատրիարքՍրբազանը ու զինքը անուանել«ՊԱՏՐԻԱՐՔ Ի ՀԱՆԳՍՏԵԱՆ», այսինքնհանգստեան կոչուած Պատրիարք։ Այլխօսքով, ասիկա կը նշանակէոր մեր եկեղեցին այլեւսվերջ կուտայ Մեսրոպ ՍրբազանՊատրիարքի պաշտօնին ու ճամբայ կըբանայ նոր Պատրիարքի մըընտրութեան։
Ինչպէսկը կարդանք հաղորդագրութեան մէջ, ժողովականները «միաձայնութեամբ» ընդուներ են այս որոշումը, կը նշանակէ որ մէկհոգի իսկ դէմ չէեկած այս որոշումին։ Որոշումըըստ երեւոյթին թէեւ դէպի պատրիարքականընտրութիւն երթալու ճամբայ բանալուտեսակէտէ լուծում մը կըբերէ, բայց մենք պիտիըսէինք որ երանի՜ թէգործը հոս հասած չըլլար։
2008 թուականիՄայիս ամիսէն ասդին ՊատրիարքականԱթոռը գործնապէս թափուր է։ ԵկեղեցականՀամագումար ժողովի կողմէ կատարուածայս մատնանշումը ճիշդ է։ Բախտըմեծ ու անսովոր հարուածիջեցուց նախ անբախտ ՊատրիարքՍրբազանին անձին, ապա մերհամայնքին վրայ։ Մեր համայնքինհամար տխուր էր տեսնելոր Աթոռը թափուր է, որովհետեւ մեր համայնքը, ինչպէսմեր եկեղեցին, այն օրէն ասդիներբ մենք կորսնցուցինք աշխարհականգործերու համար Ազգային ԿեդրոնականՄարմին մըն ալ ունենալուբախտը, մեր համայնքը ուրեմնիր գոյատեւման ուժը կþառնէրՊատրիարքական Աթոռէն։ Եւ կասկածչկայ որ անցնող դժուարինտարիներու ընթացքին համայնքին համար կենսական էրՊատրիարքական Աթոռին վրայ ունենալհեղինակաւոր, հեռատես ու ազգասէրՊատրիարք մը։ Այդ Պատրիարքըչկրցանք ունենալ ութը, ինըտարիէ ի վեր։
Հիմաայլեւս տրամադրութիւնը չունինք յանցաւորներ ուպատասխանատուներ փնտռելու։ Հարցն այն էոր ունեցանք միայն Պատրիարքական ԸնդհանուրՓոխանորդ մը։ Իսկ Փոխանորդըերբեք Պատրիարք չի նշանակեր։ Փոխանորդմը, եթէ իր չափըգիտէ ու եթէ պատշաճութիւններըկը յարգէ, փոխանորդ մընէ պարզապէս եւորքան ալ Ասա կրէ, իրականութեան մէջ չի կրնարմոռցնել տալ իսկական Պատրիարքիբացակայութիւնը։ Պիտի ընդունինք որՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Արամ Սրբազան այսութը տարիներու ընթացքին ամէն ճիգ վատնեցորպէսզի համայնքը չզգայ Աթոռին թափուրըլլալը, բայց կը հաւատանքոր ան բոլորովին տարբերու ազգաշէն տնօրինութիւններ կրնարըրած ըլլալ եթէ ընտրուածըլլար ո՛չ թէ Փոխանորդ, այլ իսկական Պատրիարք, աթոռակիցՊատրիարք կամ պարզապէս Պատրիարք։
Ութտարիներու ընթացքին շատ բան փոխուեցաւ, բայց, եթէ մեզի հարցուի, պիտի ըսենք որ մերհամայնքը շատ բան կորսնցուցայդ տարիներու ընթացքին։ Անցնող տարիները դժուարինտարիներ էին մեր երկրինքաղաքականութեան համար ալ եւատիկա անկասկած իր ուժեղ անդրադարձըունեցաւ մեր համայնքին կեանքէններս եւս։ Ո՛չ Պատրիարքականընտրութիւն կրցանք ընել, ո՛չալ թաղային մարմիններու ընտրութիւն։Մեր գործերը մնացին օդինմէջ ու մեր համայնքայինգործերը քալեցին առանց հակակշռուելուհեղինակաւոր ու մեր ազգայինգործերուն ուղղութիւն տուող, մեր ազգայինգործիչներուն ներշնչում թելադրող հեղինակաւոր Պատրիարքի մը կողմէ։
ԵկեղեցականՀամագումարի երէկուան որոշումը պատմական կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, ամբողջմեր ժողովուրդին ճակատագիրը շահագրգող քայլ մը կþառնէ, ուստի կրնանքմտածել որ երանի թէայս որոշումը առնուէր համայնքէն ներսխօսքի ու պարտականութեան բաժինունեցող աշխարհական գործիչներու հետ ալ կատարուածխորհրդակցութեամբ, որովհետեւ ի վերջոյ հանգստեանկը կոչուի Պատրիարք մըոր ընտրուած է ամբողջ ժողովուրդինկողմէ, այլ ո՛չ թէմիայն հոգեւորական դասին կողմէ։
Պատրիարքարանէղրկուած հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանքհետեւեալը.
«Եկեղեցականընկալեալ կանոններն ու աւանդութիւնը  ուխտի լուծման  համարբաւարար կը նկատեն եօթըտարուան բացակայութիւնը»։ Այս նախադասութեանդէմ ունինք վերապահութիւն մը։Թող արտօնուի որ ըսենք թէՄեսրոպ Պատրիարքի ճակատագրին հետ կապուած այսհարցի մէջ դիւրին չէխօսիլ «ընկալեալ կանոններու ու աւանդութեան» մասին, քանի որ մենք դէմյանդիման ենք պատահարի մըհետ որուն նմանը չէպատահած ամբողջ մեր պատմութեանմէջ ու հաւանաբար ասկէվերջ ալ պիտի չպատահի։Պիտի տարուինք ըսելու որ իրականութեանմէջ չունինք որեւէ ընկալեալկանոն կամ աւանդութիւն որլուծում բերէ Մեսրոպ Պատրիարքիհետ մեր ապրած այսդժբախտ պատահարին համար։ Կը նշանակէոր կերպով մը մե՛նքենք որ նոր տնօրինութեանմը մասին մտածելու պիտիստիպուէինք Պատրիարքական Աթոռի տագնապը քաղաքակիրթու պատշաճ կերպով ումարդասիրական զգացումներով լուծելու համար։ Ատոր համարէր արդէն որ անցեալիմէջ մեր կողմէ առաջարկուածէր Աթոռակից Պատրիարք մը ընտրելու այլընտրանքը։Այսօր ալ կարելի էրթերեւս փնտռել Պատրիարք Սրբազանը«հանգստեան կոչել»ու տարբերձեւ մը։
ԵկեղեցականՀամագումար Ժողովը, ինչպէս գրուածէ հաղորդագրութեան մէջ, հիմա դարձեալ «եկեղեցական կանոններու համաձայն» դիմում պիտի կատարէպատկան իշխանութիւններու, որպէսզի արտօնուի որՊատրիարքական ընտրութիւն ընենք ու Աթոռինվրայ բազմեցնենք «Ազգընտիր» Պատրիարք մը։ Այսօրուան պայմաններումէջ դժուար է ենթադրելոր պատկան իշխանութիւնները անմիջապէսպիտի ընդառաջեն մեր դիմումին ուընտրութեան արտօնութիւն պիտի տան։ ԲայցՊատրիարքական ընտրութիւնը այլեւս հրամայական հարցէ մեզի համարեւ ութը, ինը տարուանուշացումէ մը վերջ այլեւսչի կրնար հանդուրժել նորուշացումներու։

Այսցաւոտ խնդրին մասին անտարակոյսըսելիք ուրիշ բաներ ալպիտի ունենանք, բայց հիմա կþուզենք մեր մատըդնել նաեւ զգացական կէտիմը վրայ ու ըսելոր, երբ ալ նորՊատրիարք մը ընտրուի, ովոր ալ նոր Պատրիարքընտրուի, մեր զգացական աշխարհինմէջ Մեսրոպ Պատրիարք Սրբազանըմինչեւ իր վերջին  շունչը պիտի շարունակէպահել Պատրիարք ըլլալու իր հանգամանքը։

Yorumlar kapatıldı.