İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՎԷՏԱԹ ԹԻՒՐՔԱԼԻ. «1915-Ը ԱՅՍՕՐ Է / ՎԵՐՋԱՑԱՒ ՎԵՐՋԱՑԱՒ ՉՎԵՐՋԱՑԱՒ»

Հայկական Հարցը եւ 1915-ի Ցեղասպանութիւնը գրեթէ ամբողջական մակարդակով առաջին անգամ թրքերէն վէպի մը մէջ արծարծուեցաւ Վէտաթ Թիւրքալիի կողմէ: Վէտաթ Թիւրքալին թէ՛ այս նիւթին, թէ՛ փոքրամասնութիւններու առընչութեամբ անտարբեր գրող մը չէ: 2004 թուականին «Կորսուած վէպեր»[i] անուամբ հրատարակ ուած իր գիրքը, փոքրամասնութիւններու յիշողութեան մէջ անմոռանալի հետքեր թողած եւ «օրինական» շղարշով գործադրուած թալանելու գործողութեան` Ունեցուածքի Տուրքին պատճառած վէրքերը կը բնորոշէ.

«Ովսաննան մի քանի բառէ զատ թրքերէն չէր գիտեր: Միայն
«վարնոց-ստորին» բառը չէր մոռնար եւ երբ մէկու մը բարկա –
նար այս բառը կը կրկնէր կիսատ հեգնելով: Ունեցուածքի
Տուրքի ժամանակ, սեփական ամէն ինչը յափշտակուելու եւ
դէպի Աշքալէ ուղարկուելու դէպքի պատճառով իր հօր` Սիրակ
Յովսէբեանի զայրոյթի խօսքն էր «ստորին-ստորաբար» բառը»:
Վարպետ հեղինակի վերջին ստեղծագործութիւնն է «Վեր –
ջացաւ վերջացաւ չվերջացաւ»[ii] անուամբ վէպը, որու մէջ Հա –
յոց Ցեղասպանութեան ուրուականը կը շրջի: Վէպի պատմա –
կան ակնարկին մէջ քօղարկուած է Ցեղասպանութիւնը:
Վէպին մէջ կը պատմուի, երկրի իւրաքանչիւր թիզ հողի վրայ
իր արիւնը ունեցող ժողովուրդի մը ինքնավստահ աղջկան մը
հետ, 12 Սեպտեմբեր 1980-ի զինուորական յեղաշրջումի օրե –
րուն Տիգրանակերտի մէջ բանտարկուած եւ այս պատճառով
ալ ցնցուած Սեւ Ծովեան երիտասարդի մը սիրոյ մասին պատ –
մութիւնը:
Վէպին մէջ նշուած պատմական անդրադարձերով մեր աշ –
խարհագրութեան պատմական յիշողութիւնը կը վերակենդա –
նա նայ եւ ներկայիս կը հասնի:
Հակիրճ ձեւով արձանագրուած հայոց պատմութեան հետ
միատեղ կը նշուի նաեւ Հայկական Հարցը: Միայն հայեր չեն,
այլեւ սեփական աշխարհագրութենէն խլուած միւս բոլոր զոհ
ժողովուրդները:
Պէտիրհանականներ, Համիտեաններ, Երիտթուրքեր/Իթթի –
հաթականներ, Քէմալականներ յանցագործ եւ ողջ պատմու –
թեան թառուած ագռաւներ են:
Այս աշխարհագրութեան դաժաններն են` Մօրուսաւոր Նու –
րէթթին Փաշա, Ապտուլլահ Ալփտողան, Թոփալ Օսման Աղա,
Էսադ Օքթայ Եըլտըրան…
Օսմանեան կայսրութեան փլուզման հակիրճ պատմութեան
մէջ Պէտիրհանականներ… Երբ Արեւմուտքի հետ յարաբերու –
թիւն ները վատթարացման փուլին մտան, երբ փակուեցաւ ար –
տաքին թալանելու դուռը, սկսաւ ներքին թալանելու գործըն –
թա ցը ներքին համագործակիցներուն հետ միասին: Պէտիրհա –
նականներ ի յայտ եկան եւ Օսմանեան պալատին ուղարկուող
տուրքէն զատ սեփական կողոպուտին համար հազարաւոր
տեղացի քրիստոնեայ սպաննեցին:
Համիտեան ջարդերը… Քիւրտեր, Ապտիւլհամիտին անուա –
նեցին «Պավէ Քուրտան» որ կը նշանակէ քիւրտերու հայր:
Քիւրտերու իսկական հօր դերը խաղացող Ապտիւլհամիտ
ստեղծեց Համիտեան խմբակներ, ջարդեր եւ կոտորածներ գոր –
ծադրեց: Քիւրտերուն թշնամութիւնը նախ կը հիմնաւորուէր
կրօնքի տարբերութեան վրայ, անոնց մէջ ալեւիներ եւ սուն –
նիներ ալ կային: Ալեւիները էապէս թշնամութիւն չունէին
հայերուն հանդէպ, սակայն սուննիները կրօնական բարիք կը
համարէին երբ հայ մը կը սպաննէին: Այս կացութիւնը տարած –
ւեցաւ ողջ մուսլուման զանգուածին մէջ:
Ուրֆա քաղաքի մէջ, եօթը հայ երիտասարդ իրար կապած
կրօնամոլ մը իսլամական աղօթքներ կարդալով գլխատած է
զանոնք: Կը կարծէր որ կրօնական բարիք կը գործէ:
«Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն» (Իթթիհաթ վէ Թերաքքի)
կուսակցութիւնը, իր տեղական անձնակազմերով եւ պետա –
կան բանակին Տէտէաղաչ զօրախումբերու համագործակցու –
թեամբ նախ իրականացուց 1915-ի Ցեղասպանութեան փորձը`
1909-ի Կիլիկեան Ջարդը:
Անոր յաջորդեց 1915-ի Ցեղասպանութիւնը, որ Խարբերդի
նման սպանդանոց դարձած նահանգներով ամբողջ տարածա –
շրջանը վերածեց գերեզմանատունի մը` զանգուածային սպանդ –
ներով, կոտորածներով, բռնի տեղահանութեամբ, թալաննե –
րով, բռնի իսլամացումներով, «անյայտ» կորածներով, կրօնա –
փոխներով եւ «փրկուած» վերապրողներով, Տէր Զորով եւ
Հայոց Գողգոթայով…
Թալաթ, Էնվեր, Ճէմալ… Ճէմալ փաշան Թիֆլիսի մէջ, Թա –
լա թը Պերլինի մէջ, Սաիթ Հալիմը Հռոմի մէջ սպաննուեցան
հայերու կողմէ: Իսկ Էնվեր խենթը իր իսկ պատիժը գտաւ
Պասմաճըլար ապստամբութեան ընթացքին: Էսադ Օքթայ
Եըլտըրըմ… Ձեր կեղտոտ հազարապետը մաքրագործուած
է… Նէմէսիս:
Թանաթոսի վերջին համբոյրը. Գրիգոր Զոհրապ իրաւաբան
էր, լրագրող, ճարտարագէտ, գրող եւ պատգամաւոր էր: Ինք –
զինք կը համարէր հայ ու Օսմանցի եւ «Օսմանցիութեան»
հիմքին վրայ տարբեր ժողովուրդներու համակեցութիւնը կը
պաշտպանէր: Առաջին ձերբակալուածներու մէջ չէր: Հերթը
իրեն հասաւ 2 Յունիսին: Այդ գիշեր Պոլսոյ «Իսթիքլալ» պո –
ղոտային վրայ «Cercle dÿOrient» ակումբին մէջ Թալաթին հետ
միասին ընթրած էին:
Տուն երթալու համար երբ սեղանէն ելաւ, Թալաթն ալ կանգ –
նեցաւ եւ համբուրեց Զոհրապ Էֆէնտիին: Զոհրապը զարմա –
ցած հարցուց. «Ինչո՞ւ է այս մեծարանքը»: Թալաթը պատաս –
խանեց. «Սրտի ցանկութիւնս էր»:
Գրիգոր Զոհրապ իր ճամբուն վրայ ձերբակալուեցաւ եւ
Էրզրումի պատգամաւոր Վարդգէս Սէրենկիւլեանի հետ միա –
սին դէպի Տիգրանակերտ ուղեւորուեցաւ: Ուրֆա քաղաքի
մօտ Իթթիհատականներու մար –
դասպան` Չէրքեզ Ահմէդի կող մէ
վայրագօրէն սպաննուեցաւ:
Պոնտոս… Հայրենիքը Պոն –
տոսցիներէն ազատագրած, յոյ –
նե րը ջարդող, քարայրներու եւ
կամ նաւերու ստորաբաժիննե –
րու մէջ ողջակիզող Թոփալ Օս –
ման Աղա մըն ալ ունինք: Մար –
դասպա՛ն Օսման Աղա: Փաշա –
ները, Անկախութեան դատարա –
նի մէջ որուն որ չկարողացան
կախաղան բարձրացնել, սպանն –
ել կու տային այս մարդուն: Ամե –
նա դաժան ձեւերով մեր հայերը
սպան նող, կողոպտող Իթթիհա –
թա կաններու վիժուածք` Թոփալ
Օսման:
Քոչկիրի, Տէրսիմ 1938, Կիպրոս, 12 Սեպտեմբեր 1980 Զին –
ւորական յեղաշրջում…
Մամաք` Տիգրանակերտի բանտը… Եւ մինչեւ իսկ թլփա տե –
ցին հայ երիտասարդ մը: Անոր հագցուցին պարեգօտ եւ գլխուն
զետեղեցին «մաշալլահ» գրուած աւանդական գլխարկ մը,
յետոյ հանդիսաւորապէս կտրեցին անոր առնանդամը:
Ապտիւլհամիտի դէմ մահափորձ, Պանք Օթոմանի գրաւու –
մը, մահափորձ Իթթիհատականներու դէմ…
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակ եան կուսակցութիւն, հայոց 15
Յունիսը, Փարամազ (գլխաւոր պատասխանատու) եւ անոր
հետ միասին կախաղան բարձ րացած 19 ընկերները…
Յունիս 1914-ին Թալաթ, Էն վեր եւ Ճէմալ փաշաներու դէմ
մահափորձ սարքելու մասին մատնութիւնէն յետոյ Հնչակեան
կուսակցութեան 120 անդամը բերման ենթարկուեցաւ: Ձերբա –
կալուեցան 49 կուսակցա կան ներ: Անոնց դատավարութիւնը
տեւեց մէկ տարի:
Փարամազն ալ անոնց մէջն էր: Մեր կուսակցութեան գերա –
գոյն մարնի անդամ Փարամազ, 15 Յունիս 1915-ին Պոլսոյ
Պէյազըթ հրապարակի վրայ կախաղան բարձրացաւ: Նոյն
ձեւով մահապատիժի ենթարկուողներուն ականատեսը` Տէր
Գալուստ Պօղոսեան գրի առած է այս բոլորը: Նախ Փարամա –
զը կախաղան բարձրացուցին:
Իր վերջին խօսքերը եղան. «Դուք միայն մեր մարմինները
կրնաք կախել, իսկ մեր գաղափարը` ոչ: Ողջ հայութիւնը երկրի
արեւելքին մէջ պիտի ողջունէ ազատ եւ սոցիալիստ Հայաս –
տանը: Կեցցէ սոցիալիզմ, կեցցէ Հայաստան»:
Նոյնիսկ այսօր գերազանց են Ս.Դ.Հ.Կ.-ի կուսակցական
ծրագրի կէտերը…
Վաքըֆլը գիւղ, Ֆրանց Վերֆէլ, Մուսա Լերան հերոսամարտ[iii]…
Մուսա լերան շրջակայքը գտնուող հայկական գիւղերու
բնակիչները, հասկնալով որ աքսորի ճամբուն վրայ իրենք
արդէն պիտի սպաննուին, ինքնապաշպանութեան որոշում
կայացուցին` մինչեւ վերջ:
Շուրջ հինգ հազար հայեր, իրենց քով առնելով սննդեղէն,
կին, տղամարդ, երախայ, ծերունի անխտիր բոլորը բարձրա –
ցան դէպի Մուսա Լերան գագաթը: Այստեղ շուրջ երկու ամիս
գոյատեւած եւ Օսմանեան զինուորներու դէմ պայքար մղած են:
Վէպը, ինքնապաշպանութեան պատմութեան հետ միասին
կը պատմէ նաեւ դիմադրութենէն խուսափողները, իր միտքէն
դիմադրելը չանցնողներուն թշուառ վիճակը եւ անոնց բնաջնջու –
մը: Իսկ ինչ կը վերաբերի ինքնապաշպանութեան փաստա –
թուղթը հասնդիսացող այս վէպին գլխուն եկածներուն… Վէ –
պին մերօրեայ շրջանը հասնելու ճանապարհը… Կարծես, սա
ինքնին վէպ մըն է:
Գողգոթայի ճամբուն վրայ, Գրիգոր Պալաքեանին կÿուղեկ –
ցեր նաեւ հայ երգահան, երաժիշտ-ազգագրագէտ, երաժշտա –
գէտ Կոմիտաս Վարդապետը:
Իրեն այցելեցի Փարիզի հիւանդանոցին մէջ, ուր իր վերջին
օրերը կ՚ապրէր: Կ՚ապրէ՞ր իրօք: Գողգոթայի ճանարպարհը կը
շարունակուէր` Իթթիհատական Մասոն Թալաթը հայերը աքսո –
րած է Տէր Զորի անապատները: Պետութեան հրահանգով
շուրջ մէկ միլիոն հայ սպաննուած է այս անապատներուն մէջ:
Գերմանացի հոգեւորական Եօհաննէս Լէփսիուս կը պատմէ
Էնվեր փաշայի մասին. «Այլեւս իր դէմքին վրայ չկար ամչկոտ
ժպիտը: Ուղիղ եւ սառած ձեւով կը նայէին աչքերը: Շրթունք –
ները հազիւ թէ զատուեցան խոշոր եւ սոսկալի ատամներէն ու
ըսաւ. «Մարդու եւ ժանտախտի միջեւ հաշտութիւն չկրնար ըլլալ»»:
Լէփսիուս անմիջապէս պատասխանեց. «Ուրեմն, դուք կ՚ըն –
դունի՞ք որ պատերազմը որպէս միջոց օգտագործել ուզեցիք
հայերը ամբողջութեամբ ոչնաչացնելու համար»:
Վէտադ Թիւրքալի, որ սիրոյ մասին իր վէպին մէջ, մինչեւ
մեր օրերուն հասած կարեւորագոյն հարցերը կ՚արծարծէ, հար –
ցումներ կ՚ուղղէ, ընթերցողներուն կարիք չի թողեր հարցում
ուղղել վէպի հերոսները հանդիսացող հայ աղջիկ Լուսի եւ Սեւ
Ծովեան երիտասարդ Թարըքի միջեւ ապրուած սիրոյ մասին:
Գրեց` ՍԱԻԹ ՉԷԹԻՆՕՂԼՈՒ
Թարգմանեց` Հրանդ Գասպարեան
ՎԷՏԱԹ ԹԻՒՐՔԱԼԻ.
«1915-Ը ԱՅՍՕՐ Է / ՎԵՐՋԱՑԱՒ ՎԵՐՋԱՑԱՒ ՉՎԵՐՋԱՑԱՒ»
[i] Vedat Turkali, «Kayip Romanlar», «Everest» Հրատարակ չութիւն
– 2004
[ii] Vedat Turkali, «Bitti Bitti Bitmedi», «Ayrinti» Հրատարակչութիւն
– 2014
[iii] Franz Werfel, «Musa Dagda 40 Gun», «Belge» Հրատարակչու –
թիւն – 2007
» Համար : ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 18 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2016 2016-10-18 

RECOMMEND TO FRIENDS

Yorumlar kapatıldı.