İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1668 ՀԱՅԵՐԷՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ Ա. ՏՊԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄՍԹԵՐՏԱՄԻ ՄԷՋ

348 տարի առաջ, 12-13 Հոկտեմբեր 1688 թուականին Հոլանտայի Ամսթերտամ քաղաքի մէջ լոյս տեսաւ հայերէն Աստուածաշունչի առաջին  տպագրոթիւնը, որը իրագործուեցաւ  Ոսկան Վրդ. Երեւանցիի նախձեռնութեամբ ու գործունէութռամբ. 1665 թուականին Յակոբ Ջուղայեցի կաթողիկոսի քարտուղար Մաթէոս Սարկաւագ Ծարեցի ,փորձեց  նախ Իտալիոյ մէջ հայերէն տպարան մը հիմնել , սակայն  ծանր  պայմաններու պատճառաւ Իտալիոյ մէջ չի կրցաւ յաջողիլ եւհայերէն տպարան մը հիմնելու  նպատակով  անցաւ Հոլանտիոյ Ամսթերտամ քաղաքը:
Թէեւ 1660 թուականին Մաթէոս Սարկաւագ  Ամսթերտամի մէջ յաջողեցաւ հայերէն տպարան մը հիմնել ,սակայն նիւթական ծանր պայմաններու եւ մեծ զրկանքներու պատճառաւ չի կրցաւ յաջողիլ Աստուածաշունչը  հայերէն   տպագրելու մտադրութիւնը  իրականացնել:
1660 թուականին Մաթէոս Սարկաւագ Ծարեցիի ,Ամսթերտամի մէջ հիմնաց հայյերէն տպարանէն նախ լոյս տեսաւ Ներսէս Շնորհալիի “Յիսուս Որդի” գիրքը , ապա 1661 թուականին նոյն տպարանէն  հրատարակուեցան “Սաղմոս”,”Ժամագիրք” հատորները.
1664 Թուականին, Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Ոսկան Երեւանցի, որ այդ թուականին եպիսկոպոս ձեռնադրուած էր,Ամսթերտամ եկաւ եւ լծուեցաւ Աստուածաշունչի հայերէն տպագրութեան գործին եւ 1666-1668 թուականներու  միջեւ կատարած  տքնաջան աշխատանքներէ վերջ յաջողեցաւ իրագործել   Աստուածաշունչը հայերէն  տպագրել: Աստուածաշունչի հայերէն առաջին տպագրութեան այս առաքինի ու սրբազան գործին  իրագործման համար  Ջուղայի Իրանահայ վաճառականները եւ բարերարները իրենց  նիւթական աջակցութիւնը բերելով ,ազգօգուտ ու պատուարժան մասնակցութիւնը  ունեցան :

Օրմանեան պատրիարք իր ” Ազգապատում” ի մէջ Ոսկան Երեւանցիի մասին հետեւալը կը գրէ:”Ոսկանի անձնաւորութիւնը արժանի է , մեր ազգին  մտաւոր զարգացման տեսակէտէն ,մեծ երախտաւորներու կարգը դասուիլ”:
Ոսկան Երեւանցի մահացաւ 60 տարեկան հասակին 1674 թուականին անմահ անուն ձգելով հայ պատմութեան մէջ:
Աստուածաշունչի հայերէն երկրորդ տպագրութիւնը հրատարակուեցաւ 1705 թուականին Իսթանպուլի մէջ,Ոսկան Երեւանցիի ազգական Պետրոս Լատինացիի կողմէ: Պետրոս Լատինացիի տպագրած Աստուածաշունչը  կը բաղկանար Հին ու Նոր կտակարանէ եւ պատկերազադ էր:
Տոքթ.Սարգիս Ատամ
Օգտագործուած Ակ: Հայ Տպագրութեան Պատմութիւն
                                     – Հայ Եկեղեցւոյ Գրադարան-

Yorumlar kapatıldı.