İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ո՞ՒՐ Կ’ԵՐԹԱՅ ՄԵՐ ՏԱՌԱՊԵԱԼ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

Աւա՜ղ… հայաթափումը կը շարունակուի ահազանգային համեմատութեամբ: Քննադատական չէ մեր մօտեցումը, այլ ափսոսանքի եւ ցաւի խոր արտայայտութիւն: Միջին Արեւելքի եւ մասնաւորաբար Սուրիոյ հայութիւնը վերականգնելու ձգտող բոլոր աշխատանքներն ալ մինչեւ այսօր ապարդիւն մնացին, հակառակ բեմերէն եւ խորաններէն կատարուած բարձրաղաղակ յայտարարութիւններուն:

            Օրերու թաւալումին հետ աւելի պարզ եւ յստակ դարձաւ  որ Սուրիոյ հայութիւնը կը դիմագրաւէ նաեւ արտաքին վտանգներ:   Արեւմուտքի գերպետութիւններու քաղաքական խաղադաշտին մէջ կարելի չէ մոռնալ թրքական եւ ատրպէյճանական հակահայ քարոզչութիւնն ու գործօնը, փանթուրանիզմի երազին վերյայտնումը: Եւրոպական եւ արաբական լրատուական աղբիւրներ կը ներկայացնեն փաստացի լուրեր՝  թէ ընդդիմադիր ոյժերու մէջ կը գտնուին թուրք եւ ատրպէյճանցի զինեալներ:
            Ահաւասիկ հինգ տաժանագին տարիներ անցան եւ տակաւին սուրիահայութեան համար համազգային եւ համահայկական ծրագիրներ չմշակուեցան: Բեմերէն արտասանուած լօզունգներէն եւ մամուլի մէջ հրատարակուած հաղորդագրութիւններէն անդին ո՛չ մէկ ձեւով՝ սուրիահայ համայնքին անվտանգութեան  հիմնախնդիրը    մշտական եւ վաւերական քննարկման    առարկայ դարձաւ, թէ՛ Հայաստանի  պետական մարմիններուն, եւ  թէ՛ ալ  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան    բարձրագոյն մարմնի «ղեկավարներուն»  կողմէ, ներառեալ մեր բոլոր աւանդական կուսակցութիւնները:
            Միջին Արեւելքի   հայութեան պարպումի     քաղաքականութիւնը  հայոց արդար  դատին՝ ցեղասպանութեան ճանաչման  ու հատուցման,  եւ ատոր հետեւանքներու վերացման   պայմաններուն,  ինչպէս նաեւ Հայաստանի անկախ ու  ազատ հանրապետութեան համար շատ լուրջ խնդիր  կրնայ յարուցանել:  Մեր բոլոր ճառերն ու քարոզները իմաստէ զուրկ կը մնան եթէ չենք հաւատար որ ի գին ամէն զոհողութեան մեր առաւելագոյնը պէտք է ընենք չհեռանալու համար Արեւմտահայստանի եւ Կիլիկիոյ սահմանամերձ հողերէն:
            http://www.arevelk.am Մամուլին մէջ կը կարդանք դարձեալ, որ վերջին շաբաթներուն մեծ թիւով հալէպահայեր իրենց ընտանիքներով դէպի Աւստրալիա գաղթելու դիմում կատարած են Պէյրութի ՄԱԿ-ի գաղթականներու գրասենեակին: Կը կարծուի թէ Աւստրալիոյ կողմէ որպէս գաղթական ընդունուողներու նախատեսուած թիւը կրնայ հասնիլ 2000-ի եւ գաղթականներուն մեծամասնութիւնը պիտի ըլլան քրիստոնեաներ:
            Նմանօրինակ յայտարարութիւններ պատճառ պիտի դառնան որ, մասնաւորաբար ներկայ անապահով իրավիճակին  եւ տնտեսական ծանր պայմաններու հետեւանքով, բազմաթիւ սուրիահայեր պատրաստուին   վերջնականապէս  լքելու  իրենց ծննդավայրը եւ ովկիանոսներ անդին հաստատուին Աւստրալիա,  այնտեղ որոնելու իրենց բախտն ու ապագան:  Նոյնն է պարագան դէպի Գանատա կամ Միացեալ Նահանգներ գաղթողներուն: Կրնա՞ք երեւակայել որ ովկիանոսներ անդին, –կամ այս կողմ,– ապրող ներկայ եւ գալիք սերունդները, մօտիկ կամ հեռաւոր ապագային, երբ Թուրքիոյ քաղաքական ներքին խմորումներու առիթով եւ քաղաքացիական պատերազմներու հետեւանքով, –որոնց ոտնաձայնը կը լսենք,– մեզի տրուելիք հայրենադարձութեան նորագոյն պայմանները օգտագործելով պիտի հաւաքեն իրենց  «ունեցածն ու չունեցածը» եւ վերադառնան Արեւմտահայաստան կամ Կիլիկիա:  Եթէ այս ապագայի տեսիլքով պիտի չառաջնորդուինք, ի՞նչ իմաստ ունին մեր Հայ Դատի հետապնդումները…:
            Հայապահպանման մեր բոլոր պայքարներուն մէջ երբեք չենք փափաքիր անտեսել Սփիւռքի Նախարարութեան «Արի Տուն» ծրագիրը եւ յատկապէս նորաստեղծ «Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամը, որուն գլխաւոր նպատակն է քաջալերել հայրենադարձութիւնը: Աշխատանքներ են, որոնք տակաւին իրենց նախնական քայլերուն մէջ չկրցան խանդավառութիւն ստեղծել սփիւռքահայութեան մէջ, որովհետեւ անոնց մեծագոյն տապարը զարնող տխուր իրականութիւնն է Հայաստանէն  ահազանգային արտագաղթը:
            Հայրենադարձութիւնը միայն քարոզախօսութեամբ չի՛ կրնար իրականանալ, յայտարարելով որ Հայաստանն է ապրելու յարմարագոյն եւ ճիշդ վայրը, հեռու այլասերման վտանգէն: Ինչպէս նախապէս ալ յայտարարած էինք մէկ այլ առիթով՝ «Արի Տուն» յայտարարողը՝ նաեւ տուն-տե՛ղ կը պատրաստէ: Անհրաժեշտ է նախ ստեղծել խոր համոզում եւ ի գործ դնել լիակատար աջակցութիւն, գաղթող հայրենակիցներուն համար պատրաստելով նպաստաւոր պայմաններ, եւ կեանքի ու գործի ապահովութիւն՝ զերծ ամէն տեսակի խտրականութենէ:
            Բացէք հայ մամուլի էջերը եւ հոն պիտի տեսնէք ներգաղթողներու գունագեղ, դառն, յուսահատական պատմութիւնները — անբարեխիղճ վերաբերմունք, գողութիւն, խտրութիւն, կաշառակերութիւն, անտարբերութիւն, խաբեբայութիւն եւ մասամբք նոցին: Եւ երբեք զարմանալի չէ, որ ներգաղթողներուն մեծամասնութիւնը կը ցանկայ արտագաղթել օտար ափեր, նոյնիսկ վերադառնալ իր ծննդավայրը, ստոյգ գիտնալով որ այդտեղ իր կեանքը վտանգի տակ կրնայ ըլլալ: Կրնա՞ք երեւակայել թէ ի՜նչ ողբերգութիւն է այս հոգեվիճակը եւ ի՜նչ ձեւի անդրադարձ կրնայ ունենալ բոլոր անոնց վրայ որոնք կը մտածէին ներգաղթել Հայաստան:
            Յաճախ մամուլի մէջ կը կարդանք եւ բեմերէն պաշտօնապէս կը լսենք, որ հայրենի կառավարութեան համար առաջնահերթ խնդիր է ներգաղթ իրականացնելը, որ մինչեւ այսօր կը մնայ լօզունգի եւ բաղձանքի սահմաններուն մէջ: Սփիւռքահայերուս համար ալ տակաւին յստակ չեղաւ թէ ներգաղթ կազմակերպելու ցանկութիւնը արդեօք հրապարակ նետուած է արտագաղթողներուն տեղը լեցնելո՞ւ համար, թէ՝ իսկապէս խոր հաւատքով եւ համոզումով ազգահաւաքման մեծ աշխատանք կը տարուի հայրենիքը նոր աւիւնով եւ նոր ոյժերով զօրացնելու համար:
            Ցաւով եւ ափսոսանքով կ’արձանգրենք այս տողերը, երբ կը տեսնենք որ այսօր իրենց զով սենեաներուն մէջ նստող «սուրիահայութեամբ մտահոգուած» մեր ազգային ղեկավարներն ու աւանդական կուսակցութիւնները միայն կը խօսին Հայ Դատի, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ դէմ պայքարելու մասին, մինչ անդին՝ սուրիահայը իր օրուան հացը հանելու  եւ գոյութիւնը պահպանելու համար պայքար կը մղէ: Օրական հազիւ քանի մը ժամ ելեկտրականութիւն ստացող եւ գիշերը ռումբերու ձայներուն տակ գլուխը բարձին դնող սուրիահայը հազիւ իր կեանքի պայքարին մասին կրնայ մտածել, եւ ոչ թէ՝ ազգային դատի պայքարին:
            Նոյնքան ցաւով եւ խոր ափսոսանքով կ’արձանագրենք այս տողերը երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կայքէջին վրայ յաճախ կը կարդանք Արամ Ա. Կաթողիկոսի աժան եւ սին լօզունգները. «Սուրիոյ հայութեան վերականգնումը պէտք է շարունակուի հակառակ առկայ դժուարութեանց», կամ՝ «Վերանորոգ հաւատքով ու նուիրումով Սուրիոյ հայութիւնը վերականգնելու ձգտող աշխատանքները շարունակելու հրամայականը»: Արդէն հինգերորդ տարին թեւակոխած է Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմը, եւ այդ  տարիներուն ընթացքին՝ Բերիոյ Թեմին առաջնորդը, Շահան Արք. Սարգիսեան, ամենադաժան օրերուն իսկ գնաց Անթիլիաս, անձամբ փոխանցելու իր մեծաւորին՝ սուրիահայութեան տագնապներն ու մտահոգութիւնները: Սակայն եւ այնպէս Արամ Ա. Կաթողիկոս իր հանգստաւէտ պայմաններէն դուրս գալով գէթ մէ՛կ անգամ իսկ չայցելեց Հալէպ կամ այլուր՝ Սուրիոյ մէջ, որպէսզի գործնականապէս փաստէր թէ ինք իր ժողովուրդի կողքին է եւ կը տառապի անոնց ամէնօրեայ տագնապներով:
            Կրնա՞ք երեւակայել թէ ինչպիսի՛ գօտեպնդիչ ապրումներ պիտի ունենար սուրիահայութիւնը՝ երբ տեսնէր իր  հովուապետը՝ ֆիզիքապէս իր կողքին, եւ ինչպիսի՛ բարոյական ապտակ մը պիտի ըլլար իր այցելութիւնը՝ բոլոր մեր թշնամիններուն:  Խօսքերը կը ցնդին՝ օդին մէջ արձակուած փամփուշտի նման. գործնական փա՛ստն է մնայուն:
            Դժբախտաբար՝ արեւմտեան երկիրներու աշխարհիկ երեւնալու տենչը, նաեւ իրենց քաղաքական հաշիւները, հետաքրքրութեան պակաս մը ստեղծած են Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն նկատմամբ: Բայց պիտի դժուարանանք յայտարարելու այստեղ, թէ անոնք յատուկ քաղաքականութիւն մը կը վարեն Միջին Արեւելքը քրիստոնեաներէն դատարկելու միտող, ինչ որ գրեթէ անկարելի է:
            Մեծ Եղեռնի օրերուն, թուրքի եաթաղանէն մազապուրծ ազատած եւ իրենց կամքէն անկախ  Սուրիա հասած գաղթական հայերը, սուրիական քաղաքացիութիւն ստանալէ ու Հայրենիք վերադառնալու յոյսը կորսնցնելէ ետք, Սուրիոյ հիւրընկալ հողին ամուր կառչելով իրենց կեանքին անբաժանելի մէկ մասնիկը դարձուցին սուրիական իրականութիւնը, թէեւ շատեր, –որոնց մէջ նաեւ մեր ընտանիքը,– ժամանակի ընթացքին Լիբանան փոխադրուեցան: Եւ սակայն, հակառակ այս փաստացի իրողութեան, իրենց հեռաւոր հայրենիքին կարօտը  իրենց էութեան մէջ ամուր պահեցին:
            Այսօր նոր իրականութեան մը առջեւ կը գտնուինք: Ներգաղթելու հնարաւորութիւն ունեցողները արդէն հեռացած են Սուրիայէն: Հայաստան մեկնած հայեր  պիտի չկարենային սուրիական հայրենիքէն դուրս իրենք զիրենք զգալ ապահով ու հանգիստ: Ոմանց համար ալ, ինչպէս կը վկայեն շատ մը սուրիահայեր, Հայաստանը այն տեղը չէ ուր անոնք կրնան յարմարիլ եւ վերջնականապէս հաստատուիլ: Սուրիական հիւրընկալ հայրենիքին մէջ մնացողները  այսօր կը դառնան  արիւնալի պատերազմի մը  զոհերը, իսկ մենք՝ պաղարիւն դիտողներս՝  միայն…
Ո՞ւր կ’երթայ մեր ժողովուրդը…..:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
12 Յուլիս 2016
Լոս Անճէլըս

Yorumlar kapatıldı.