İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Տեսանք լսեցինք ՍԵՒ ԾԱՂԿԵՊՍԱ՞Կ – ԻՆՉՈ՞Ւ

Նախընթաց օր իրենք զիրենք «Մտքի բեմահարթակ» անուանող խմբակի անդամներ, եւ անոնց հրաւէրին ընթացք տուող քանի մը յայտնի ազգայիններ անսովոր ցոյց մը ըրին մեր Ազգային Պատրիարքարանին դիմաց ու Պատրիարքարանի դրան առջեւ թողուցին սեւ ծաղկեպսակ մը, որուն վրայ գրուած էր. «Մեր Պատրիարքը մե՛նք ընտրել կուզենք»։

Անմիջապէս ըսենք որ մենք թէ՛ շատ զարմացանք, թէ՛ շատ ցաւեցանք կատարուած այս ցոյցին համար, որ իր նիւթով ու իր ժամանակով բոլորովին սխալ ընտրութիւն մըն էր, եթէ անոր ետին ուրիշ նպատակներ չկային։
Յաջորդ օրուան մեր նկարագրականին մէջ արդէն գրած էինք որ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Արամ Սրբազանի դէմ քանի մը օրէ ի վեր Հայաստանի մէջ քննադատութեան շատ ծանր հոսանք մը ստեղծուած էր Նախագահ Էրտողանի ղրկուած նամակի ծանօթ խնդրի կապակցութեամբ։ Արամ Սրբազան, որպէսզի տեղի չտայ աւելի անհամ զարգացումներու, հրաժարած էր Հայաստան երթալէ, հակառակ որ հրաւիրուած էր մասնակցելու Հռոմի Քահանայապետին այցելութեան առթիւ կազմակերպուած հանդիսութիւններուն։ Այս ծանր մթնոլորտին մէջ ի՞նչ կը նշանակէր յանկարծ ցոյց մը կատարել Պատրիարքարանի դիմաց ու «Պատրիարքը մե՛նք ընտրել կուզենք» ըսելով սեւ ծաղկեպսակ մը դնել դրան առջեւ։
Գիտենք, առաջին անգամ չէ որ այս խմբակի անդամները հրապարակ կþիջնեն Պատրիարքի ընտրութիւն ուզելով։ Բայց իրենց պէտք է հարցնել. «Այս համայնքին մէջ ո՞վ չþուզեր որ Պատրիարք մը ընտրուի»։ Համայնքին մէջ քանի՞ հոգի կրնան գտնել որ պիտի չուզէր որ Պատրիարք մը ընտրուի ու այսօրուան կարգավիճակը շարունակուի նոյնութեամբ։ Չմոռնանք որ Արամ Սրբազանն իսկ վերջերս նոր դիմում կատարած էր որպէսզի Պատրիարքի ընտրութեան արտօնութիւն ստացուի։ Բայց դարձեալ պէտք է հարցնել. ո՞վ պատասխանատու է եթէ մենք մինչեւ այսօր Պատրիարք մը չկրցանք ընտրել։ Մեր դարաւոր Պատրիարքարա՞նն է յանցաւորը։ Պատրիարքարանի դրան առջեւ սեւ ծաղկեպսակ դնել, կը նշանակէ ծանր բողոք ներկայացնել, դիրք գրաւել Պատրիարքարանի դէմ ու պախարակել զայն, վարկաբեկել զայն։ Այսպէս՝ Երեքշաբթի օրուան ցուցարարները մէկ կողմէ Պատրիարք կþուզէին, մէկ կողմէ ալ արատաւորած կþըլլային Պատրիարքարանը։
Զարմանալին այն էր որ այս շարժումին մասնակցած էին համայնքային յայտնի քանի մը ազգայիններ եւս։ Չենք գիտեր թէ անոնք ի՞նչպիսի մտածումով մը յօժարած էին մասնակցիլ այս ցոյցին։ Բնաւ կասկած չունինք որ անոնց նպատակը բարի էր։ Բայց պիտի համարձակինք ըսել որ հիմնովին սխալ ընտրութիւն մըն էր։ Այս ցոյցին մասնակցողները իսկապէս չանդրադարձա՞ն թէ որքան ծանր ու սխալ արարք էր մեզի համար այնքան կարեւոր հաստատութեան մը դրան առջեւ սեւ ծաղկեպսակ դնելը։
Մեր կարծիքով, սխալ իմաստ մը կը թելադրէր նաեւ սեւ ծաղկեպսակին վրայ գրուածը։ «Փաթրիղիմիզի պիզ սէչմէք իսթիյօրուզ» (Մեր Պատրիարքը մենք ընտրել կուզենք)։ Հոս ի՞նչ կը նշանակէ «Մենք»ը։ Որո՞ւ կþակնարկուի երբ «Մենք» կþըսուի կամ որո՞ւ դէմ է որ կը գործածուի այս «Մենք»ը։ Եթէ երջանիկ օր մը Պատրիարք մը պիտի ընտրուի, այդ Պատրիարքը պիտի ընտրուի ո՛չ թէ «Մենք»ի կողմէ, այլ ամբողջ ժողովուրդին կողմէ։
Մաղթենք որ շուտով կը տեսնենք այդ երջանիկ օրը ու Պատրիարքարանի դրան յառաջամասը այս անգամ կը զարդարուի գունագեղ ծաղիկներով։

Ռ. Հ.
 http://www.normarmara.com/

սանք լսեցինք
ՍԵՒ ԾԱՂԿԵՊՍԱ՞ԿԻՆՉՈ՞Ւ

Yorumlar kapatıldı.