İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Քիմ Քարտաշեանը Դարձած է «Լոս Անճելըսի Մանկական Հիւանդանոցի Պատուաւոր Հայ Դեսպան»

Քիմ Քարտաշեանը վերջերս արժանացած է յատուկ շնորհակալութեան՝ Լոս Անճելըսի մանկական հիւանդանոցին օգնելու համար: Հիւանդանոցի նախագահ Փոլ Վիվիանոն՝ «Լոս Անճելըսի մանկական հիւանդանոցի պատուաւոր դեսպաններ»ուն հետ հանդիպման ժամանակ՝ Քիմ Քարտաշեանին նուիրած է  յուշատախտակ մը: Քիմը նաեւ ճանչցուած է «Լոս Անճելըսի մանկական հիւանդանոցի պատուաւոր հայ դեսպան»: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։

Յատուկ հիւրերէն եղած է նաեւ արքեպիսկոպոս Յովնան Տէրտէրեան: Քիմը նշած է, թէ ուրախ է, որ իր աշխատանքը գնահատուած է հայ համայնքին ու հիւանդանոցին կողմէ։ 35-ամեայ հայուհին արդէն 8 տարի է կ՛այցելէ հիւանդանոց եւ օգնութիւն կը ցուցաբերէ:
«Լոս Անճելըսի մանկական հիւանդանոցի հայ դեսպաններու խումբը» հայերու խումբ է, որոնք կ՛աջակցին հիւանդանոցին` ստեղծելով առողջ ապագայ երախաներուն համար:

Yorumlar kapatıldı.