İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Primate’s Message on the 101st Anniversary of the Armenian Genocide

Western Diocese  of the Armenian Church of North America. ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հայոց Ցեղասպանութեան 101-րդ տարեդարձն է եւ այս տարի ի տարբերութիւն անցեալ տարիներուն պիտի տօնախմբենք աւելի քան մեկուկէս միլիոն սուրբերու յիշատակը: Սուրբերու տօնախմբութիւնը նշանակալից  կը դառնայ, երբ մեր կեանքի ընթացքը կը պայմանաւորուի այն տեսիլքով ու հաւատքով, որոնց համար իրենց կեանքը պատարագեցին նահատակները:

Մեր ազգի կեանքի ճանապարհը, պատմութիւնը վկայ եղած է եւ պիտի շարունակէ ըլլալ պայքարի ճանապարհը, եթէ երբէք կ’ուզենք պահպանել մեր հայադրոշմ ինքնութիւնը, որովհետեւ հրաժարիլ այդ ինքնութենէն կը նշանակէ արհամարհել այն պատարագումը, որը դարձաւ գիտակից մահը մեր նահատակաց: Այսօր ալ պատմութիւնը կը կրկնուի հարիւրմէկ տարիներ յետոյ: 1915 թուականէն մինչեւ օրս հարիւրմէկ տարիներու ամբողջ ընթացքն ալ լեցուն է անընդհատ փորձութիւններով եւ սակայն ժամանակը, որուն մէջ կ’ապրինք մեզ կը վերյիշեցնէ պատմութեան այն դառն էջը, այն որ այսօր անգամ կը գտնուինք վտանգի առջեւ եւ ժամանակը կը պահանջէ ունենալ նոր սուրբեր, նոր հերոսներ, որպէսզի տէրը կանգնինք մեր նախնեաց կողմէ մեզի աւանդուած հոգեւոր ժառանգութեան: Հայրենի հողն է այդ, մեր քրիստոնէական հաւատքն ու վաղուան Հայրենիքի տեսիլքը:
Ի՞նչ է որ կը պահանջուի մեզմէ եթէ ոչ արթնութիւն եւ միասնակամութեան դրսեւորումը, որպէսզի փորձութիւնը հեռու պահենք մեզմէ: Մեզի այցի կու գայ Քրիստոս եւ կը պատգամէ. «Զի՞ ննջէք, արիք, կացէք յաղօթս՝ զի մի մտանիցէք ի փորձութիւն» (Ղուկաս գլխ. ԻԲ. 46): 
Հայոց Ցեղասպանութեան 101-րդ տարեդարձը կ’իմաստաւորուի, երբ մենք իւրաքանչիւրս կը դառնանք սուրբերու տեսիլքն ու հաւատքը կրող զաւակները մեր Սբ. Եկեղեցւոյ ու ազգին: Դեռ օրեր առաջ Հայրենիքն ու Արցախը ապրեցան ծանր օրեր, ունեցանք տասնեակներով զոհեր ու հարիւրաւոր վիրաւորներ, աւերակ դարձան տուներ եւ սակայն բացառութիւնները յարգելով հանդերձ մեր ազգի կեանքին մէջ տիրեց համատարած անտարբերութեան հիւանդութիւնը: Յստակ է, որ գործնապէս աղօթքի մէջ չենք եւ ոչ ալ կը զգանք ցաւն ու տառապանքը այն մայրերուն, որոնք իրենց սիրասուն զաւակներուն կարօտը կը քաշեն: Երիտասարդ ու քաջարի զինուորները իրենց ամբողջ ունեցածը տուին, որ կեանքն էր, եւ մեր ժողովուրդը կը կամենայ տէրը կանգնիլ իր հայրենական հողին ու այդ հողին վրայ ապրող հայորդեաց:

«Զի՞ ննջէք, արիք, կացէք յաղօթս՝ զի մի մտանիցէք ի փորձութիւն»:   
Փորձութեան մէջ ենք փաստօրէն: Կը թերանանք մնալ արթուն պահակները   հայրենեաց հողին ու մեր քրիստոնէական հաւատքին: 101-րդ տարեդարձը Հայոց Ցեղասպանութեան կարծէք սովորական թուական մըն է արդէն դարձած: Եթէ մեր սպասումն է որ Հայրենիքը դառնայ յաւերժական ներկայութիւն ժողովուրդներու մեծ ընտանիքի թատերաբեմին վրայ, ապա աղօթքը պիտի դարձնենք մնայուն ուղին մեր կեանքին: Մէկուկէս միլիոն նահատակ սուրբերու յիշատակը պիտի տօնախմբենք նորովի ուխտ մը կատարելով: Մեզմէ իւրաքանչիւրի կեանքը պիտի դարձնենք բառին լման առումով պատարագում ու պայքար: Մեր կոչումը պիտի ըլլայ մշտապէս կապուած մնալ մեր Մայր Երկրին ու Սբ. Էջմիածնին, եթէ երբէք կ’ուզենք անաղարտ պահել մեր ինքնութիւնը: Եւ եթէ մեր մէջ կը տկարանայ այս կոչումը, ապա փորձութեան մէջ ենք արդէն: Հայոց Ցեղասպանութեան 101-րդ տարեդարձը, մէկուկէս միլիոն նահատակ սուրբերու տօնախմբութիւնը մեզ կը հրաւիրէ աղօթքի, որպէսզի ապրինք նորոգեալ հաւատքով, ազգային գիտակցութեամբ, հայրենական տեսիլքով, համամարդկային արժէքներու ձեռքբերումով, ներքին միաբանութեամբ, ազգի կեանքի քաղաքական ու տնտեսական, յստակ ռազմավարութեամբ: Հայաստանը մեր ինքնութեան ակունքն է եւ Սփիւռքը՝ իր կեանքը կ’ապահովէ միայն Մայր Հայաստանով: Ուրեմն մեր մտասեւեռման կէտը պիտի դարձնենք Մայր Հայաստանը եւ պիտի ապրինք այնպիսի կեանքով մը, որ ամրացնէ մեր ինքնու-թիւնը եւ անով իսկ գալիք սերունդներու կեանքին նպատակ ու առաքելութիւն հաղորդող Հայաստանը:
Փառք կու տանք Ամենակալին Աստուծոյ որ բոլորիս շնորհած է կեանք: Տրուած  կեանքը աւելի գեղեցկացնելու հրաւէրին պատասխանենք աղօթքի կեանքով, որպէսզի փորձութեան մէջ չտանինք այդ:
«Կացէք յաղօթս՝ զի մի մտանիցէք ի փորձութիւն»:
Յովնան Արքեպիսկոպոս

24 Ապրիլ  2016

Yorumlar kapatıldı.