İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍԱՐԿԱՒԱԳԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԴՊՐՈՒԹԵԱՆ ԱՍՏԻՃԱՆՆԵՐՈՒ ՏԸՈՒՉՈՒԹԻՒՆ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՄԱՅՆՑ ՔԱՂԱՔԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 3 Ապրիլ 2016-ին, Կեդրոնական Գերմանիոյ Մայնց քաղաքի Ալթմիւնսթէր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ տեղւոյն հայ համայնքին հերթական Սբ. Պատարագը, որուն հանդիսապետեց Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդ Բարձշ. Տ. Գարեգին Արքեպ. Պեքճեան: Յընթացս Սբ. Պատարագի Թեմիս բարեխնամ առաջնորդին ձեռամբ սարկաւագական ձեռնադրութեան արժանացաւ նոյն համայնքի երկար տարիներու կիսասարկաւագ` Յարութիւն (Արթօ) Քարակիւլեան: Իսկ դպրութեան աստիճաններու արժանացան` Քրիստափոր Շահինեան, Կարօ Բամուկ, Զաւէն Ասա, Արշամ Սէֆէրեան, Արազ Մաթոսօղլու: Դպիր Կարօ Բամուկ ստացաւ նաեւ Ուրար կրելու իրաւունք:

 
       Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Թեմիս Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Սերովբէ Վրդ. Իսախանեան: Սուրբ Սեղանին սպասարկեցին Կեդրոնական Գերմանիոյ Հայ համայնքներու Սարկաւագներ եւ Կիսասարկաւագներ: Սբ. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարուեցաւ համայնքի  երգչախումբի կողմէ` ղեկավարութեամբ նոր խմբավար Սոնա Տալեանի:
       Ձեռնադրութեան աւարտին, խօսք առնելով Սրբազան Հայրը, ընդհանուր կէտերու մէջ անդրադարձաւ Սարկաւագի անձին, նկարագրին եւ Հայ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ իր ունեցած դերակատարութեան մասին։ Ապա իր խօսքը ուղղելով ձեռնադրեալներուն, ըսաւ. «Այսօր, որպէս նորոգ ձեռնադրեալ Սարկաւագ եւ դպիրներ, ձեր կեանքի ընթացքին պէտք է ունենաք հիմնական երեք սկզբունքներ. ա) Աստուծոյ, Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին հանդէպ կատարած ձեր ծառայութիւնը պէտք է ըլլայ անսխալ, անթերի եւ կատարեալ, բ) Ձեր ծառայութիւնը պէտք է ըլլայ անբողջական ու անսակարկ եւ գ) Ձեր ծառայութիւնը պէտք է ըլլայ հաւատարիմ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ  ծառայական սկզբունքներուն, այսինքն, պէտք է ծառայէ՛ք այնպէս ինչպէս Սուրբ Էջմածնի մեր Մայր Աթոռը կը հաւատայ եւ կը պահանջէ ձեզմէ իւրաքանչիւրէն։

       Նորոգ ձեռնադրեալները եւ անոնց ծնողքները շնորհաւորելէ վերջ, իր խօսքի աւարտին, Սրբազան Հայրը յիշեց Արցախի եւ Ատրբէյճանի սահմանի վրայ վերջին  հակամարտութեան ընթացքին նորոգ նահատակուած զինուորները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը հրաւիրեց աղօթել խաղաղութեան եւ նահատակուածներու հոգիներու խաղաղութեան համար։

Տօքթ.Սարգիս Ատամ
Գերմանիա

3 Ապրիլ  2016, Մայնց

Yorumlar kapatıldı.