İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Աւագ Ուրբաթ

Յիսուսի Չարչարանքներու ,Խաչելութեան ,Մահուան  ու Թաղման  Յիշատակութեան Օր: Աւագ ուրբաթը Յիսուս Քրիստոսի չարչարանքներու, խաչելութեան, մահուան ու թաղման յիշատակութեան օրն է: Այդ օրը եկեղեցիներու մէջ տեղի է կ’ունենայ Թաղման կարգ:

Աւագ ուրբաթ ի յիշատակ Յիսուս Քրիստոսի թաղման ծաղիկներով եւ մշտադալար ծառերու ճիւղերով  կը պատրաստուի խորհրդանշանական գերեզման,որը կը դրուի եկեղեցւոյ Սուրբ խորանի առջեւ,իսկ խորհրդանշանական գերեզմանին-դագաղ- երկու կողմերուն ալ կը դրուի երկու վառող մոմեր, ի յիշատակ աւետարար հրեշտակներու:

Արարողութեան ընթացքին, ծաղիկներով եւ ծառի ճիւղերով պատրաստուած խորհրդանշանական գերեզմանը-դագաղ-  կը պտտցուի  եկեղեցւոյ շուրջ:

Պատրաստեց: Տօքթ.Սարգիս Ատամ

Yorumlar kapatıldı.