İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան Միջ Մասնաճիւղային Բանակումը Մելպուրնի մէջ

Երերքշաբթի 18 Յունուար 2015-ին ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան Սիտնիի <<Գալէ>> եւ <<Խանասոր>> մասնաճիւղերու պատանիները ու <<Նիկոլ Դուման>> Մասնաճիւղի Երիտասարդները, կազմած էին 80 հոգինոց խումբ մը որ պիտի մէկնէր Մելպուրն:Նպատակը խորհրդանշանական էր,անոնք պիտի միանային Մելպուրնի <<Գարեգին Նժդեհ>> պատանիներուն հետ եւ  բացումը կատարէին ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան միջ-մասնաճիւղային <<Արցախ>> բանակումին:

Բոլոր պատանիներն ու երիտասարդները ճշդուած ժամին արդէն հաւաքուած էին Սիտնիի Սենդրալ շոգէկառքի կայանէն ներս:

Պատանիներու եւ երիտասարդներու միջեւ ընկերային ջերմ մթնոլորտը թեթեւցուց շոգեկառքի մօտաւորապէս 12 ժամուայ յոգնեցուցիչ ճամբորդութիւնը:Մինչ խումբ մը պատանիներ իրենց չարութիւններու ծրագիրները կը մշակէին, անդին երիտասարդներու ուրիշ խումբ մը իրենց ակնկալիքները կը բաժնեկցէին սկիզբ առած բանակումէն:

 

Յաջորդ օրուայ արշալոյսին 19 Յունուար 2015, շոգեկառքը վերջապէս հասաւ Մելպուրն եւ բոլորը փոխադրակառքերու միջոցաւ ուղղուեցան շրջանի <<Հայ Կեդրոն>>ը, ուր իրենց կը սպասէին Մելպուրնի <<Գարեգին Նժդեհ>> պատանեկան մասնաճիւղի ընկերները: Նախաճաշելէ ետք բոլոր բանակող ընկերներն ու ընկերուհիները մեկնեցան բանակավայր:

Խումբը ամբողջացած էր, աւելի քան հարիւր Ա.Ե.Մ. անդամներ Դաշնակցութեան դրօշին տակ <<Մշակ Բանուոր>> քայլերգով բացումը կատարեցին այս յատկանշական բանակումին:

Յատուկ յանձնախումբ մը յառաջացուած էր Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ, որպէսզի ծրագրէր եւ առաջնորդէր ամէնօրեայ օրակարգի կէտերը:Անոնք ամիսներու հանդիպումներէ ետք, եկած էին կանխատեսածնին իրականութեան վերածելու:

Պատրաստուած դաստիարակչական եւ ընկերային ծրագիրները ներկայացուցեցան բանակողներուն տարիքի հիման վրայ: Սուրիահայութեան մասին ներկայացուած դասախօսութիւնը իր իւրայատուկ ազդեցութիւնը ունեցաւ բանակողներուն վրայ, մանաւանդ երբ տեսան եւ լսեցին իրենց տարեկից երիտասարդներուն ապրած դժուար պայմաններուն մասին:

Պատանիներուն համար յատուկ դասախօսութեամբ մը ներկայացուեցաւ մասնաճիւղերու անուններուն կենսագրութիւնները, որմէ հասկցան հաւաքականօրէն հերոսի մը անունը կրելու արժէքը:Դէմքերու կողքին, պատանիները ծանօթացան ամբողջական Հայաստանին մաս կազմող <<Ջաւախք>>ի ու <<Նախիջեւան>>ի աշխարհագրութեան եւ ներկայ վիճակին մասին:

Միւս կողմէ,երիտասարդներուն համար հետաքրքրական էր <<Նեմեսիս գործողութեան>> մանրամասնութիւններուն մասին լսելը:Իսկ աւելին, <<1975-1985 Զինեալ Պայքարի>> դասախօսութենէն ետք, անոնք ունեցան անկեղծ զրոյց մը յիշուած ժամանակաշրջանի կարեւորութեան մասին:

Հակառակ մշուշոտ կլիմային, բանակողները խանդավառութեամբ եւ աշխուժութեամբ մասնակցեցան իրենց համար պատրաստուած ընկերային խաղերուն:Նետի նշանառութեան խաղը սուր մրցակցութեան մթնոլորտ մը ստեղծած էր խումբերուն միջեւ, իսկ <>-ը առիթը ստեղծած էր ամէն մէկ անհատի, մի քանի վայրկեան օդին մէջ թռչելու իր խումբի անդամներուն օգնութեամբ:

 

Երգի ուսուցումը անպակաս էր օրակարգի կէտերէն,<<Մենք Անկեղծ Զինուոր Ենք>> երգին բառերը մասնակցողները կրցան կարճ ժամանակի մէջ իւրացնել արդիական ձեւով հրամցնելու շնորհիւ:Վերջին օրը ամբողջ բանակողները միասնաբար երգեցին իրենց սորված երգը որուն տեսաերիզը տեղադրուեցաւ համացանցին վրայ:

Կ’արժէ նշել թէ 4 մասնաճիւղերու անդամները հաւասարապէս բաժնուած էին 5 խումբերու, որ առիթը ստեղծեց ոչ թէ միայն իրար հետ ծանօթանալու եւ մտերմանալու, այլ նաեւ պատանի-երիտասարդ փոխ-յարաբերութեան պտուղները քաղելու:Երիտասարդները պատանիներուն օգնելով եւ դասաւորելով առաջնորդ դառնալու փորձարութիւնը ունեցան,իսկ պատանիները երիտասարդներուն կեցուածքը տեսնելով օրինակ առին իրենցմէ:

Պահակութիւնը կենսական է բանակավայրի ապահովութիւնը հաստատելու համար: Հետեւաբար բոլորը ,իրենց ճշտուած ժամերուն համաձայն, պաշտպանեցին իրենց դիրքերը ի մասնաւորի բանակումի դրօշակները, ձախողութեան մատնելով երկու յարձակումի փորձեր:

 

Վերջին գիշերուան յայտագիր բաւականին երկար էր, խարոյկի շուրջ բանակողները ներկայացուցին իրենց պատրաստած զաւեշտները:Քաջալերական էր որ բոլորը անխտիր ճիգ թափած էին զանոնք Հայերէն լեզուով ներկայացնելու համար:

Բանակումի աւարտին Մելպուրնի մէջ տեղի ունեցաւ պարահանդէս 23 Յունուար 2015, որուն ներկայ էին բանակումի մասնակիցները,Մելպուրնի Հայութիւնը եւ Սիտնիէն ժամանած հայրենակիցներ  որոնք ճոխ մթնոլորտով տօնեցին այս ծրագրին յաղթանակը:

Հսկայ այս աշխատանքէն ետք, բոլոր պատանիներն ու երիտասարդները իրենց հետ տուն տարին անմոռանալի յիշատակներ, որ մինչեւ այսօր իրենց կը մղէ անհամբեր սպասելու  յաջորդ բանակումին:

Դիտելու համար բանակումի ամբողջական նկարները:

Yorumlar kapatıldı.