İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Սերժ Սարգսեանի Նախագահութեան 8 Տարիներուն Հայաստանէն Անվերադարձ Հեռացած Է 298 Հազար Հոգի

ԵՐԵՒԱՆ.– Լրագրող Թաթուլ Յակոբեանի համադրած մէկ տեղեկագրութեան համաձայն, 1991ի անկախութենէն ի վեր Հայաստանի բնակչութիւնը կը նուազի՝ արտագաղթին պատճառով: Ի բացառեալ 2004-2006 թուականներուն, միւս բոլոր տարիներուն Հայաստանէն հեռացածներուն եւ Հայաստան վերադարձածներուն միջեւ տարբերութիւնը եղած է բացասական:

2008-2015 թուականներուն, այսինքն՝ Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան 8 տարիներուն, սահմանահատումներու բացասական հաշուեկշիռը կազմած է 297,700, ինչ որ կը նշանակէ, թէ այդքան մարդ անվերադարձ հեռացած է Հայաստանէն։

Նկատի առնելով բնական յաւելաճը, որ 2008-2015 թուականներուն կազմած է 122,400, կարելի է ըսել, որ Սարգսեանի նախագահութեան տարիներուն Հայաստանի բնակչութիւնը նուազած է 175,300 հոգիով:

1 Յունուար 2016ի դրութեամբ Հայաստանի մնայուն բնակչութեան թիւը, ընթացիկ հաշիւներով (2011ի մարդահամարի հիմամբ), կազմած է 2 միլիոն 998 հազար 600 հոգի՝ ըստ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն:

Իսկութեան մէջ Հայաստանի առկայ բնակչութիւնը 2.8 միլիոն է՝ ըստ պաշտօնական տուեալներու:

Խորհրդային Միութեան տարիներուն կայացած մարդահամարի տուեալներով՝ Հայաստանի մէջ  բնակչութեան թիւը հետեւեալ պատկերը կը ներկայացնէ.

1926ին՝ 881,300, 1939ին՝ 1,282,300, 1959ին՝ 1,763,000, 1970ին՝ 2,491,900, 1979ին՝ 3,037,300, իսկ 1989ին՝ 3,304,800։

Yorumlar kapatıldı.