İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Արցախի Անկախութեան Ճանաչումը Ապահովելու Իրաւական Առաքելութիւն

Հայ իրաւաբանական միութիւնը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ նախաձեռնած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան (Արցախի Հանրապետութեան) անկախութեան ճանաչումը ապահովելու առաքելութեան մը՝ նպատակ ունենալով միջազգային օրէնքներու հիման վրայ երաշխաւորել Արցախի ժողովուրդին ինքնակառավարման իրաւունքը։

Այս նպատակով, Հայ իրաւաբանական միութեան 17 հոգինոց վարչութիւնը, միութեան 26ամեայ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով փոփոխութեան ենթարկած է իր ծրագիրը, որուն մէջ այսուհետեւ նաեւ պիտի նշուի.

«Հայ իրաւաբանական միութեան կազմակերպական հիմնական նպատակն է յանձնառու ըլլալ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման եւ այդ նպատակով համապատասխան քայլերու դիմել՝ միջազգային օրէնքին համապատասխան, պաշտպանելու համար Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը, որ երաշխաւորուած է միջազգային օրէնքով»։

Այս նպատակով բանաձեւեր առաջադրուած են միութեան նախորդ ատենապետ Արմէն Յովհաննէսեանի, փոխատենապետ Սարօ Քերքոնեանի, միութեան Հայկական իրաւանց դէտ յանձնախումբի համաատենապետներ Կարօ Ղազարեանի եւ Գառնիկ Քերքոնեանի, ինչպէս նաեւ միութեան նախկին ատենապետ Էտվին Մինասեանի կողմէ։

Այս առիթով, միութեան ներկայ ատենապետ Հերի Տիգրանեան յայտարարած է, թէ այս օրերուն, երբ հայ զինուորները իրենց կեանքի գնով կը պաշտպանեն միջազգային օրէնքով երաշխաւորուած իրաւունքները, միութիւնը որոշած է Արցախի իր հայրենակիցներուն կողքին կանգնիլ եւ իր իրաւական մասնագիտութիւնը ի սպաս դնել անոնց արդար պայքարին։ Տիգրանեան կոչ ըրած է բոլոր հայկական կազմակերպութեանց, որ նոյնպէս նման քայլերու դիմեն։

Yorumlar kapatıldı.