İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Գառնիկ Սարգիսեանի Զոյգ Համերգներով Հալէպահայութիւնը Տօնական Ոգեւորութիւն Ապրեցաւ

ՀԱԼԷՊ, «Ազդակ».- Հալէպահայութիւնը չորս տարիէ ի վեր տօնական պահերու ծարաւը ունէր: Համայնքի ազգային կեանքը թէեւ աշխոյժ էր, սակայն ՍԵՄի (Սուրիոյ Երիտասարդական Միութիւն) Կեդր. վարչութեան կազմակերպութեամբ ազգային-յեղափոխական երգերու անզուգական մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեանի զոյգ համերգները մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին:

ՀՅ Դաշնակցութեան 125ամեակին առիթով, հալէպահայութիւնը հոծ բազմութեամբ ներկայացաւ այս զոյգ համերգներուն, երգեց Գառնիկին հետ, անմահացուց մեր հերոսներն ու ազգային հպարտութիւն առթող անոնց սխրանքները ու իր ծափողջոյններով, երգերով ու ոգեւորիչ կանչերով թնդացուց «Գէորգ Եսայեան» սրահը:
Գառնիկ Սարգիսեանի զոյգ համերգները տեղի ունեցան Հինգշաբթի 9 եւ Շաբաթ 11 Դեկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 5ին: Իւրաքանչիւր համերգի ընթացքին «Եսայեան» սրահը կը յորդէր աւելի քան ութ հարիւր հանդիսատեսներով:
Զոյգ համերգներուն, Գառնիկ Սարգիսեան աւելի քան երկուքուկէս ժամ անընդհատ երգեց, ու իր եզակի կատարումներուն միացան հանդիսատեսները՝ ուրուագծելու հայ յեղափոխութեան ուղին, 125ամեայ ժողովրդանուէր կուսակցութեան մէկ դար ու քառորդ աննահանջ պայքարը, մեծարելու սուրիահայ մեր քաջերն ու ներշնչուելու մեր պատմութեան լուսաւոր էջերով:
Բացման խօսքով Հուրի Սրուրեան յայտնեց, որ 36 տարի առաջ Հալէպի մէջ հիմնուեցաւ ՀՅԴ Սուրիոյ Երիտասարդական Միութիւնը: ՍԵՄը տարիներու իր գործունէութեամբ վկայեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր անձնուէր երիտասարդութեամբ սուրիահայութեան կողքին է ու պիտի շարունակէ քալել ժողովուրդին հետ՝ անոր տէր կանգնելով, յոյս ներշնչելով եւ օժանդակելով:
Անդրադառնալով ազգային-յեղափոխական երգերու դաստիարակչական դերին՝ Սրուրեան շեշտեց, որ ազգային երգերը ոչ միայն կ՛ոգեւորեն, այլեւ կը համախմբեն մեզ մեր նպատակներուն շուրջ:
Հալէպահայ երիտասարդներն ու պատանիները եռագոյն դրօշները պարզած եւ ուս-ուսի տուած՝ խանդավառ երգեցողութեամբ յիշեցին արծիւներու բոյն Գետաշէնը, երկար ժամանակ ծառայելու անկեղծ զինուորին ուխտը, արցախեան հերոսներն ու սուրիահայ քաջերը:
Համերգին մէկ երգով մասնակցեցաւ նաեւ երիտասարդ մեկնաբան, հալէպահայ Սուրէն Աճէմեան: Համերգները սփռուեցան «Ռատիօ Երազ»ի ուղիղ եթերով, իսկ «Երկիր Մեդիա»ի Հալէպի գրասենեակը յատուկ հաղորդումով անդրադարձաւ անոնց:
Աւարտին կազմակերպիչ մարմինը խորհրդանշական յուշանուէրով պարգեւատրեց Գառնիկ Սարգիսեանը, որ անտեսելով առկայ վտանգները՝ միացած էր հալէպահայութեան, ոգեւորած եւ զոյգ համերգները նուիրած Հալէպի աննկուն ժողովուրդին:
Հայ յեղափոխական երգերու մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեան իր կեցութեան ընթացքին այցելեց նաեւ ազգային կեդրոններ եւ վարժարաններ:

Yorumlar kapatıldı.