İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Արցախի Մէջ Խաղաղութիւն Պահպանելու Նպատակով Հանդիպումներ Քոնկրեսին Մէջ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու տարածքէն Հայ Դատի գործիչներ Դեկտեմբեր 8-9ին հանդիպումներու շարք մը ունեցած են Ներկայացուցիչներու տան ու Ծերակոյտի անդամներու եւ անոնց խորհրդականներուն հետ, լուսարձակի տակ առնելու համար Արցախի մէջ խաղաղութիւնը պահպանելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ ձեւաւորուող ժողովրդավարական կարգերուն նեցուկ կանգնելու անհրաժեշտութիւնը։  Քոնկրեսական Աննա Էշու կը խորհրդակցի Հայ Դատի ներկայացուցիչներուն հետ.

Այս նպատակով մայրաքաղաք Ուաշինկթըն ժամանած էին Քալիֆորնիայէն, Մէյնէն, Մեսեչուսեցէն, Նիւ Ճըրզիէն, Նիւ Եորքէն, Նորթ Քարոլայնայէն, Ռոտ Այլընտէն ու Թենըսիէն համայնքային ղեկավարներ, որոնք իրենց ձայնը միացուցին Վըրճինիայէն, Մերիլընտէն եւ մայրաքաղաք Ուաշինկթընէն գործիչներու՝ դատապարտելու համար Ատրպէյճանի կողմէ վերջերս սաստկացած յարձակումները, որոնց նորագոյն զոհը 24ամեայ զինուոր Գարիկ Գուրգէնի Աւանէսեանն էր։
«Խումբ մը ամերիկահայեր, որոնց մէջ կան նաեւ Պաքուի ջարդերէն վերապրածներ, հոս եկած են շեշտելու Հայաստանի եւ Արցախի վրայ Ալիեւի յարձակումները անմիջապէս կասեցնելու կարեւորութիւնը՝ իրենց ձայնը միացնելով զինադադարը ամրապնդելու նպատակով քոնկրեսականներ Էտ Ռոյսի եւ Էլիըթ Էնկըլի առաջարկներուն, որոնց կը զօրակցին աւելի քան 80 քոնկրեսականներ։ Առաջարկները պարզ են՝ արձակազէններու հեռացումը շփման գիծէն, յարձակումներու պատասխանատուն բացայայտելու նպաստող սարքերու տեղադրումը եւ ԵԱՀԿի յաւելեալ դէտերու հաստատումը», յայտարարեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան։
Ռոյս եւ Էնկըլ նաեւ դիմած էին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիքին՝ պահանջելով անոնցմէ, որ սահմանին վրայ տեղի ունեցած բռնարարքներուն հակադարձելու ընթացքին «արհեստական հաւասարութիւն» չդնեն հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերու վերաբերմունքին միջեւ:
Քոնկրեսականներուն հետ հանդիպումներու ընթացքին նաեւ նշուեցաւ, որ այս ամիս կը բոլորուի տասնամեակը Ջուլֆայի մէջ պատմական մեծ նշանակութիւն ունեցող հազարաւոր խաչքարերու քանդումին, որ իրագործուեցաւ ատրպէյճանցի զինուորներու ձեռամբ։ Այս մասին պատրաստուած տեսանիւթը կարելի է դիտել www.djulfa.com/film կայքին միջոցով։
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներ գտնուող Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան եւս միացած է այս հանդիպումներուն եւ մասնակցած հանդիպումներուն սկիզբը տեղի ունեցած ընդունելութեան, որուն ընթացքին ան հանդէս եկած էր ողջոյնի խօսքով եւ պատասխանած ներկաներու բազմաթիւ հարցումներուն: Հոն ներկայ էր նաեւ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ եւ քոնկրեսական ընտրութեանց թեկնածու Խաչօ Աշաճեան, որ շեշտեց ամերիկահայերը քաղաքական կեանքին մէջ աւելի աշխոյժ դերակատարներ դարձնելուն կարեւորութիւնը։
Արցախի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան նաեւ գլխաւոր բանախօսն էր հանդիպումներու աւարտին՝ Դեկտեմբեր 9ի երեկոյեան, Քոնկրեսին մէջ կայացած հաւաքին, որուն կազմակերպամն համար համագործակցած էին Քոնկրեսի Հայկական համախմբումը, Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպանատունն ու Արցախի ներկայացուցչութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ ամերիկահայ կազմակերպութիւններ, ներառեալ՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբն ու Ամերիկայի հայկական համագումարը։ Այդ ձեռնարկին մանրամասնութիւնները կը հաղորդենք յաջորդիւ։
Այս նախաձեռնութեանց գլխաւոր նպատակն էր ճնշում բանեցնել ամերիկացի քոնկրեսականներուն վրայ, որպէսզի գործնականօրէն դէմ դնեն Ատրպէյճանի հետզհետէ սաստկացող սպառնալիքներուն եւ բռնարարքներուն, ինչպէս նաեւ՝ քաջալերեն Արցախի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերը:

Yorumlar kapatıldı.