İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հայ Դատի «Ազատութիւն» Մրցանակը՝ Քոլորատոյի Նահանգապետին

ՏԵՆՎԸՐ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 7ին, Հայ Դատի «Ազատութիւն» մրցանակը յանձնուեցաւ Քոլորատոյի նահանգապետ Ճան Հիքընլուփըրին՝ դրուատելով մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարին մէջ անոր ներդրումները։

«Ազատութիւն» մրցանակը կը նկատուի Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ամենահեղինակաւոր մրցանակը։ Քոլորատոյի նահանգապետը շնորհակալութիւն յայտնած է՝ մրցանակը մեծ պատիւ մը նկատելով։
Մրցանակը նահանգապետ Հիքընլուփըրին յանձնած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլէն Ասատրեան, որ հայութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնած է նահանգապետին։
Հիքընլուփըրի գրասենեակին մէջ կայացած հանդիպումին ներկայ եղած են Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբէն Սիմոն Մաղաքեան եւ Տաթեւ Օհանեան, Քոլորատոյի Հայ Դատի յանձնախումբի համաատենապետ Ժիրայր Քրիսթիանեան, Քոլորատոյի Հայ Դատի յանձնախումբի խորհրդատու եւ նահանգային Ծերակոյտի նախկին անդամ Լօիս Թորչթրոփ, «Քոլորատոյի հայեր» կազմակերպութեան ատենապետ Սոնա Հատէշեան եւ նոյն կազմակերպութեան Հարիւրամեակի յանձնախումբի ատենապետ Անահիտ Քաջեան-Լոկ, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի աւագ հիւպատոս Սերգէյ Սարգիսով եւ հիւպատոսի տեղակալ Արտակ Գալստեան։
«Երախտապարտ ենք հայութեան շահերը պաշտպանելու նպատակով նահանգապետ Հիքընլուփըրի ստանձնած ղեկավարի դիրքին համար», յայտարարած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան՝ շեշտելով նահանգապետին կարեւոր ներդրումը՝ Տենվըրի մէջ գտնուող Քոլորատոյի խորհրդարանի շէնքին առջեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած յուշարձան մը զետեղելու աշխատանքին մէջ։ Նշենք, որ այս յուշարձանը æուլֆայի մէջ քանդուած խաչքարերէն մէկուն օրինակով պատրաստուած էր։
Նաեւ, Դեկտեմբեր 6, 2015ին հրապարակուած պաշտօնական հռչակագիրով մը, Քոլորատոյի նահանգապետ Ճան Հիքընլուփըր այդ օրը հռչակած էր Ջուլֆայի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ աւելի քան 2000 խաչքարերու ցեղասպանական քանդումի տասնամեակի յիշատակման օր։
Վերոյիշեալ հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննած են նաեւ պետական վարժարաններու մէջ Ցեղասպանութեան դասաւանդման զարկ տալու եւ Հայաստանի հետ այդ նահանգին առեւտուրը զարգացնելու կարելիութիւնները։
Հանդիպումէն մէկ օր առաջ տեղի ունեցաւ Քոլորատոյի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն վերջինը, որ բոլոր ցեղասպանութիւններուն վրայ լուսարձակ բանալու նպատակով մոմավառութիւն մըն էր՝ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան-խաչքարին շուրջ, մասնակցութեամբ համայնքային կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներու եւ պաշտօնատարներու։ «Քոլորատոյի հայեր» կազմակերպութեան նախաձեռնած այս ձեռնակը իրականացաւ համագործակցութեամբ Քոլորատոյի Հայ Դատի յանձնախումբին, Ցեղասպանութեանց ճանաչման Քոլորատոյի համախմբումին, Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսարանին եւ Ջուլֆայի համացանցային թանգարանին։

Մոմավառութեան ընթացքին նշուեցաւ նաեւ ատրպէյճանցիներու կողմէ Ջուլֆայի հազարաւոր խաչքարերու քանդումին տասնամեակը։

Yorumlar kapatıldı.