İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Մաղաքիա Արք. Օրմանեան (1841-1918). Հայու Հաւատքին ու Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Արթուն Պահակն Ու Յուշարարը

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան կը գրէ.
19 ­Նո­յեմ­բեր 1918-ին, 97 տա­րի ա­ռաջ, ­Պոլ­սոյ մէջ վախ­ճա­նե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր հարս­տու­թեան ան­խոնջ ու բազ­մահ­մուտ պա­հա­պան­նե­րէն եւ վաս­տա­կա­շատ ե­րախ­տա­ւոր­նե­րէն ­Մա­ղա­քիա Արք. Օր­մա­նեան։ Ու­շագ­րաւ զու­գա­դի­պու­թեամբ մը, Օր­մա­նեան վախ­ճա­նե­ցաւ ճիշդ նոն այն օ­րը՝ ­Նո­յեմ­բեր 19ին, երբ 1896-ին ընտ­րո­ւած էր ­Պոլ­սոյ ­Հա­յոց ­Պատ­րիարք, 12 տա­րի ղե­կա­վա­րե­լու հա­մար հա­մազ­գա­յին կա­րե­ւո­րու­թեամբ այդ նո­ւի­րա­պե­տա­կան ա­թո­ռը, հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար ծայր աս­տի­ճան կա­րե­ւոր ու փո­թոր­կա­լի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը մէջ։

Պոլ­սոյ ­Հա­յոց ­Պատ­րիարք իր ընտ­րու­թե­նէն ա­ռաջ ար­դէն մեծ հե­ղի­նա­կու­թիւն էր Օր­մա­նեան՝ իբ­րեւ գի­տուն աս­տո­ւա­ծա­բան եւ ներ­հուն հա­յա­գէտ, որ իբ­րեւ այդ­պի­սին պատ­նէ­շի վրայ մնաց ու ան­խոնջ աշ­խա­տան­քով հարս­տա­ցուց հայ հո­գեմը­տա­ւոր ժա­ռան­գու­թիւ­նը՝ նաեւ պատ­րիար­քու­թեան շրջա­նին եւ այ­նու­հե­տեւ ալ, մին­չեւ իր վեր­ջին շուն­չը։
Ծ­նած էր ­Պոլ­սոյ հա­յաբ­նակ ա­րո­ւար­ձան­նե­րէն ­Բե­րա­յի մէջ, 23 ­Փետ­րո­ւար 1841-ին, հայ կա­թո­ղի­կէ ըն­տա­նի­քի մը յար­կին տակ եւ կնքո­ւած էր ­Պօ­ղոս ա­նու­նով։
Նախ­նա­կան կրթու­թիւ­նը ստա­ցաւ կա­թո­ղի­կէ ­Հայր Ա­թա­նա­սի դպրո­ցին մէջ եւ 10 տա­րե­կա­նին ծնող­քը զինք ու­ղար­կեց Հ­ռոմ՝ Ան­տո­նեանց միա­բա­նու­թեան Ս. ­Լու­սա­ւո­րիչ վան­քը։ 1856-ին իբ­րեւ կրօ­նա­ւո­րի օրհ­նո­ւե­ցաւ վա­նա­հայր ­Հայր Կ­ղե­մէս ­Մի­քա­յէ­լեա­նի ձե­ռամբ՝ ­Մա­ղա­քիա ա­նո­ւա­նա­կո­չո­ւե­լով։
Հ­ռո­մի ­Վե­նե­տի­կեան Դպ­րո­ցին մէջ լա­տի­նե­րէ­նը զօ­րաց­նե­լէ եւ ­Ճար­տա­սա­նու­թիւն ու­սա­նե­լէ ետք, ըն­դու­նո­ւե­ցաւ աս­տո­ւա­ծա­բա­նա­կան Ս. Ա­պո­ղի­նա­րի ­Վար­ժա­րա­նը, ո­րուն չորս աս­տի­ճան­նե­րը յա­ջո­ղու­թեամբ ա­ւար­տեց եւ 1863-ին ­Քա­հա­նայ ձեռ­նադ­րուե­ցաւ Ե­րո­ւանդ Արք. ­Հիւր­մէ­զեա­նի ձե­ռամբ։ 1865-ին պաշտ­պա­նեց աս­տո­ւա­ծա­բա­նա­կան իր ա­ւար­տա­ճա­ռը, ար­ժա­նա­ցաւ Ե­պիս­կո­պո­սի աս­տի­ճա­նին եւ հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցիչ նշա­նա­կո­ւե­ցաւ ­Վա­տի­կա­նի Փ­րո­փա­կան­տա­յի Դպ­րա­նո­ցին մէջ։
1866-ին վե­րա­դար­ձաւ ­Պո­լիս, ուր տա­րի մը Ան­տո­նեան ­Միա­բա­նու­թեան Աբ­բա­հայր ­Սու­քիաս Եպս. ­Գա­զան­ճեա­նի քար­տու­ղա­րու­թիւ­նը ստանձ­նե­լէ ետք՝ նշա­նա­կո­ւե­ցաւ տե­սուչ եւ ու­սու­ցիչ Թագ­սի­մի Ան­տո­նեան վար­ժա­րա­նին։ ­Շա­րու­նա­կեց աս­տուա­բա­նա­կան, ի­մաս­տա­սի­րա­կան եւ ե­կե­ղե­ցա­կան ի­րա­ւա­գի­տու­թեան մէջ իր ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը եւ 1867-ին Հ­ռոմ մեկ­նե­ցաւ՝ մա­գիստ­րո­սի իր ա­ւար­տա­ճա­ռը պաշտ­պա­նե­լու հա­մար։ ­Փայ­լուն յա­ջո­ղու­թիւն ար­ձա­նագ­րեց եւ ար­ժա­նա­ցաւ Հ­ռո­մի Աս­տո­ւա­ծա­բա­նա­կան ­Կա­ճա­ռի ան­դա­մակ­ցու­թեան։
1869-ին, ­Գա­զան­ճեան Ե­պիս­կո­պո­սին հետ ­Պոլ­սոյ Ան­տո­նեան ­Միա­բա­նու­թիւ­նը ներ­կա­յա­ցուց Հ­ռո­մի մէջ գու­մա­րո­ւած ­Վա­տի­կա­նեան ժո­ղո­վին, որ դար­ձա­կէտ կազ­մեց Օր­մա­նեա­նի կեան­քին մէջ։ Ազ­գա­յին իր ներշն­չում­նե­րով եւ ­Հա­յոց ­Հա­ւատ­քի դա­ւա­նա­բա­նա­կան ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թեանց կառ­չե­լու իր մօ­տե­ցում­նե­րուն պատ­ճա­ռով՝ բուռն քննա­դա­տու­թեանց եւ դա­տա­պար­տան­քի ար­ժա­նա­ցաւ։ ­Գա­զան­ճեան Աբ­բա­հօր հետ բա­ռա­ցիօ­րէն խոյս տո­ւին Հ­ռո­մէն՝ պա­պա­կան շրջա­նակ­նե­րու հա­լա­ծան­քէն ա­զա­տե­լու հա­մար եւ վե­րա­դար­ձան ­Պո­լիս։
Այդ օ­րէն սկսաւ Օր­մա­նեա­նի եւ իր գա­ղա­փա­րա­կից­նե­րու աս­տի­ճա­նա­կան հե­ռա­ցու­մը ­Կա­թո­լիկ ե­կե­ղե­ցիէն, որ մեր­ձեց­ման ու հաշ­տեց­ման տաս­նա­մեայ ու­ղի մը կտրե­լէ ետք, ի վեր­ջոյ, յան­գե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղեց­ւոյ մայր գիր­կը վե­րա­դառ­նա­լու 1879-ի պաշ­տօ­նա­կան քայ­լին։
1879-ին ալ սկսաւ Օր­մա­նեան Սր­բա­զա­նի ա­ռա­քե­լա­կան ծա­ռա­յու­թեան շուրջ քա­ռաս­նա­մեայ շրջա­նը, ո­րուն 12 տա­րի­նե­րը, 1896-էն 1908, Օր­մա­նեան ար­դիւ­նա­ւո­րեց իբ­րեւ ­Պոլ­սոյ ­Հա­յոց ­Պատ­րիարք։ ­Բայց մին­չեւ իր պատ­րիարք ընտ­րու­թիւ­նը, յատ­կա­պէս նշա­նա­կա­լից ե­ղաւ ­Կար­նոյ մէջ, 1880-ա­կան­նե­րուն, հայ յե­ղա­փո­խա­կան շար­ժում­նե­րու բռնկման ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, Օր­մա­նեա­նի ծա­ւա­լած ու­սուց­չա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ­Սա­նա­սա­րեան վար­ժա­րա­նի մէջ եւ, ա­պա, սուլ­թա­նա­կան իշ­խա­նու­թեանց մօտ իր միջ­նոր­դա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը՝ ի նպաստ հա­րիւր­նե­րով բանտ նե­տո­ւած հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ա­զատ ար­ձակ­ման։
1886-ին, ­Կար­նոյ հա­յոց ա­ռաջ­նոր­դի իր պաշ­տօ­նէն հրա­ժա­րե­լով, Օր­մա­նեան ան­ցաւ Ս. Էջ­միա­ծին, ուր ­Մա­կար ­Կա­թո­ղի­կո­սի կող­մէ Ե­պիս­կո­պոս ձեռ­նադ­րո­ւե­ցաւ ­Գա­րե­գին Ս­րո­ւանձ­տեան­ցի եւ այ­լոց հետ։ Էջ­միած­նի ­Գէոր­գեան ­Ճե­մա­րա­նի մէջ եր­կու տա­րի աս­տո­ւա­ծա­բա­նու­թեան դա­սա­խօս ըլ­լա­լէ ետք, նշա­նա­կո­ւե­ցաւ Ար­մա­շի վան­քին տե­սուչ եւ այդ պաշ­տօ­նին վրայ ու­նե­ցաւ, սե­րունդ պատ­րաս­տե­լու եւ պատ­մագ­րա­կան իր գոր­ծե­րը ամ­բող­ջաց­նե­լու ա­ռում­նե­րով, բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թիւն։
1896-ին, երբ ­Մատ­թէոս Իզ­միր­լեան ­Պատ­րիար­քի հրա­ժա­րու­մով ­Պոլ­սոյ ­Հա­յոց ­Պատ­րիար­քու­թեան նոր գա­հա­կալ ընտ­րե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը ա­ռա­ջա­ցաւ, աչ­քե­րը ուղ­ղո­ւե­ցան դէ­պի Ար­մա­շի ե­րախ­տա­շատ վա­նա­հայ­րը եւ Օր­մա­նեան ար­ժա­նա­ցաւ ­Պատ­րիար­քի պաշ­տօ­նին։
Հե­զա­սահ չըն­թա­ցաւ Օր­մա­նեա­նի պատ­րիար­քու­թիւ­նը՝ ոչ միայն ­Պոլ­սոյ հա­յոց պատ­րիար­քա­կան շրջա­նակ­նե­րու ներ­քին հա­կա­սու­թեանց եւ մրցակ­ցու­թեանց հեղ­ձու­ցիչ մթնո­լոր­տին ա­ռու­մով, այ­լեւ ­Հա­մի­տեան բռնա­տի­րու­թեան հետ տե­ւա­կան շփման, բախ­ման եւ հա­մե­րաշ­խու­թեան սահ­մա­նա­գի­ծը գտնե­լու ա­մէ­նօ­րեայ դժո­ւա­րու­թեանց հե­տե­ւան­քով։ Ա­ռան­ձին քննարկ­ման ու ար­ժե­ւոր­ման է­ջի կը կա­րօ­տի Օր­մա­նեա­նի պատ­րիար­քու­թեան շրջա­նը, որ ան­փա­ռու­նակ վախ­ճան ու­նե­ցաւ, երբ հան­րագ­րու­թեամբ մը ա­մէն կար­գի մե­ղադ­րան­քի թի­րախ դար­ձաւ Օր­մա­նեան ու պա­հան­ջո­ւե­ցաւ ա­նոր հրա­ժա­րա­կա­նը։ Օր­մա­նեան կա­թո­ւած ու­նե­ցաւ, բայց վե­րապ­րե­ցաւ ու տա­րի­ներ պայ­քար մղեց, որ­պէս­զի իր ան­ձին դէմ եւ ա­նո­ւան շուրջ կա­տա­րուած վե­րագ­րում­ներն ու մե­ղադ­րանք­նե­րը սրբագ­րել տայ։
Վեր­ջա­պէս, Ե­ղի­շէ Արք. ­Դու­րեան ­Պատ­րիար­քի օ­րով, 1909-ին, Օր­մա­նեան Սր­բա­զան ան­պարտ հռչա­կո­ւե­ցաւ իր դէմ ե­ղած բո­լոր ամ­բաս­տա­նու­թիւն­նե­րէն։
Բայց ազ­գա­յին-հան­րա­յին պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան վերջ­նա­կա­նա­պէս հրա­ժեշտ տո­ւած էր այ­լեւս Օր­մա­նեան։ Ամ­բող­ջա­պէս նո­ւի­րո­ւե­ցաւ իր գի­տաշ­խա­տու­թեանց եւ ամ­բող­ջա­ցուց իր կո­թո­ղա­կան գոր­ծե­րը՝ «­Հա­յա­պա­տում»ը եւ «Ազ­գա­պա­տում»ը, ո­րոնք հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր մե­ծար­ժէք ժա­ռան­գու­թիւ­նը կը հան­դի­սա­նան՝ ­Մա­ղա­քիա Արք. Օր­մա­նեա­նի ա­նու­նը յա­ւեր­ժաց­նե­լով։
1914-ին աք­սո­րո­ւե­ցաւ Ե­րու­սա­ղէմ, ուր մնաց մին­չեւ 1917 եւ իր աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն­նե­րը ամ­բող­ջա­ցուց։ Ան­ցաւ ­Դա­մաս­կոս, իբ­րեւ տա­րա­գիր, ուր լոյս ըն­ծա­յեց իր «­Խոհք եւ ­Խօսք» հա­ւա­քա­ծոն։ 1918-ի ­Մա­յի­սին յա­ջո­ղե­ցաւ վե­րա­դառ­նալ ­Պո­լիս, բայց քա­նի մը ա­միս ետք՝ ­Նո­յեմ­բեր 19-ին, առ­յա­ւէտ փա­կեց այն­քան բան տե­սած ու ապ­րած իր ի­մաս­տուն աչ­քե­րը։
Օր­մա­նեան ­Պատ­րիար­քի յի­շա­տա­կին կ­’ար­ժէ մէջ­բե­րել վկա­յու­թիւ­նը ա­նոր ա­շա­կեր­տած հայ բե­մի մե­ծա­տա­ղանդ վար­պե­տին՝ ­Վահ­րամ ­Փա­փա­զեա­նի.-
«Սր­բա­զա­նը, շնոր­հիւ իր պատ­րիար­քա­կան գա­յի­սո­նի, ե­թէ չկա­րո­ղա­ցաւ կա­սեց­նել եւ չէ­զո­քաց­նել հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան բնաջն­ջու­մը ­Տաճ­կաս­տա­նում, գո­նէ կա­րո­ղա­ցաւ հե­ռաց­նել այդ ա­ղէ­տը, որ­քան կա­րե­լի էր…
«Օր­մա­նեա­նը այն դէմ­քե­րից էր, ո­րոնք մեր ազ­գի չար­քաշ պատ­մու­թեան դժո­ւա­րին ռո­պէ­նե­րին կա­րո­ղա­ցել են խա­րիսխ դառ­նալ մեր ցե­ղի տա­րու­բեր նա­ւին եւ զերծ են պա­հել նրան նա­ւա­բե­կու­թիւ­նից»:

Yorumlar kapatıldı.