İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»Ը ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՆՈՒՆԷ ԵՍԱՅԵԱՆՆ ՈՒ ՍԻՊԻԼԸ

Անցեալ շաբաթ «Համազգային»ի հիւրերն էին հայրենի երգչուհի Նունէ Եսայեան եւ Պոլսահայ երգչուհի Սիպիլ։ Շաբաթավերջին անոնք ելոյթ ունեցան Bergen Performing Arts Center-ի մէջ հազարէ աւելի հանդիսատեսներու դիմաց, մասնակցութեամբ՝ «Համազգային»ի Արեգակ երգչախումբին եւ Նայիրի Պարախումբին։ Համերգը, ինչպէս «Համազգային»ի ամբողջ տարուայ գործունէութիւնը, նուիրուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին։



unnamed (1)
Համերգին յաջորդող օրերուն, Նունէն ու Սիպիլը իրենց անձնակազմին ու «Համազգային»ի անդամներու ընկերակցութեամբ այցելեցին Յովնանեան Վարժարան եւ տեսակցեցան տնօրէնութեան ու աշակերտութեան հետ։ Յաջորդ օր յատուկ հրաւէրով հանդիպեցան Ամերիկահայ հանրայայտ կերպարուեստագէտ Մայքըլ Արամի, որ հիւրերը ընդունեց Նիւ Եորքի իր աշխատանոցէն ներս ու սիրալիր հիւրընկալութեամբ զրուցեց անոնց հետ ու նուիրեց իր գործերէն։ Ապա զանոնք առաջնորդեց Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան Մայր Տաճարը, որուն շրջափակին մէջ կանգնած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նուիրուած իր կողմէ պատրաստուած քանդակը ու բացատրութիւն տուաւ հիւրերուն։ Գերշ. Տ. Սիմէոն Ծ. Վրդ. Օտապաշեան հիւրերը դիմաւորեց ու առաջնորդեց եկեղեցի։unnamed (2)unnamed (3)


Ապա արուեստագիտուհիները այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդարանը ու հիւրընկալուեցան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չոլոյեանի ու Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեանի կողմէ։ Անոնք ջերմօրէն զրուցեցին սրբազաններուն հետ ու անոնց նուիրեցին իրենց ձայնասկաւառակներէն։
Ապա հիւրերը առաջնորդուեցան Մ.Ա.Կ.-ի գրասենեակ ու հիւրընկալուեցան Մ.Ա.Կ.-ի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մնայուն դեսպան Զոհրապ Մնացականեանի կողմէ։unnamed (4)
unnamed (5)
Իրենց մէկ շաբթուայ կեցութեան ընթացքին Նունէ Եսայեանն ու Սիպիլը այցելեցին տեսարժան վայրեր, ունեցան ընկերային մտերմիկ հանդիպումներ, միշտ շրջապատուած «Համազգային»ի անդամներով, ու հիւրընկալուեցան Տէր եւ Տիկին Մինաս եւ Հուրի Քէլէշեաններու բնակարանէն ներս, ներկայութեամբ յիսունի հասնող բարեկամներու, որոնք երգով, նուագով ու պարով ճոխացած անմոռանալի երեկոյ մը անցուցին։unnamed (6)
«Համազգային»ը, իր աւանդութեան համաձայն, անգամ մը եւս առիթը ստեղծեց գաղութին մէջ հայ երգ ու մշակոյթով բեղուն շաբաթ մը ունենալու։

Yorumlar kapatıldı.