İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

200 Երիտասարդներ Ստանձնած Են Գամիշլիի Հայկական Թաղերու Ապահովութիւնը

«Արեւելք»ի աղբիւրը նաեւ նշած է, թէ հայկական կեդրոններուն ընդհանուր ծախսերը կը հոգայ շրջանի ՀՅԴ «Վան» կոմիտէն, ինչպէս նաեւ՝ առաջնորդարանն ու անհատ բարերարներ: Աղբիւրին համաձայն՝ շրջանին մէջ ապահովական ծանր միջադէպեր տեղի չեն ունեցած, եւ ամէն գիշեր շրջող մեքենաներ կը գործեն՝ հայկական թաղամասերուն անվտանգութիւնը պահպանելու համար: Կեդրոններուն շուրջ ապահովութիւն ստանձնած են 200 երիտասարդներ, որոնց տրուած են յատուկ անձնաթուղթեր, որպէսզի շրջանին մէջ գործող այլ ուժեր ճանչնան զիրենք: Պահակ հայ տղոց բոլոր պէտքերը՝ հագուստեղէն, առօրեայ սնունդ եւ այլն, կը հոգայ նոյն մարմինը:

ԳԱՄԻՇԼԻ, «Արեւելք».- Գամիշլին կը համարուի Սուրիոյ ամէնէն ապահով շրջաններէն մէկը ներկայիս: Այս մասին «Արեւելք»ին յայտնած է Գամիշլիի իր աղբիւրը: Նոյն աղբիւրը նաեւ ըսած է, թէ շրջանի ընդհանուր ապահովութիւնը ստանձնած է քրտական YPK-ն, որ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան՝ PKK-ի, սուրիական թեւը կը համարուի:
Շրջանին մէջ կը գործեն երկու հայկական կեդրոններ եւ Ազգ. Եփրատ հայկական վարժարանի նախակրթարանն ու միջնակարգը:

Միջնակարգի Միացեալ Ազգ. վարժարանի («Իթթիհատ») աշակերտութիւնը ընդհանուր առմամբ հայ է. կան նաեւ փոքր թիւով օտար աշակերտներ: Կեդրոններուն մէջ կը գործէ շտապ օգնութեան մարմին մը. որեւէ խնդիրի պարագային, հայ բնակիչները կրնան կապ հաստատել այդ մարմինին հետ եւ անհրաժեշտ օժանդակութիւնը ստանալ: Հայկական կեդրոնները ունին նաեւ դեղորայք բաժնելու դրութիւն, եւ ըստ կարիքի՝ դեղեր կը բաշխուին շրջանի հայ բնակիչներուն:

Որոշ ժամանակ մը, շրջանը ապրած է ջուրի սուր տագնապ, ուստի պատասխանատու մարմիններ անհրաժեշտ մեքենաներ (թրաքթոր եւ այլն) օգտագործելով՝ ձրիաբար ջուր տրամադրած են ոչ միայն հայերուն, այլ տեղացի քրիստոնեայ ընտանիքներուն:
«Արեւելք»ի աղբիւրը նաեւ նշած է, թէ հայկական կեդրոններուն ընդհանուր ծախսերը կը հոգայ շրջանի ՀՅԴ «Վան» կոմիտէն, ինչպէս նաեւ՝ առաջնորդարանն ու անհատ բարերարներ: Աղբիւրին համաձայն՝ շրջանին մէջ ապահովական ծանր միջադէպեր տեղի չեն ունեցած, եւ ամէն գիշեր շրջող մեքենաներ կը գործեն՝ հայկական թաղամասերուն անվտանգութիւնը պահպանելու համար: Կեդրոններուն շուրջ ապահովութիւն ստանձնած են 200 երիտասարդներ, որոնց տրուած են յատուկ անձնաթուղթեր, որպէսզի շրջանին մէջ գործող այլ ուժեր ճանչնան զիրենք: Պահակ հայ տղոց բոլոր պէտքերը՝ հագուստեղէն, առօրեայ սնունդ եւ այլն, կը հոգայ նոյն մարմինը: «Արեւելք»ի աղբիւրը նաեւ հաստատած է, որ հայկական շրջանները կ՛ապրին ամբողջական ինքնավարութեամբ, իսկ շրջանի քիւրտ պատասխանատուներուն հետ ունին համերաշխ եւ շինիչ համագործակցութիւն:
«Արեւելք» յառաջիկայ օրերուն պիտի շարունակէ յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցել Գամիշլիի հայկական թաղամասերու ընդհանուր իրավիճակին մասին։

Yorumlar kapatıldı.