İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ճորճ Ճէրճեանի Լուսանկարներու Հետքերով- Արաբկիր

«Յուշամատեան» կայքէջը, վերջերս տեղադրեց լուսանկարներու շարք մը: Լուսանկարներ որոնք կը պատկանին տոքթ. Ճորճ Ճէրճեանի: Ծնած Արաբկիր, Մարտ 1870-ին, ան հինգերորդ պզտիկն էր վեց զաւակի տէր Յովակիմ եւ Աղաւնի Ճէրճեաններուն։

(Արաբկիր. պատկերին կեդրոնը՝ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցինԱրաբկիր. պատկերին կեդրոնը՝ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին)

Տրուած ըլլալով որ փայլուն աշակերտ էր՝ զինք կը ղրկեն Էրզրումի Սանասարեան գիշերօթիկ վարժարանը։ Աւարտելէ ետք կը դասաւանդէ հոն մինչեւ 1895 թուականը (այսինքն 25 տարեկան հասակը), երբ կրթաթոշակ մը կը յատկացուի իրեն, որպէսզի բնագիտութեան բարձրագոյն կրթութիւն ստանայ Ցիւրիխի (Զուիցերիա) ճարտարագիտական համալսարանէն ներս։

Արաբկիր.-Ճէրճեան ընտանիքը հաւանաբար իրենց տան շրջափակին մէջ սուրճ խմելու ընթացքին։ Ձախէն երկրորդը՝Ճորճ/Գէորգ Ճէրճեան
 Ճորճ Ճէրճեանը մէկ տարի գերմաներէն կը սորվի Աւստրիոյ Ռայխենպերկ քաղաքին մէջ (այժմու Լիպերեկը, Չեխիայի Հանրապետութեան մէջ), այնուհետեւ կը մեկնի դէպի Ցիւրիխ, ուր կ’ապրի երեք տարի (1896-1899)։ 1900 թուականին կը վերադառնայ հայրենիք եւ դաշտային լուսնակարչական գործիքով, եւ կը սկսի դասաւանդել Սանասարեան վարժարանէն ներս: Այս աշխատանքը պիտի ընէր յառաջիկայ եօթը տարիներուն։ Ամրան ամիսներուն ան կը վերադառնար Արաբկիր՝ հայրենի տուն (այդ օրերուն՝ երեք օրուան ճամբորդութիւն) եւ լուսանկարներով կը զբաղուէր։ Ճէրճեանը քիմիագէտ էր, ինքը անձամբ ժխտանկարները կը վերածէր կապտապատճէններու եւ մոգական լապտերի սահիկներու։

Ընդհանուր տեսարան Արաբկիրէն
1907-ին Ճէրճեանը եւ իր լուսանկարները կը ժամանեն Աղեքսանդրիա (Եգիպտոս), ուր Ճէրճեանին կ’առաջարկուի դառնալ հայրենակից արաբկիրցի Քիւրքճեան եղբայրներու Սուտանի առեւտրական գործունէութեան կառավարիչը։ 1909-ին Ճէրճեանը Սուտանի Օմտուրման քաղաքի աւետարանական երիցական եկեղեցիին մէջ կը պսակուի Նազարէթ Քիւրքճեանի աւագ դստեր՝ Պարկեշտին հետ։ Անոնք կը բախտաւորուին երեք զաւակով՝ Արսէնը (ծնեալ 1910-ին), Տիանան (ծնեալ 1915-ին) եւ Էտուարտը (ծնեալ 1920-ին)։

Արաբկիր, համայնապատկեր… լուսանկարուած 1907-էն ետք (Աղբիւր՝ Հայաստանի ազգային արխիւ, Երեւան)

1924-ին Ճորճ Ճէրճեանը կը հիմնէ իր անձնական ընկերութիւնը «Geo. Djerdjian & Sons» եւ «Birmingham Stores» խանութներու ցանցը: Իր զաւակները կ՛ուսանին Աղեքսանտրիոյ (Եգիպտոս) անգլիական «Վիքթորիա Քոլէճ»էն ներս։ Յետագային որդիները իրենց հօր հետ պիտի աշխատէին վերջինիս անձնական գործին մէջ։ Թէեւ Ճորճ Ճէրճեանը ոչ մէկ քաղաքական կուսակցութեան անդամ էր, ան յաճախ յօդուածներ կը գրէր 1915-էն ի վեր Գահիրէի մէջ լոյս տեսնող Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան «Արեւ» օրաթերթին մէջ։ Ան Աղեքսանդրիայի Պօղոսեան վարժարանին հոգաբարձուներու խորհուրդին անդամ էր եւ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Սուտանի մասնաճիւղի հիմնադիր անդամն ու առաջին ատենապետը։ Հոկտեմբեր 1947-ին, 77 տարեկան հասակին» ան կը մահանայ Աղեքսանդրիոյ մէջ եւ հոն ալ հողին կը յանձնուի։

Արաբկիրի «Հանէսեան» աղջկանց վարժարանը
Հետաքրքրան է այս լուսանկարներուն ոդիսականը: Երբ 1907 թուականին Ճէրճեան Արաբկիրէն կը մեկնէր Աղեքսանդրիա (Եգիպտոս) երթալու համար, իր հետը կը փոխադրէր նաեւ լուսանկարներու եւ լուսապակիներու այս հաւաքածոն։ Ահա թէ ինչպէ՛ս անոնք փրկուեցան օսմանեան կայսրութեան հայերու գլխուն 1915-ին եկած աղէտէն։ Հաւաքածոն 1907-էն 1956 Աղեքսանդրիոյ մէջ մնաց, կէս դարէն մէկ տարի պակաս։ 1956-ին Պարկեշտը, իր Էտուարտ որդին եւ անոր ընտանիքի տեսնելու նպատակով Խարթում կատարած իր այցին առիթով, հաւաքածոն հետը կը տանի՝ անոնց յանձնելու համար, տրուած ըլլալով որ վերջիններս իր ողբացեալ ամուսինին մականունը կրող միակ ժառանգներն էին։ Լուսանկարները եւ լուսապատկերները պարունակող տուփը Խարթումի մէջ պիտի մնար 1956-էն 1973` 17 տարի։ 1973-ին, Սուտանի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական վերիվայրումներուն հետեւանքով Պարկեշտ փոխադրուեցաւ Լոնտոն, եւ Էտուըրտը ընտանիքին պատկանող իրերը ու ընտանեկան ժառանգութիւն եղող առարկաները Լոնտոն կ՛առաքէ, ներառեալ իր հօր լուսապակիներու եւ լուսանկարներու հաւաքածոն՝ «Chubb» մակնիշով պողպատեայ մոխրագոյն հրակայուն արկղի մը մէջ տեղաւորուած։ Զաւակը՝ Ճորճ Կրտսեր Ճէրճեան կը տեղեկացնէ թէ այս արկղը յառաջիկայ երեսուն տարիներուն մնացած է Լոնտոնի բնակարանին մէջ, մինչեւ 2003 թուականը։

…իր աշակերտուհիներով եւ ուսուցչուհիով։…
Այս գծով, ան կը տեղեկացնէ.-
Այդ տարի՝ 2003-ին հայրս մահացաւ։ Իր մահէն ետք մենք յայտնաբերեցինք լուսապակիները պարունակող պողպատեայ մոխրագոյն արկղը։
Մեծ հօրս մօտաւորապէս 240 լուսապակիէ կազմուած սկզբնական հաւաքածոյէն մնացեր են այս լուսապակիները կամ լուսանկարները։ Մեծ հայրս՝ Ճորճ Ճէրճեանը, այս 240 նկարները նկարած էր 1900-էն 1907-ի միջեւ, իր հայրենի քաղաք Արաբկիրի մէջ եւ Կարինի (Էրզրում), ուր Սանասարեան վարժարան յաճախած էր։ Լուսանկարները կը պատկերեն լեռներու եւ գետերու տեսարաններ, Օսմանեան կայսրութենէն ներս գոյ ամենատարբեր ազգերու եւ ցեղերու, կրօններու ու ընկերային-տնտեսական խաւերու պատկանող մարդիկ, եկեղեցիներ ու դպրոցներ, ինչպէս նաեւ տնտեսական, ընկերային ու քաղաքական կեանքը ներկայացնող բազմաթիւ տեսարաններ։
Լաւ գիտակցելով այս գործերուն արժէքն ու ներուժը՝ կարգադրութիւններ ըրի, որպէսզի անոնք փոխ տրուէին Ուաշինկթընի Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի թանգարանին։ Նաեւ կազմակերպեցի որ Անդրանիկ Փոլատեանի «Պատմութիւն հայոց Արաբկիրի» գիրքը հայերէնէ անգլերէնի թարգմանուի մօրս հովանաւորութեամբ, եւ անկէ ետք նախաձեռնեցի կազմելու յապաւուած տարբերակ մը, զոր կոչեցի .- Arabkir: Homage to an Armenian Community (Արաբկիր՝ յարգանքի տուրք հայ համայնքի մը)։ Թէ լուսապակինիները, թէ գիրքը գրեթէ տասնամեակ մը փոշի հաւաքեցին, որովհետեւ Թանգարանը դատական կործանարար գործընթացներու մէջ խրուած էր, եւ ծրագիրը առկախման դատապարտուեցաւ։ Ի վերջոյ 2014-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան մօտալուտ վաղորդայնին, որոշեցի անձամբ ստանձնել լուսապակիները Մասաչուսեցի մէջ գործող Chicago Albumen Works մասնագիտացած ընկերութեան մէջ երեւակայելու եւ պատկերները տպագրելու գործը։ Ապա կազմակերպեցի երկու գիրքերուն հրատարակութիւնը Ինտիանայի մէջ գործող Penguin ընկերութեան պատկանող Xlibris հրատարակչատան մէջ։ Առաջինը լոյս տեսաւ « Arabkir: Homage to an Armenian Community (Արաբկիր՝ յարգանքի տուրք հայ համայնքի մը) գիրքը (2014-ին), ապա երկրորդը՝ «Daylight After a Century» («Լուսաբաց մէկ դար անց», 2015), որ մեծ հօրս նկարածներէն հարիւր լուսանկարներէ կազմուած հաւաքածոյ մըն է։

Արաբկիրի մէջ երկու հայ կրօնաւորներ

Պատմութեան այս փոքրիկ բեկորը՝ հարիւրամեայ այս լուսապակիները, խօսուն վկաներ են օսմանեան կայսրութեան ժամանակի մշուշներուն մէջ կորսուած առօրեայ կեանքին մասին։ Յատկանշական է, որ այս լուսապակիները գոյատեւեցին ի հեճուկս Առաջին համաշխարհային պատերազմի թոհուբոհին ու աղէտին, պատերազմ մը, որ պատմութեան գիրկը թաղեց չորս կայսրութիւն՝ աւստրօ-հունգարականը, ռռուսականը, գերմանականը եւ օսմանեանը, եւ որ ջարդեց-կոտորեց հայ ժողովուրդը։ Աւելի տպաւորիչ է այն փաստը, որ հրաշքի համազօր բան է, որ այս լուսապակիները գոյատեւեցին հարիւր տարուան աքսորին ընդմէջէն, ընտանիքիս հետ տունէ տուն եւ սերունդէ սերունդ, երկրէ երկիր անցան, ովկիանոսներ ու ցամաքամասեր կտրեցին, ի վերջոյ, պատճէնները Նիւ Եորք, Պոսթըն, Ուաշինկթոն, Լոնտոն եւ Պերլին ձգելով, խարիսխ նետելու ու հանգրուանելու համար Երեւանի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկէն ներս։
Քաղուածաբար՝ «Յուշամատեան» կայքէջէն

Yorumlar kapatıldı.