İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Պիտի Շարունակեմ Զօրավիգ Կանգնիլ Հայ Դատին. Յունաստանի Նախագահ

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 19ին, Աթէնք իր ժամանման յաջորդ օրը, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոբուլոսի հետ: Վեհափառին կ՛ընկերանային Յունաստանի Հայոց թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան եւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Արա Մանկոյեան:

Վեհափառը նախ ողջունեց Յունաստանի պետութեան կազմակերպած համագումարը՝ «Կրօններու ու մշակոյթներու խաղաղ գոյակցութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս» խորագիրով: Վեհափառը յիշեցուց, թէ տարի մը առաջ Յունաստանի պետական անձնաւորութիւններու հետ իր տեսակցութեան ընթացքին առաջարկ ներկայացուցած էր, որ Յունաստանի պետութիւնը նման նախաձեռնութեան մը դիմէ՝ շեշտելով Արեւելքը Արեւմուտքին կամրջող Յունաստանի կարեւոր տեղն ու դերը:

Արամ Ա. կաթողիկոս գնահատեց Յունաստանի նախագահը, որ քաղաքական կեանք մուտք գործելէն ի վեր նեցուկ կանգնած է Հայ Դատին եւ այսօր, իբրեւ նախագահ, կը շարունակէ նոյն կեցուածքը:
Նախագահ Փաւլոբուլոս յայտնեց, թէ ինք յարգանք ունի հայ ժողովուրդին ու անոր արդար Դատին նկատմամբ եւ վստահեցուց, թէ պիտի շարունակէ զօրավիգ կանգնիլ Հայ Դատին:
Նախագահը նաեւ դրուատիքով խօսեցաւ Յունաստանի հայ գաղութին մասին, որ իր կարեւոր ներդրումը կը բերէ երկրի բարգաւաճման ու զարգացման գործին:

Yorumlar kapatıldı.