İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՈՒԽՏԻ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿ, ՅԵՏՈՅ Ի՞ՆՉ Թ. ԻՍԼԱՄԱՑԱԾ ՀԱՅԵՐ

Մկրտեցէք զնոսա յանուն  եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ          Թուրքական մամուլը ողողուած է այսօր զանազան յօդուածներով եւ խոր քննարկումներով, հաւատափոխ եղած հայերու՝ իրենց արմատներուն վերադառնալու ժիր եւ աշխոյժ գործունէութեան մասին: Թուրքական մամուլը յաճախակի անդրադարձ կ’ունենայ նաեւ ծագումով հայ, հաւատափոխ, թէեւ ծպտեալ, Թուրքիոյ քաղաքական կեանքի մէջ բարձր դիրքի հասած անհատներու մասին:

            2007 թուականի Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք, թաղման քայլերթի ընթացքին, ղեկավարութեամբ թուրք լրագրողներու եւ մասնակցութեամբ կիրթ ստուար հասարակութեան, երբ յայտարարութիւններ կատարուեցան բարձրաձայն՝ «Բոլորս ալ Հրանդ Տինք ենք, բոլորս ալ Հայ ենք» ցուցատախտակներով, այնուհետեւ աշխուժացան ծպտեալ հայերու մասին կատարուած մամլոյ վերլուծումները, որոնց մէջ կարեւոր դերակատար էր   թուրք պատմաբան Հալաճօղլու-ն որ յայտարարեց՝ թէ «Ալեւի քիւրտերը ընդհանրապէս կրօնափոխ հայեր են, որոնք անուանափոխ ու դաւանափոխ եղած են 1915-ի տեղահանութենէն փրկուելու համար»:
            2008 թուականին թուրքական մամուլը նոյնքան աշխուժութեամբ զբաղեցաւ ծպտեալ եւ դաւանափոխ հայերու մասին, երբ Հանրապետական կուսակցութեան երեսփոխանուհի՝ Ճանան Արըթման յայտարարեց որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ-ի մայրը հայ է, իրողութիւն մը զոր նախագահը անմիջապէս հերքեց:
            Յատուկ աշխուժութիւն նկատեցինք անգամ մը եւս թուրքական մամուլին մէջ, երբ 2010 թուականին Աղթամարի վերանորոգուած Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ բացումը տեղի ունեցաւ, ուր եկած էին նաեւ թուրքացած եւ քրտացած դաւանափոխ հայեր: Հոս յատկանշական է անդրադառնալ այն ստոյգ իրողութեան, որ այս բացառիկ տօնախմբութեան եկած էին մասնակցելու Պոլսոյ Պատրիարքական փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հաւատափոխ (իսլամացած) զարմիկները, որոնցմէ ոմանք փափաք յայտնած էին մկրտուելու եւ վերադառնալու իրենց արմատներուն:
            Ակնյայտ է որ վերջին տարիներուն թուրքական պետութիւնը զանգուածային լրատուամիջոցներով  իր ուշադրութեան կեդրոնը դարձուցած է դաւանափոխ հայերը, եւ զանոնք կը նկատէ որպէս սպառնալիք՝ Թուրքիոյ անսասանութեան, այ’ն հեռաւոր մտահոգութեամբ, որ անոնք օր մը վրէժը պիտի լուծեն իրենց հարազատներու անմարդկային սպանդին: Այս իրողութիւնը պատճառ է նաեւ այսօր, որ կարգ մը հաւատափոխ հայեր, որոնք մեծ ցանկութիւն ունին վերադառնալու իրենց արմատներուն, մնան ծպտեալ՝ սպասելով աւելի բարենպաստ քաղաքական պայմաններու:
            Արեւմտահայաստանի տարածքին, մասնաւորաբար ա’յն շրջաններուն մէջ ուր գերիշխող հասարակութիւնը քիւրտեր են, կը նկատենք յատուկ ուշադրութիւն փոքրամասնութիւններու նկատմամբ, նամանաւանդ հայերու:  Այս իրողութիւնը թէեւ քաջալերական է եւ խրախուսիչ, բայց նոյն ատեն դժուար մթնոլորտ կը ստեղծէ բոլոր անոնց համար որոնք կը մտածեն վերադառնալ իրենց պապենական արմատներուն, որովհետեւ կրնայ հալածողական նոր մթնոլորտ ստեղծել իրենց նկատմամբ թուրք հասարակութեան մէջ:
            Կան նաեւ ուրիշներ, որոնք կատարելապէս իսլամացած են, բայց եւ այնպէս տակաւին իրենց առօրեայ կեանքին մէջ յաճախ կը լսեն դարերու արհամարանքը՝ «անհաւատ հայու կտոր» անարգական խօսքը, ո’չ միայն լայն հասարակութեան կողմէ, այլ երբեմն նոյն ինքն իրենց ընտանիքի հարազատներու կողմէ: Այս մասին կը վկայէ նաեւ Թուրք պատմաբան Իւմիթ Գուրթ, ըսելով. «Անշուշտ կը վախնան իրենց ինքնութեան վերադառնալու, որովհետեւ տակաւին կը շարունակուի ուրացումի քաղաքականութիւնը: Այս հաւատափոխները կը նկատուին ո’չ թէ երկրի իրական քաղաքացիները, այլ՝ պատանդներ: Այսինքն՝ աղաւնիի վախկոտութիւն մը: Միայն Հրանդ Տինքին յատուկ չէր ատիկա»:
            Նամանաւադ Տիգրանակերտի վերանորոգուած Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ բացումէն ետք, որ կը նկատուի Միջին Արեւելքի մէջ գտնուող հայկական մեծագոյն եկեղեցին, կը նկատենք յատուկ աշխուժութիւն ծպտեալ հայերու մօտ – վերադարձ դէպի ինքնութիւն, մկրտութիւններ, ամուսնութիւններ, հայերէն լեզուի եւ պատմութեան դասեր, հայկական երաժշտութիւն:  Բայց այս բոլոր ցանկութիւններէն ետք, դժբախտաբար հօտը կը մնայ առանց հովիւի եւ Ս. Կիրակոսն ալ կը շարունակէ ըլլալ զբօսաշրջիկութեան վայր:
            Գիտենք բոլորս ալ թէ ի՜նչ դժբախտ պատահարներու եւ պայմաններու տակ հայ ազգի զաւակներ իսլամութիւնը ընդունեցին որպէս փրկութեան վերջին լաստ՝ անմարդկային, արիւնարբու թուրք ցեղասպանին «եաթաղան»ին զոհ չերթալու համար: Այսօր անոնց զաւակներն ու թոռները կը փորձեն վերադառնալ իրենց արմատներուն:  Ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր կեցուածքը: Իրաւունք ունի՞նք ըսելու որ անոնք այլեւս հայ չեն որովհետեւ հաւատափոխ եղած են: Հայց. Առաքելական Եկեղեցին իր նուիրապետական բոլոր կառոյցներով՝ ըսելիք չունի՞: Ահաւասիկ առաքելութեան նոր դաշտավայր, ուր թէեւ չկան Հռոմի հետապնդող ու հալածող կայսերական զօրքերը, չկան գետնափորերու մէջ հաւաքուելու եւ աղօթելու դժուարին պայմանները, սակայն կայ Թուրք պետականութեան անհանդուրժող քաղաքականութիւնը: Իսկ մենք պիտի կարենա՞նք ունենալ կամքն ու կորովը՝ յաղթահարելու բոլոր պայմանները եւ ձեռք երկարելու մեր իսլամացած եղբայներուն եւ քոյրերուն, որոնք ներքնապէս կը տառապին իրինց ինքնութեան վերադառնալու ազնիւ ճանապարհ մը գտնելու  համար: Իր արմատներուն վերադառնալ ուզող հայուն, առանց խտրութեան թէ ին’չ կրօնի կը պատկանի, պիտի բանա՞նք մեր մտքի, սրտի եւ հոգիի դռները, թէ՝ անգամ մը եւս հոգեբանական ցեղասպանութեան պիտի դատապարտենք զիրենք, որովհետեւ իրենց մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը դաւանափոխ եղած են:
Ո՞վ իրաւունք ունի յայտարարելու որ անձ մը չի’ կրնար իր ցեղային պատկանելիութեան վերադառնալ, երբ այդ անձը համոզուած է որ ինք պէտք է վերադառնայ իր արմատներուն: Ի՞նչն է, կամ ի՞նչ պէտք է ըլլայ, չափանիշը՝ որպէսզի մէկը Հայ կոչուի:  Ահաւասիկ նոր հարցադրումներ մեր առաջ, որոնք անյապաղ պատասխաններու կը կարօտին: Ի՞նչպէս խթանել վերահայացման գործընթացը Թուրքիոյ հայկական ծագումով ա՛յն բնակիչներուն, որոնք ուղղակի կամ անուղղակի կերպով կրնան կենդանի վկաներ հանդիսանալ ո’չ միայն հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման առաջնորդող, այլեւ գործօն մասնակիցներ՝ հողային պահանջատիրական իրաւական դաշտին աշխատանքին մէջ:   
Այս տարուան Մարտ ամսու 10-ին տեղի ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Պոլսոյ պատրիարքական տեղապահ՝ Արամ Արք. Աթէշեան, իրեն ուղղուած սա՛ նշմարին, թէ «Շատ է խօսւում մահմետականացուած հայերի մասին, եւ Դուք տարբեր առիթներով ասում էք, որ հայ լինելու չափանիշը քրոստոնեայ լինելն է,» հետեւեալ ձեւով կը բնորոշէ հայ ըլլալու պայմանը. «Ես կ’ասեմ, որ քրիստոնէութիւնը հայ լինելու անբաժան մասնիկն է: Ազգութիւնն ու կրօնքը անբաժան են մեզի համար…Անձը ինչպէ՞ս պիտի փաստէ որ հայ է, եթէ ոչ՝ մկրտութեան վկայականով: Միայն իրենց  ”Ես հայ եմ” ըսելով՝ պիտի ընդունի՞նք»: Աւելի մանրամասն կարդալու եւ իմանալու համար դիմել՝ http://hetq.am/arm/news/58917/aram-ateshyan-hay-linelu-chapanishy-qristonutyunn-e.html : Շատ լուրջ մեկնաբանութեան կը կարօտին տեղապահ սրբազանին անպաճոյճ եւ անյաղորդ յայտարարութիւնները, որոնք ո’չ մէկ ձեւով կրնան արդարանալ քրիստոնէական քարոզչական եւ վարդապետական-դաւանաբանական հասկացողութեամբ   : Այս յօդուածին նպատակէն շեղած կ’ըլլանք եթէ աւելի մանրամասն ուզենք վերլուծել:  Միայն յիշեցնենք տեղապահ սրբազանին որ, ի՞նչ պիտի կոչենք մեր համայնավար եղբայրները որոնք չեն մկրտուած մինչեւ այսօր: Վերջին հարցում մը եւս տեղապահ սրբազանին.  երբ թուրք պետութիւնը ՔԱԿ-ի մարտիկներուն համար կ’ըսէ որ հայեր են, որովհետեւ նահատակուած մարտիկներու դիակներու քննութենէն յայտնի դարձած էր թէ անոնցմէ շատեր չէին թլփատուած, ուրեմն ի՞նչ է չափանիշը հայ ըլլալուն: Այս ի՜նչ ողբերգութիւն է…:
        ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Ահաւասիկ ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նուիրական մեր ուխտի ճանապարհին առջեւ ծառացող հիմնախնդիրներն ու մարտահրաւէրները, զորս  պիտի կարենանք յաղթահարել եթէ ունենանք կամք ու կորով, ներշնչում եւ հաւատք, նուիրումի անսակարկ ոգի եւ թափանցիկ գործունէութիւն: Եւ այս բոլորը՝ միայն Հայ ժողովուրդի հաւաքական շահերուն համար:
Հաւանաբար մեզմէ շատեր մտածեն թէ ի՞նչպէս այսքան բազմաճակատ աշխատանք կարելի է դիմակալել – Հայաստան, Արցախ, Նախիջեւան, Ջաւախք, Արեւմտահայաստան, սփիւռքեան գաղթօճախներ եւ եկեղեցական տագնապներ: Կարելի է` եթէ համադրենք մեր ռազմավարութեան աշխատանքները եւ անյապաղ նուիրուինք գործի: Ժամանակը հասած է եւ այսուհետեւ իրաւունք չունինք փախուստ տալու, ընհակառակը ճակատէն պէտք է դիմագրաւենք մեր բոլոր խնդիրները:
Չմոռնանք որ մեր պապենական հողերը գրաւուած եւ պարպուած են այսօր: Չէ՞ որ ուխտեցինք այսուհետեւ չողբալ եւ չսգալ, բայց ուխտեցինք պահանջել եւ վերականգնել մեր հազարամեայ իրաւունքները, որոնք այլեւս երազներ չեն մեզի համար, այլ՝ սրբազան կոչ մեր ոտնահարուած պատիւը վերականգնելու:
Այսուհետեւ՝ մեր անիրաւուած իրաւունքներու ազգային վերականգնումի ճանապարհին, պիտի չբաւարարուինք ո’չ արտաքին եւ ո’չ ալ ներքին շրթնային ծառայութիւններով, որովհետեւ՝ խօսքը կը ցնդի, գործն է մնայուն: Աշխարհ անգամ մը եւս իմացաւ որ ցեղասպանութիւն գործուած է մեր հազարամեայ սեփական հողին վրայ. այսուհետեւ «բարեկամ» պետութիւններ իրենց ճանաչումներու մխիթարական խօսքերէն անդին՝ պարտին մեզի մասակցիլ որպէս իրաւատէր եւ պահանջատէր:
Հետեւաբար՝ չփնտռենք մեր դժբախտութեան պատասխանատուութիւնը օտար պետութեանց շահամոլ քաղաքականութեան մէջ, այլ մեր ցաւագին վիճակին պատճառները փնտռենք մեր ներքին տկարութեան եւ պառակտումներուն մէջ: Գիտակցինք եւ անցնինք գործնական քայլերու:
Այս առիթով կ’առաջարկեմ որ Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս վերանորոգուած եկեղեցին վերածուի առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ եւ Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որ վերջերս հրաժարած է կրօնական ժողովի ատենապետութենէն, առժամապէս եւ արժանապէս նշանակուի առաջնորդական տեղապահ ցնոր տնօրինութիւն:  Թաթուլ Վարդապետ իր հոգեւոր եւ մտաւոր պատրաստութեամբ իր գործակիցներուն,–եկեղեցական եւ աշխարհական,–կրնայ պարարտ հող պատրաստել  եւ հասնիլ մեր հաւատափոխ եղբայրներուն եւ քոյրերուն՝ իրենց ինքնութեան վերադառնալու նախապատրաստական բոլոր աշխատանքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ հայերէնի ուսուցողութեան դասաւանդութիւններուն:
Մեր պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնն է, եւ պատրաստ ենք բացի բարոյական քաջալերանքէ նաեւ հոգալ բոլոր նիւթական ծախսերը նոր առաջնորդարանին, եւ ի հարկին նաեւ տրամադրել կամաւորներ –- հոգեբան-բժիշկ, ուսուցիչ, քահանայ-քարոզիչ, թարգման, ընկերաբան, եւ այլք– որոնք մնայուն եւ երբեմն ալ ժամանակ առ ժամանակ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն այս աստուածահաճոյ եւ հայրենասիրական ՄԵԾ գործին: Այս մարտահրաւէրը որպէս  կոչ՝ յանուն մեր բիւրաւոր նահատակներուն, կ’ուղղենք Պոլսոյ Պատրիարքութեան եւ անոր յարգարժան ազգային իշխանութեան:
            ԿԱՄՔ,  ԱՇԽԱՏԱՆՔ եւ ԿՈՐՈՎ՝ երեք ձիրքերն են որով, ջուրի վրայ թէ’ ցամաքի, մարդ անպայման կը յաջողի:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ                                        (Վերջ)
 17 Հոկտեմբեր 2015
 ________________________________________

Posted by: VOSGAN@aol.com  

Yorumlar kapatıldı.