İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«Ազատութեան» Մրցանակ` Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Երախտաւորներուն

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մեծամասնութեան նախկին ղեկավար Տէյվիտ Պոնիորը արժանացաւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի բարձրագոյն` «Ազատութեան» մրցանակին` Հայոց ցեղասպանութեան եւ Արցախի անկախութեան ճանաչման գործին մէջ իր ունեցած մեծ ներդրումին համար:

Արեւելեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի կայքը կը հաղորդէ, որ մրցանակը ամերիկացի նախկին պաշտօնեային պիտի շնորհուի 14 նոյեմբերին` կազմակերպութեան 9-րդ ամէնամեայ ընդունելութեան ձեռնարկին ընթացքին:Տէյվիտ Պոնիոր եւ Ֆեթհիյէ Չեթին
«Ազատութեան» մրցանակ պիտի շնորհուի նաեւ մարդու իրաւունքներու  գործիչ, թուրք գրող Ֆեթհիյէ Չեթինին: Ան հեղինակն է «Մեծ մայրս» գիրքին, որուն լոյս տեսնելէն ետք Հայոց ցեղասպանութեան մասին  թուրք հասարակութեան մօտ հետաքրքրութեան զգալի աճ արձանագրուած է:

Yorumlar kapatıldı.