İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հայ Դատի «Արդարութեան Մրցանակ»ը՝ Ճեֆրի Ռապըրթսընին

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Կիրակի, Հոկտեմբեր 25ին կայանալիք իր տարեկան ձեռնարկին ընթացքին, Հայ Դատի «Արդարութեան Մրցանակ»ը պիտի շնորհուի իրաւաբան եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան Ճեֆրի Ռապըրթսընին, որ նաեւ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Հոկտեմբեր 23-24ին կայանալիք Հայ Դատի խորհրդաժողովին։

Զոյգ ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան «Հայաթ Սենչըրի Փլազա» պանդոկին մէջ (2025 Avenue of the Stars, Los Angeles, California, 90067)։
Հայ Դատի խորհրդաժողովի՝ «Վնասուց Հատուցման Ուղին» քննարկումը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 24ին եւ անոր համահովանաւորողն է Հայ իրաւաբանական միութիւնը։
Ճեֆրի Ռապըրթսընի կողքին, այս քննարկումին պիտի մասնակցի Հայ իրաւաբանական միութեան վարչութեան անդամ իրաւաբան Գառնիկ Գրիգորեան, իսկ անոր համադրողն է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ իրաւաբան Սթիւ Տէտէեան։
Նշենք, որ Ճեֆրի Ռապըրթսըն հեղինակն է «Անյարմար Ցեղասպանութիւն Մը. Այժմ Ո՞վ Կը Յիշէ Հայերը« (An Inconvenient Genocide. Who Now Remembers the Armenians) հատորին։
Անցեալ Յունուարին, Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին մէջ, Ռապըրթսըն հայկական կողմը ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրացող Տողու Փերինչեքի՝ «Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիա» դատավարութեան ընթացքին։
Ռապըրթսըն շեշտեց, որ Փերինչեք Թալէաթ փաշայի համակիրներէն մէկն է՝ աւելցնելով, որ Թալէաթ փաշան «Օսմանեան կայսրութեան Հիթլերն է»:
Յիշեցնենք, թէ նոյն դատավարութեան ընթացքին, հայկական կողմը ներկայացնող միջազգային կարգի փաստաբաններէն մէկն էր նաեւ Ամալ Քլունին։
Հայ Դատի խորհրդաժողովը առիթ պիտի հանդիսանայ օրէնքի մասնագէտներուն, մտաւորականներուն, արուեստագէտներուն, քաղաքական անձնաւորութիւններուն եւ գործիչներուն, ինչպէս նաեւ՝ վերլուծաբաններուն, քննարկելու համար Հայ Դատի տարբեր երեսները եւ ապագայ նախաձեռնութիւնները: Խորհրդաժողովի մասնակցութեան սակը 85 տոլար է, ներառեալ՝ ընկերային շարք մը հաւաքներու մասնակցութիւն: Ուսանողներու համար, սակը 50 տոլար է:
Յաւելեալ մանրամասնութեանց կամ տեղեր ապահովելու համար, այցելել www.ancawr.org/grassroots/register կայքէջը:
Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկին ընթացքին լուսարձակի տակ պիտի առնուին շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի վերջին մէկ տարուան իրագործումները եւ պիտի մեծարուին շարք մը պաշտօնատարներ ու կամաւորներ: Մասնակցութեան մանրամասնութեանց համար, դիմել (818) 839-1918 թիւին կամ այցելել www.ANCAWRGala.org կայքը:

Yorumlar kapatıldı.