İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Նուրհան Պատրիարքի Պոլիս Այցելութիւնները Յաճախակի Կը Դառնան. Ինչո՞ւ

Թուրքիա-   Երուսաղէմի Հայոց  Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի   դէպի Պոլիս կատարած այցելութիւնները   յաճախակի կը դառնան: «Զիլ Խօսք»ի աղբիւրները կը  յայտնեն, որ անցնող  շաբաթավերջին  Պատրիարաք հայրը ընկերակցութեամբ   Տ.  Պարէտ  Ծ. Վ.  Երէցեանի   քանի մը օրով    այցելութիւն  տուած է Պոլիս:   Այցելութեան մասին պաշտօնական   հաղորդագրութիւն չէ հրապարկաուած ու   ինչպէս անցնող  վերջին   այցերուն այս անգամ եւս  Պատրիրաքը     Պոլսոյ Պատրիարքարան չէ այցելած  եւ չէ տեսակցած    Պոլսոյ Պատրիարքութեան տեղապահ Տ. Արամ  Արք. Աթէշեանին  հետ:  

Հանդիպման  չկայացման պատճառը միայն   արձակուրդային հանգիստով  Արամ  Սրբազանին Թուրքիայէն բացակայիլը չէ եւ ըստ երեւոյթին կան  այլ պատճառներ:  Վերջին ամիսներուն    արձանագրուած  դէպքերը ցոյց կու տան նաեւ, որ Երուսաղէմի Հայոց   նուորական պատրիարքութեան աթոռին  տէր  Պատրիարքը յայտնուած է բաւական ծանր իրադրութեան մէջ: Այսպէս   Ամենայն Հայոց Գարեգին  Բ.ն Վեհափառին  հետ անոր ունեցած  բազմաբնոյթ  տարակարծութիւններէն  եւ Սուրբ Էջմիածնի  միաբան  հայրերու հետ   «ծանր հրաձգութիւններէ» ետք   Նուրհան Պատրիարք   ներկայ չեղաւ Անթիլիասի    Կաթողիկոսութեան կողմէ    կատարուած    Միւռոնօրհնէքի արարողութեան:  Այդ բացակայութիւնը մէկէ աւելի պատճառներ ունի,  սակայն      խնդրին հիմնական  դրոյթը  կը բացատրուի անով, որ    Արամ  Ա. Վեհափառ   համաձայն չէ Պատրիարքին   կատարած      յայտարարութիւններուն եւ  աւելին  Երուսաղէմ- Էջմիածին     տարակարածութիւններու ալիքին վրայ      Կիլիիկիոյ  խոհեմ Հայրապետը չուզէր  բացայայտ  կըրպով կողմ  բռնել:  Հաւանաբար   այս է պատճառը, որուն հիմամբ  Նուրհան  Պատրիարք նախընտդեց բացակայիլ Պիքֆայայի  տաճարին  շուրջ  տեղի ունեցած Միւռոնօրհնէքի արարողութիւնէն:  Ուրեմն  այս ընթացքով   Էջմիածնէն յետոյ     Պատրիարքը  նոյնպէս    յայտնուած է   բացառձակ «պլոքուս»ի մը մէջ եւ  այդ  չէզոքացման     հետեւանքները  կրնայ  բաւական ծանր   ազդեցութիւններ ունենալ     մօտիկ ապագային:

Վերադառնալով   Պոլսոյ խնդրին    պէտք է   նկատել, որ Պատրիարքը  Պոլիս կը  հասնի       հետամուտ ըլլալով   «լուծել» պատրիարքարանին սեփականութիւնը    հանդիսացող    «կարգ մը» հողաշերտերու  խնդիրները:  Այս մասին    յստակ տեղեկութիւններ չկան:  Յստակ է միայն, որ   բաւական լուրջ ընթացք մը  գոյութիւն ունի եւ  երկրորդ կողմի մը հետ (շատ հաւանաբար թրքական կառավարութեան) բանակցութիւններու   գործընթացը մտած է բաւական  յառաջացած փուլ:  Այս խօսքին  ամէնէն  հիմնական   ապացոյցը     Երուսաղէմի  աթոռի կալուածոց  գրասենեակի   նախկին պատասխանատուին՝ Տ.  Բագրատ Վրդ. Պուրճիքեանին   պաշտօնէն հանուիլն ու անոր
փոխարէն  Տ.  Պարէտ  Ծ. Վարդապետին   այդ պաշտօնին  վրայ նշանակուիլն է:
Պէտք է սպասել յառաջիկայ օրերուն, որպէսզի լիարժէք կերպով յստակ դառնայ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցող բանակցութիւններուն արդիւնքը:
Մէկէ  աւելի  աղբիւրներ  կը խօսին   հաւանական փոխ համաձայնութիւններու մասին:
Խնդիրը   այդ չէ:
Հիմանական հարցականը կը մնայ, որ արդեօ՞ք    Երուսաղէմի  պատրիարքը իր այս  ընթացքով      անտեսած պիտի ըլլայ  Պոլսոյ նուիրապետական  աթոռին  իրաւական սահմանները : Ու եթէ այդպէս է արդեօ՞ք Թուրքիոյ կառավարութիւնը  պիտի համաձայնի   Երուսաղէմի աթոռին գահակալը որպէս իրաւական  կողմ ընդունիլ,  այդպիսով ստեղծելով բաւական  նուրբ   եւ նոր իրավիճակ:
Մի  քանի նուիրապետական աթոռներ ունինք  եւ մի քանի  քանի    աթոռապահ    առաջնորդներ,  ժամանակը չէ  հասա՞ծ  արդեօք,  որ մեր  կրօնական       առաջնորդները   խօսին մէկ լեզուով:
«Զիլ Խօսք»

Yorumlar kapatıldı.