İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբաններու Սիս Կատարած Այցելութեան Տեսանիւթը Հրապարակուեցաւ

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Արամ Ա. կաթողիկոսի թելադրութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, Շաբաթ, 22 Օգոստոս 2015ին այցելած էր Սիսի Կաթողիկոսարան, ուր կատարուած էր հոգեհանգիստ՝ 1293ին Հայոց Կաթողիկոսութեան Սիս հաստատուելէն մինչեւ 1915 Սիսի մէջ գահակալած երջանկայիշատակ հայրապետներուն հոգիներուն համար:

Ապա, նոյն վայրին մէջ կարդացուած էր Արամ Ա.ի պատգամը: 100 տարի ետք, Սիսի կաթողիկոսարանի փլատակներուն մէջ առաջին անգամ կը հնչէր Հայրապետական պատգամ՝ ուղղուած մեր ժողովուրդին:
Այս մասին տեսանիւթը արդէն հրապարակուած է ու զայն  կարելի է դիտել՝ այցելելով https://www.youtube.com/watch?v=mcT4iDGJ6KE:

Yorumlar kapatıldı.