İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԿՈՉ` ԹԷՔԷԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

 Լսի’ր, որդիս, պատգամ որպէս
Սիրող քո մօր խօ՜սքը սրտանց,
Այսօրուանից յանձնում եմ քեզ
Հայոց լեզուն հազարագանձ:
 (Սիլվա Կապուտիկեան)
 Անառարկելի իրողութիւն է որ իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ կողքին անհրաժեշտ է ունենալ հայ դպրոց: Վերջին քանի մը տասնամեակներուն Արեւելքէն եկող հայախօս սերունդը իր մայրամուտը կ’ապրի. այլ խօսքով, անցնելու վրայ է: Նոր մատղաշ սերունդը, որ կ’աճի ու հասակ կը նետէ հայ տան մէջ, դժբախտաբար հայօրէն պիտի չապրի եթէ հայեցի դաստիարակութիւն չստանայ որպէս սնունդ իր մտքին ու հոգիին: Իսկ այդ սնունդը կրնայ մատակարարել միա՛յն հայ դպրոցը – ո’չ եկեղեցին եւ ո’չ ալ ակումբը: Հայ դպրոց ըսելով չենք ուզեր հասկնալ միայն մանկապարտէզներ ու ծաղկոցներ, այլ միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններ որոնք հայ լեզուի ճամբով կրնան ամրապնդել եւ կերտել հայ աշակերտին ինքնութիւնը:

            Անգամ մը որ հայ պատանին սպառազինուած ըլլայ հայեցի դաստիարակութեամբ եւ հայ լեզուով,  կրնայ անվարան շարունակել իր բարձրագոյն ուսումը ամերիկեան եւ կամ եւրոպական համալսարաններու մէջ, առանց կորսնցնելու իր հայութիւնը: Եթէ չգուրգուրանք մեր վարժարաններուն վրայ, մեր բոլոր հայապահպանման բաղձանքներն ու ծրագիրները կը մնան միայն որպէս երազային հաճոյք:
            Որքան ալ շեշտենք հայ դպրոցի դերն ու կարեւորութիւնը, եթէ մեր խօսքին չենք միացներ մեր գործօն մասնակցութիւնն ու աշխատանքը զայն կենդանի ոյժ պահելով մեր հասարակական կեանքի մէջ՝ ան կը մնայ լոկ բաղձանքի սահմաններուն մէջ, մինչեւ որ հայախօս հին սերունդը անհետանայ: 
Արտասաhմանեան պայմաններու, նամանաւանդ Միացեալ Նահանգներու մէջ, այդքան ալ դիւրին չէ հայկական դպրոց պահել երբ ամէն քայլափոխին կան պետական հանրային ձրի դպրոցներ: Ամերիկեան «բարձր» քաղաքակրթութեան ազդեցութեան ներքեւ, շա՜տ դիւրութեամբ պիտի ձուլուին մեր նոր սերունդի զաւակները, որովհետեւ պատմութիւնը բազմիցս փաստած է, որ այդ մեծ հալոցին մէջ ոչ մէկ ազգութիւն կրնայ դիմանալ եւ գոյատեւել:
Նկատի ունենալով ձուլումի վտանգը, Ամերիկայի հայ գաղութները պարտաւոր են ի գին ամէն զոհողութեան բանալ հայեցի դաստիարակութեան օճախներ, եւ եղածներուն վրայ ալ գուրգուրալ եւ պահել զանոնք ինչպէս կը պահենք մեր եկեղեցիները, որովհետեւ հայ դպրոցը տաճարն է մեսրոպաշունչ հայ լեզուին:
Թէեւ անցեալին յաճախ կը կրկնէինք որ հայը ոչ-քրիստոնեայ երկիրներու մէջ չի կրնար ձուլուիլ, Միջին Արեւելքի  քաղաքական վերիվայրումները  դժբախտաբար ստիպեցին որ մեր համոզումը փոխենք, որովհետեւ անհանդուրժող իսլամական շարժումները կը սպառնան մեր գոյութեան, ուստի եւ մեր լեզուի յարատեւման, մեզ արմատախիլ ընելով մեր որդեգրուած երկրորդ հայրենիքներէն՝ Սուրիայէն, Լիբանանէն, Պարսկաստանէն, Եգիպտոսէն եւ այլուր:
Ահաւասիկ հայեցի դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը զգալով, Գաբրիէլ Ինճէճիքեան («Խենթը»)  յաջողեցաւ դպրոց բանալ 1960ական թուականներու սկիզբը, Ամերիկայի Արեւմտեան ափին վրայ, ուր սկսած էին հաւաքուիլ Միջին Արեւելքէն եւ արեւելեան Եւրոպայէն հասած նոր գաղթականներ:  Թէեւ թերահաւատներ ծիծաղով դիմաւորեցին Ինճէճիքեանի այս յանդուգն քայլը, եւ սակայն իրողութիւնը մէջտեղն է եւ բոլոր անոնք որոնք քմծիծաղով «Ամերիկայի մէջ մանկապարտէզ» կը յայտարարէին, այսօր լռած են ի տես Ինճէճիքեանի յաջողութեան: Վարձքդ կատա՛ր, Գաբրիէլ…
Այսօր՝ Լոս Անճէլըսահայ գաղութը կը կանգնի դժբախտ իրողութեան մը առջեւ:  Երկա՜ր տարիներու տքնաջան աշխատանքէ եւ յաջողութեան բազմաթիւ մրցանակներէ ետք, Արշակ Տիգրանեան Վարժարանը ո’չ թէ փակուելու վտանգի առջեւ է, այլ Թէքէեան Մշակութային Միութեան պատուարժան վարչութիւնը որոշած է դպրոցը փակելէ ետք՝ կալուածը ծախել, ըստ մեր ստոյգ աղբիւրներուն (երանի՜ թէ սխալած ըլլանք):  Նոյն ատեն կը լսենք ո’չ պաշտօնական աղբիւրներէ, որ վարչութիւնը որոշած է դպրոցը ծախելէ ետք, ուրիշ հայաշատ վայր մը փոխադրել վարժարանը:  Հոլիվուտէն աւելի հայաշատ վա՞յր:  Այս ըսի ըսաւներուն վերջ տալու համար, կ’ակնկալէինք Թէքէեան Մշակութային Միութեան պատուարժան վարչութենէն յստակ յայտարարութիւն մը կամ հաղորդագրութիւն մը. բայց աւա՜ղ, մինչեւ այսօր պաշտօնական ո’չ մէկ յայտարարութիւն, որուն որպէս հետեւանք, կը լսենք զանազան մեկնաբանութիւններ, զորս հրապարակաւ յայտնելու հարկը չենք տեսներ, որովհետեւ մեր մտահոգութիւնը այդ ըսի-ըսաւներէն շա՜տ աւելի խոր են եւ մտահոգիչ:
Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, նման անպատասխանատու քայլ մը բացարձակապէս ներելի չէ, չըսելու համար որ զայն կը նկատենք՝ ոճիր հայ ժողովուրդի գոյութենական պայքարի ճանապարհին վրայ: Մենք պէտք էր նոր դպրոցներ բանայինք ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով, մեր վրէժը լուծելու մեր թշնամիէն, որ փորձեց մեզ արմատախիլ ընել մեր հազարամեայ հայրենիքէն, բայց չկրցաւ կործանել մեր ապրելու եւ ստեղծելու անկորնչելի կամքն ու կորովը: Ինչպէ՞ս պիտի լուծենք մեր մայրերուն եւ մեծ մայրերուն վրէժը, որոնք Տէր Զօրի անապատներուն մէջ, անօթի ու ծարաւ, չմոռցան իրենց մանուկներուն այբուբեն սորվեցնել կիզիչ անապատի աւազներուն վրայ, իսկ մենք այսօր, Ամերիկայի եւ Կիպրոսի հանգիստ պայմաններուն մէջ կը փակենք յաջողած դպրոցներ, զանազան անհեթեթ պատճառաբանութիւններով:
            Ի՛նչ ալ ըլլան տարակարծութիւնները Թէքէեան Մշակութային Միութեան շրջանակէն եւ կամ Արշակ Տիգրանեանի հոգաբարձական կազմէն ներս, եւ կամ ալ տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմէն ներս, ատոնք ո’չ մէկ ձեւով անդրադարձ պէտք չէ ունենան գաղութի գոյութենական պայքարի առաքելութեան վրայ:  Եթէ հարցը նիւթական է, կարելի է համազգային հանգանակութիւն կազմակերպել եւ ապահովել նոր բարերարներ ինչպէս անցեալին: Եթէ հարցը անձնական հեղինակութեան խնդիր է, պէտք է զոհել անձնական շահերն ու հաշիւները՝ ի գին հաւաքականին, այսինք ժողովուրդին: Այլ խօսքով՝ անկարելի բան չկայ այս պարագային, եթէ իսկապէս կը հաւատանք հայ դպրոցի կարեւորութեան, մասնաւորաբար Լոս Անճէլըսի հայահոծ գաղութին մէջ:
            Ամէն անգամ որ դպրոց մը կը փակենք, կ’ուրախացնենք մեր թշնամին եւ կը պղծենք մեր նահատակներու արիւնաթաթախ կտակը – գոյատեւել եւ ապրիլ հայօրէն եւ մեր գոյութիւնը խարսխել հայ լեզուի վրայ, որովհետեւ առանց հայ լեզուի չկայ ինքնութիւն:
            Հաւանաբար շատեր առարկեն, որ դիւրին է խօսիլ քան գործել եւ մանաւանդ դպրոց պահել, որ այդքա՜ն նիւթական զոհողութիւններու կարիքն ունի: Ահաւասիկ՝ պաշտօնապէս եւ հրապարակաւ կոչ կ’ուղղեմ Թէքէեան Մշակութային Միութեան եւ կ’առաջարկեմ հետեւեալը.- Ինչպէս որ ամերիկացին կ’ըսէ, Put your money where your mouth is, հետեւելով այդ ճշմարիտ սկզբունքին, պատրաստ ենք անվճար ստանձնել Արշակ Տիգրանեան Վարժարանի տնօրէնութիւնը եւ ի հարկին ապահովել ա՛յլ կամաւոր սիրայօժար գործակիցներ, եթէ Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը յետս կոչէ իր որոշումը եւ անմիջապէս լծուի դպրոցը վերաբանալու 2015-16 տարեշրջանին համար:
           
            ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
            Նախկին Տնօրէն Մխիթարեան Վարժարանի
            
1 Յուլիս 2015
__._,_.___
________________________________________

Posted by: VOSGAN@aol.com

Yorumlar kapatıldı.