İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԿՂԵՐԱՊԵՏՈՒԹԻ՞ՒՆ ԹԷ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի համացանցային կայքէջին վրայ զետեղուած լուրերէն կ’իմանանք թէ ՝ «Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ Գերաշնորհ Տ. Յովակիմ Եպիսկոպոս Մանուկեանը ազատուելով Արթիկի Թեմի առաջնորդի եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւնների բաժնի տնօրէնի պաշտօններից, նշանակուել է Մեծ Բրիտանիայի հայոց թեմի առաջնորդ»:

Համայնք մը, այս պարագային անգլիաբնակ մեր համայնքը, որ անբաժանելի մէկ մասնիկն է հայ ազգին, քաջութիւնը պիտի ունենա՞յ արծարծելու, ազգային- հասարակական մտահոգութիւններէն մեկնելով, ընտրութիւն պահանջել առողջ ղեկավարութիւն մը յառաջ բերելու համար: Կրնա՞յ ըլլալ որ համատարած այս անտարբերութիւնը արդիւնքն է ա’յն իրողութեան որ ազգը դադրած է հաւատալէ Հայց. Եկեղեցւոյ ազգային դերին:
Դժբախտաբար, մեր համայնքներուն մօտ դրսեւորուած ջոջական-ամիրայական-սակաւապետական կացութիւնները, այս կամ այն կերպով, ուղղակի կամ անուղղակի պատճառ դարձած են որ մեր ժողովուրդը անտարբերութեան դատապարտուի: Ստոյգ իրականութիւն է որ մեր համայնքներէն ներս անդամներու մեծամասնութիւնը չի հետաքրքրուիր իր Եկեղեցիով, իր դպրոցով, իր բարեսիրական հաստատութիւններով, որովհետեւ իրմով հետաքրքրուող չկայ: Մեծագոյն իրողութիւնը ա’յն է, որ մեր եկեղեցիներուն աթոռները մասամբ, եւ քիչ մըն ալ անոնց բակը լեցնող հաւատացեալներու խմբակները, ցուցական հանգամանքէ մը անդին չեն անցնիր: Հետեւաբար` ինչպէ՞ս կարելի է ակնկալել, որ ժողովուրդը իր լիարժէք մասնակցութիւնը բերէ մեր համայնքային կեանքին մէջ:
Նկատի ունենալով մեր Եկեղեցւոյ  հոգեւոր, կրթական, մշակութային եւ հասարակական դերը մեր դարաւոր պատմութեան մէջ, –որուն խոր գիտակցութիւնը ունի մեր ժողովուրդը,– ինչպէ՞ս թարգմանել կամ մեկնաբանել այս համատարած անտարբերութիւնը: Եկեղեցին պէտք չէ վերածուի ծիսակատարութեանց կեդրոններու ու մոմերու վաճառատուներու, այլ՝ կենդանի  ապրումներու եւ ներշնչումի անսպառ աղբիւրի:
Եթէ ժողովրդավարութիւնն ու թափանցիկութիւնը բացակային մեր համայնքներէն ներս, այդ պարագային յառաջ կու գայ անտարբերութիւն եւ լճացում, որմէ միայն կրնան օգտուիլ իրենք զիրենք ազգին տէրերը համարող ջոջ ցեցերը:  Անհրաժեշտ է կրկնել եւ յստակացնել միանգամ ընդմիշտ, որ համայնքը հանդիսատես չէ, եւ իւրանքիւր անձ պարտաւոր է ըլլալ պատասխանատու եւ արդարօրէն պահանջէ իր մասնակցութեան իրաւունքը: Համայնքը իր ներկայացուցիչներու միջոցաւ պարտի՛ եւ պիտի՛ ընտրէ իր արժանաւոր հոգեւոր առաջնորդը, եւ կաթողիկոսը իրաւունք չունի, անտեսելով սահմանադրական եւ ժողովրդավարական կարգ ու կանոնի բոլոր տրամադրութիւնները, առաջնորդ նշանակելու իր ուզած թեկնածուն, որպէսզի դրածոյ առաջնորդը «խոնարհաբար եւ ստրկաբար» ծառայէ անոր բոլոր թաքուն ծրագիրներուն:
Արդար պէտք է ըլլանք եւ երբեք պէտք չէ զլանանք մեր ժողովուրդին ընտրելու իրաւունքը, որովհետեւ նման գաղտնի եւ վերէն պարտադրուած, հրահանգուած, որոշուած եւ նշանակուած առաջնորդներ, ո’չ միայն առողջ դրական գործունէութիւն չեն կրնար ունենալ իրենց թեմէն ներս, այլեւ համայնքին մէջ կը ստեղծեն իրերամերժ եւ իրարու հակասող հոսանքներ, ուր կարելի պիտի չըլլայ տեսնել նախաձեռնութիւն, կամ բարեկարգում, ժողովուրդը առաջնորդելով ճահճացումի:
Անգլիահայ թեմական կեանքէն ներս ստեղծուած դժուարութիւններու մասին յաճախ կարդացինք մամուլի մէջ, ինչպէս նաեւ իմացանք մեր բարեկամներու կողմէ, եւ նոյնիսկ կարգ մը գործող եկեղեցականներու դժգոհանքի արտայայտութիւններէն իրազեկ դարձանք ժողովրդավարութեան սկզբունքներու ոտնահարումի բոլոր փորձերուն՝ կատարուած Մայր Աթոռին կողմէ, ինչ որ հակառակ է մեր սահմանադրական կանոններուն: Ժողովուրդը անտեղեակ պահելու այս վերաբերմունքը, անկասկած, իր ժխտական անդրադարձը կ’ունենայ գաղութի վերաշխուժացման աշխատանքին մէջ:
Անգլիոյ հայութեան նման գաղութ մը, որ չափահաս է, անպայման պէտք է արտայայտէ իր կամքը, որովհետեւ այդ կամքը՝ ժողովուրդի կամքն է: Զարմանալի է որ այսպիսի պարագաներուն կը խուսափինք ժողովրդային իրաւունքի պաշտպանութեան հաստատուն կեցուածք ցուցաբերելու, «գաղութին մէջ ցնցումներ չյառաջացնելու» անտեղի մտահոգութեամբ, եւ, փոխանակ հարցը ուղղակի ճակատէն հարուածելու եւ լուծելու, կը նետուինք անտարբերութեան եւ անհոգութեան ճիրաններուն մէջ: 
Ժողովրդավարութիւնը իմաստ կ’ունենայ երբ համայնքը, որպէս ամբողջական միութիւն, որպէս լիարժէք ժողովուրդ եւ հաւաքականութիւն, կ’ընտրէ իր հոգեւոր առաջնորդը, ապա թէ ոչ՝ կը մնանք եւ կը դառնանք անողնայար, անսկզբունք հաւաքականութիւն մը, տարուբերուող ամէն տեսակի հովերէ եւ ալիքներէ: Հաւաքականութեան մը անտարբերութիւնը՝ յաւակնութիւն եւ իրաւունք կու տայ այն անձին որ ինքզինք ազգին տէրը կը կարծէ: Նման յաւակնութիւններ ի վերջոյ համայնքներէ ներս կը ստեղծեն խմբակներ, մասնատելով եւ ջլատելով գաղութին ոյժերը:
Ժամանակն է որ քայլ պահենք քաղաքակիրթ երկիրներու հետ եւ զարկ տանք ժողովրդավարական անխախտ սկզբունքներու, նամանաւանդ մեր համայնքային կեանքէն ներս: Փոխանակ կաթողիկոսին կողմէ նշանակուած առաջնորդ մը ընդունելու, թելադրուած երեք թեկնածուներու անունները հարցականի եւ քննութեան տակ առնելէ ետք, կարելի էր թեկնածուներուն առիթ տալ որ հեռատեսիլի միջոցաւ վիճարկում ունենային եւ արտայայտէին իրենց մտահոգութիւնները եւ կատարէին առաջադրանքներ՝ թէ ինչպէ՛ս պիտի ղեկավարէին իրենց յանձնուած Թեմը: Նոյն առիթով, տեղւոյն մամուլը կրնար հարցաքննութեան ենթարկել նաեւ թեկնածուներուն ներկան ու անցեալը, չափել անոնց ազգային եւ եկեղեցական հարցերու հմտութիւնը, որպէսզի թափանցիկութեան սկզբունքով ժողովուրդը ընտրէ իր նոր հոգեւոր առաջնորդը: Ժողովրդավարական սկզբունքներու հասցէին մեծ ապտակ մըն է «նշանակուած» ըլլալու հանքամանքը, որ միայն կը յիշեցնէ աւատապետութեան միջնադարեան տխուր շրջանը:
Բոլորիս ծանօթ է որ մեր սփիւռքեան պայմաններուն մէջ Եկեղեցին ունեցած է եւ ունի համայնքին անդամները համախմբելու մեծ կարողութիւն, պայմանաւ որ այդ մեծ իրողութիւնը սեփականութիւնը չդառնայ անհատներու (ջոջերու) եւ կամ կուսակցութիւններու, իրենց օրակարգը յառաջ քշելու համար:  Եկեղեցին յաջողած պիտի ըլլար այսօր, եթէ կարենար իր շուրջ համախմբել ժողովուրդի ստուար մեծամասնութեան գործօն մասնակցութիւնը յօգուտ այդ համայնքի բարօրութեան: Համայնքի մը ոյժը իր իրաւունքներու գիտակցութեան եւ կենսագործման մէջ կը կայանայ, եւ այդ գիտակցութիւնն է որ պիտի դրսեւորուի առաջնորդի ընտրութեան ժամանակ:
Ասկէ առաջ արտայայտուած ենք այս մասին, սակայն անգամ մը եւս կ’արժէ կրկնել այստեղ, որ Եկեղեցին եկեղեցականներուն սեփականութինը չէ, եւ հետեւաբար անոնք չեն կրնար իրենց կամքը պարտադրել գիտակից ժողովուրդին վրայ:  Եկեղեցին ժողովուրդն է ու կը պատկանի ժողովուրդին, եւ ամէն որոշում պէտք է առնուի նոյն ա’յդ ժողովուրդին գիտակցութեամբ եւ լիարժէք գործօն մասնակցութեամբ: Վերջ պէտք է տանք սանձարձակ կղերապետութեան եւ յարգենք սահմանադրական օրէնքի բոլոր տրամադրութիւնները:
Համայնքներու կենսունակութեան միակ ճամբան ժողովրդավարական սկզբունքներու վերահաստատումն է, ապա թէ ոչ՝ կարելի չէ ժողովուրդէն պահանջել որ յանձնառու ըլլայ գաղութային աշխատանքի եւ իր կառուցողական մասնակցութեամբ համայնքը վերաշխուժացնէ:
 ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ                                      
 28 Յունիս 2015
__._,_.___
________________________________________
Posted by: VOSGAN@aol.com

________________________________________

Yorumlar kapatıldı.