İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԱՀԱԶԴ

ՄԱՀԱԶԴ

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսական Հայրերը
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը
Լիբանանի Կաթողիկէ Պատրիարքներու եւ Եպիսկոպոսներու Համաժողովը (APECL)
Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւնը
Ժորժ Թազա եւ ընտանիքը
եւ համայն Թազա ընտանիքը
կը գուժեն մահը

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ԵՒ ԳԵՐԵՐՋԱՆԻԿ ՏԷՐ
ՏԷՐ ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ. 
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ
ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ
որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 25 յունիս 2015-ի
առաւօտեան ժամը 8:45-ին, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ:
Եկեղեցւոյ թաղման կարգը եւ յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուին
երեքշաբթի, 30 յունիս 2015, կ.ե. ժամը 4-ին,
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ-Սուրբ Եղիա Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ:
Ապա հանգուցեալ Հայրապետին մարմինը պիտի փոխադրուի եւ ամփոփուի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ պատրիարքներու դամբարանին մէջ:
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին
երկուշաբթի 29 յունիսին եւ չորեքշաբթի 1 յուլիսին
առաւօտեան ժամը 10:00-էն 13:00 եւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն 7:00
եւ երեքշաբթի 30 յունիսին
առաւօտեան ժամը 10:00-էն 13:00
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ:

Կիրակի 28 յունիսի կէսօրէն ետք ժամը 5-ին հանգստեան սուրբ Պատարագ պիտի մատուցուի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք հաւատացեալները պիտի հրաւիրուին վերջին հրաժեշտը տալու երանաշնորհ Հայրապետին մինչեւ երեքշաբթի կէսօրուան ժամը 1:

Yorumlar kapatıldı.