İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ուաշինկթըն Քննադատած Է Էրտողանի Հակահայ Յայտարարութիւնները

ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ռազմավարական հարցերով գլխաւոր խորհրդական Մերի Հարֆ Յունիս 5ին կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ հայերու, ամերիկեան թերթերու, ինչպէս նաեւ միասեռականներու նկատմամբ հնչեցուցած քննադատութիւններուն, զանոնք անընդունելի որակելով:

«Ամերիկա միշտ կը պաշտպանէ խօսքի ազատութիւնը: Մենք մտահոգուած ենք խօսքի ազատութեան ոլորտէն ներս Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ իրականացուող միջամտութիւններով: Կոչ կ՛ընենք Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որ իրենց գործողութիւնները համապատասխանեցնեն ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն՝ ապահովելով արդարադատութեան անկախութիւն, խօսքի ազատութիւն եւ լրատուական ազատութիւն», նշած է Հարֆ:
Լրագրողի մը այն հարցումին, թէ «կը քննադատէ՞ք հայերու, լրագրողներու եւ միասեռականներու հասցէին Էրտողանի կատարած քննադատական յայտարարութիւնները»՝ Հարֆ ըսած է. «Անկասկած»:

Yorumlar kapatıldı.