İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՈՒԽՏԻ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿ, ՅԵՏՈՅ ԻՆ՞Չ Բ. ՎԵՐԱԲՆԱԿԵՑՈՒՄ

Օտա՜ր, ամայի՜ ճամբէքի վրայ,
    Իմ քարաւանը մեղմ կը ղօղանջէ.
Կանգնի’ր, քարաւանս, ինձի կը թուայ,
   Թէ հայրենիքէս ինձ մարդ կը կանչէ:
(Աւետիք Իսահակեան)
Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի արհաւիրքներէն եւ աւերներէն ետք, երբ Հայ ժողովուրդը կորսնցուցած էր տասնեակ հազարաւոր հայորդիներ, 1946 թուականին Հայաստանի պետութիւնը իմաստութիւնը ունեցաւ, անշուշտ Խորհրդային իշխանութեան կեդրոնի  հաւանութեամբ եւ համամտութեամբ, կազմակերպելու ներգաղթ դէպի հայրենիք (երեք կարաւաններով):

Թէ ի՞նչ էին իսկական քաղաքական պատճառները այս ներգաղթին, որուն մասին քաղաքագէտներ եւ պատմաբաններ զանազան մեկնաբանութիւններ կու տան—

 թէեւ կը կարծուի որ ներգաղթը Խորհրդային իշխանութիւններուն համար «պրոպագանդ»ի (propaganda) համար մեծ նշանակութիւն ունեցող գործողութիւն մըն էր— յամենանայն դէպս՝ այդքան ալ կարեւոր չեն այդ մեկնաբանութիւնները, որովհետեւ ներգաղթը անհրաժեշտութիւն մըն էր այդ օրերուն, նաեւ փրկութիւն՝ անձուկ պայմաններու մէջ բնակող, ցեղասպանութենէն մազապուրծ ճողոպրած հայ ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք Տէր Զօրի անապատներու օրհասական օրերէն ետք կայք հաստատած էին Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներուն մէջ— Սուրիա, Լիբանան, Յորդանան, Իրաք, Պաղեստին, Եգիպտոս:
Անհնարին պիտի ըլլայ վարդագոյն գոյներով ներկայացնել ներգաղթած հայութեան ընդհանուր պատկերը, որովհետեւ անոնք ականատես եղան «Երազային Հայրենիք»ի համատարած թշուառութեան եւ չափազանց աղքատութեան: Պիտի չուզէինք անդրադառնալ նաեւ ա’յն տխուր իրողութեան թէ ինչպէ՛ս հայրենիք գաղթողներէն շատեր զանազան պատրուակներով (քաղաքական, կուսակցական, կրօնական) իրենց նոր գողգոթան գտան Սիպերիոյ սառնամանիքներուն մէջ: Տխուր եւ սահմռկեցուցիչ է նկարագրել մեր հայրենի եղբայրներուն եւ քոյրերուն տառապանքը Սիպերիոյ այդ անմարդկային պայմաններուն մէջ, եւ սակայն չենք կրնար չանդրադառնալ գէթ մի քանի տողով այդ եղերական  անգութ պայմաններուն, որոնց մէջ մեր հայութիւնը ենթարկուեցաւ ամենէն դաժան կացութիւններուն եւ փորձեց իր գոյութիւնը պահպանել մինչեւ իրենց վերադարձը աքսորէն:
Հայրենադարձներուն մէջ կային նաեւ շատեր որոնք իրենց երկիրներուն մէջ բարեկեցիկ կեանք մը կ’ապրէին: Այդ բոլորը գիտակցաբար թողնելով հայրենիքի սիրոյն, ներգաղթեցին եւ  դէմ յանդիման եկան տնտեսապէս ծանրագոյն ճգնաժամ ապրող իրեն տեղացի «քոյրերուն եւ եղբայրներուն» անբարեխիղճ վերաբերմունքին, մինչեւ իսկ «աղբար», «աղբեր» կոչուեցան փոխաբերական իմաստով:
Հակառակ վերեւ յիշատակուած դժուարութիւններուն, հայրենադարձները իրենց դրական ներդրումը ունեցան Հայաստանի կայունացման եւ զօրացման աշխատանքին մէջ, իրենց քրտինքի եւ արեան դրոշմով: Ներգաղթելով Հայաստան՝ մեծ դեր ունեցան երկրի մշակութային, երաժշտական, գիտական, կրօնական եւ հասարակական զարգացման աշխատանքներուն ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ մարտական ոլորտներուն մէջ:
Կազմակերպուած զանգուածային ներգաղթ մը եւս տեղի ունեցաւ 1962-1965 թուականներուն՝ Կիպրոսէն, Սուրիայէն եւ այլուր:  Վերջին ներգաղթ մը եւս կազմակերպուեցաւ եւ քաջալերուեցաւ Պարսկաստանէն, 1970-ական թուականներու սկիզբը, Իսլամական յեղափոխութեան նախօրեակին:  Այս թուականներէն ետք՝ պաշտօնապէս ո’չ մէկ անդրադարձ կազմակերպուած զանգուածային ներգաղթի մը մասին, որուն կարիքը այդքա՜ն ունի մեր հայրենիքը, մանաւանդ Հայաստանի ներքին սփիւռքէն, որ աւելի կանուխէն սկսած էր կազմուիլ երկրին մէջ տիրող անգործութեան հետեւանքով:
Այսօր ազատ անկախ Հայաստանի ժամանակաշրջանին ստեղծուած են հազուագիւտ կազմակերպութիւններ եւ ծրագիրներ, որոնք իրենց քարոզութեամբ կը խթանեն հայրենադարձութեան գաղափարը, մասնաւորպէս երիտասարդ սերունդին մօտ: Անշուշտ կարելի չէ անտեսել երբեք Սփիւռքի Նախարարութեան «Արի Տուն» ծրագիրը եւ յատկապէս նորաստեղծ «Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամը, որուն գլխաւոր նպատակն է քաջալերել հայրենադարձութիւնը: Աշխատանքներ են որոնք տակաւին իրենց նախնական քայլերուն մէջ չկրցան խանդավառութիւն ստեղծել սփիւռքահայութեան մէջ, որովհետեւ այս աշխատանքին մեծագոյն տապարը զարնող տխուր իրականութիւնն է արտագաղթը, որուն պիտի անդրադառնանք յաջորդ յօդուածով:
Հայրենադարձութիւնը միայն քարոզախօսութեամբ չի՛ կրնար իրականանալ, յայտարարելով որ Հայաստանն է ապրելու յարմարագոյն եւ ճիշդ վայրը, հեռու այլասերման վտանգէն: «Արի Տուն» յայտարարողը նաեւ տուն տեղ կը պատրաստէ: Անհրաժեշտ է նախ՝ ստեղծել խոր համոզում եւ գործադրել լիակատար աջակցութիւն, պատրաստելով նպաստաւոր պայմաններ, կեանքի եւ գործի ապահովութիւն՝ զերծ ամէն տեսակի խտրականութենէ:
Պաշտօնական տուուեալներու համաձայն, Սուրիոյ քաղաքական վերջին իրադարձութիւններուն հետեւանքով՝ Հայասատան ներգաղթած են 11,000 սուրիահայեր, որոնք մեծաւ մասամբ կը բնակին Երեւանի եւ կամ մօտակայ արուարձաններու մէջ: Երբեք տարօրինակ թող չթուի Մարալ Նալպանդեանի պատմութիւնը. «56-ամեայ Մարալը Հալէպից է, քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով դեգերումների ելած հերթական սիրիահայը, որ մօտաւորապէս մէկ տարի է, ինչ Հայաստանում է: Այգեստանում վարձած սենեակում, որին վճարում էր ամսական 45 հազար դրամ, սանգահանգոյց չի եղել: Դրսում էր, լոգարանն էլ վարագույրով ծածկած: Ու ամբողջ այդ ընթացքում տիկին Մարալը մարմնի հիգիենան (hygiene) հոգացել է սենեակում՝ տաշտում անջատ-անջատ լուանալով գլուխը, յետոյ մարմնի այլ մասերը:» … «Էն տանը որ մնում էինք, բաղնիքը բակում էր ու դռան փոխարէն վարագոյր էր քաշած,- «Հետքին» պատմում է նա,- ձմռանը ցուրտ էր, ամռանն էլ՝ ախր գոց չէր, անհանգիստ էի, դուն կրնաս հանգիստ ըլլա՞լ»: http://hetq.am/arm/news/55223/chharmarvats-kyanqer-siriahayeric-omanq-erazum-en-gnal-ayl-erkir.html:
Ահաւասիկ այն դժնդակ պայմանները որուն ենթարկուած են Սուրիոյ զանազան քաղաքներէն (Հալէպ, Գամիշլի, Հասիչէ, Հոմս, Քեսապ, եւայլն)  ներգաղթած մեր հայրենակիցներուն վիճակը: Ո’չ, եզակի դէպք մը չէ այս մէկը: Բացէք հայ մամուլի էջերը եւ հոն պիտի տեսնէք ներգաղթողներու գունագեղ, դառն, յուսահատական պատմութիւնները—անբարեխիղճ վերաբերմունք, գողութիւն, խտրութիւն, կաշառակերութիւն, անտարբերութիւն, խաբեբայութիւն եւ մասամբ նոցին—եւ երբեք զարմանալի չէ որ ներգաղթողներուն մեծամասնութիւնը կը ցանկայ արտագաղթել օտար ափեր, նոյնիսկ վերադառնալ իր ծննդավայրը, ստոյգ գիտնալով որ այդտեղ իր կեանքը վտանգի տակ կրնայ ըլլալ: Կրնա՞ք երեւակայել թէ ի՜նչ ողբերգութիւն է այս հոգեվիճակը եւ ի՜նչ ձեւի անդրադարձ կրնայ ունենալ բոլոր անոնց վրայ որոնք կը մտածէին ներգաղթել Հայաստան:
Բոլոր անոնք որոնք ազգային կեանքով մտահոգ են, մեծ հիասթափութիւն կ’ապրին երբ կը տեսնեն որ Հայաստանի պետական համակարգին մէջ, Կրթութեան եւ Գիտութեան Նախարարութենէն սկսած մինչեւ Սփիւռքի Նախարարութիւն, Մշակոյթի Նախարարութիւն, Գիւղատնտեսական Նախարարութիւն, Քաղաքապետութիւն, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու մէջ չեն գտներ սփիւռքահայեր՝ որոնք ներգրաւուած են այդ պետական համակարգերու մէջ, ալ ո՜ւր մնաց որ անոնք հիւպատոսներ, դեսպաններ ըլլան մանաւանդ ա’յն երկիրներուն մէջ, ուրկէ եկած են եւ քաջածանօթ են անոնց լեզուին, բարքերուն եւ մասնաւորաբար հայ գաղութներու կառոյցին: Պիտի գա՞յ օրը՝ երբ հայրենի կառավարութիւնը պիտի գիտակցի արժանաւորապէս օգտագործել Սփիւռքի ներոյժը:
Ահաւասիկ հարց մը որ կարօտ է շատ լուրջ վերլուծումի եւ քննութեան: Նկատի ունենալով վերջին քսանեւհինգ տարիներու փորձառութիւնը, կրնանք ըսել որ Հայրենիք-Սփիւռք փոխ-յարաբերութիւնները այդքան ալ ջերմ չեն եղած. հետեւաբար՝ կազմակերպուած նոր ներգաղթ իրականացնելու համար անհրաժեշտ է զարգացնել այդ փոխ-յարաբերութիւնները—ո’չ թէ անհատ-բարերարներու «ես»ը շոյող շքանշանաբաշխութեամբ, այլ արդար եւ ճշմարիտ, նպաստաւոր կենսական պայմաններ ստեղծելով:
Յաճախ մամուլի մէջ կը կարդանք եւ բեմերէն պաշտօնապէս կը լսենք որ հայրենի կառավարութեան համար առաջնահերթ խնդիր է ներգաղթ իրականացնելը, որ մինչեւ այսօր կը մնայ լօզունգի եւ բաղձանքի սահմաններուն մէջ: Սփիւռքահայերուս համար ալ տակաւին յստակ չեղաւ թէ արդեօ՞ք ներգաղթ կազմակերպելու ցանկութիւնը հրապարակ նետուած է արտագաղթողներուն տեղը լեցնելու, թէ՝ իսկապէս ազգահաւաքման մեծ աշխատանք կը տարուի հայրենիքը նոր աւիւնով եւ նոր ոյժերով զօրացնելու համար:
Նոյնքան կենսական եւ անհրաժեշտ է որ անսովոր հրատապութեամբ վերաբնակեցնենք Արցախի Լեռնային Հանրապետութեան բոլոր շրջանները, նկատի ունենալով թշնամիին ամէնօրեայ սպառնալիքները ո’չ միայն ազատագրուած հողերու գրաւման, այլեւ խաղաղ բնիկ ժողովուրդի բնաջնջումի կապակցութեամբ: Ակնյայտ է որ նման վերաբնակեցում մը անպայման պէտք է ըլլայ պետական հովանաւորութեամբ, Սփիւռքի գործօն մասնակցութեամբ, եւ ստեղծուին մարդկային տարրական պահանջները լրացնող ամէն ձեւի կենսական հասարակական պայմաններ:
Ահաւասիկ երկու սրբազան առաքելութիւններ, մարտահրաւէրներ, մասնաւորաբար համայն Սփիւռքի առջեւ դրուած: Տեսանք արդէն թէ ինչպէս Միջին Արեւելքի հայութիւնը,  մասնաւորաբար լիբանանահայութիւնը, տակաւ առ տակաւ, 1970ական թուականներէն սկսեալ, քաղաքացիական պատերազմի արհաւիրքներէն փախչելու համար հեռացաւ «հայրենամերձ» գաղթօջախներէն եւ գնաց օտար ափեր, հակառակ այն իրողութեան որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եւ մեր աւանդական կուսակցութիւնները սկզբունքային գետնի վրայ դէմ արտայայտուեցան այս գաղթին—ուրիշ հարց թէ ատիկա քարոզողներէն շատեր Կրին Գարտ (Green Card) ապահոված ըլլալով հանգիստ կը զգային իրենց մորթին մէջ—, թէեւ երբեք պաշտօնապէս չքաջալերեցին որ մեկնող հայութիւնը գէթ Հայաստան գաղթէր, եւ ո’չ ալ օրուան Խորհրդային Հայաստանի ղեկավարները լայնօրէն բացին հայրենիքի դռները նոր ներգաղթի մը առջեւ, որ կրնար շա՜տ դրական ճակատագրական դեր ունենալ հայրենիքի թուային աճումին մէջ: Եւ այս բոլորը պատահեցան, որովհետեւ երկու կողմերն ալ, Հայաստան եւ Սփիւռք, յստակ կազմակերպուած ծրագիր մը չունէին:  Ահաւասիկ ճիշդ այս ժամանակամիջոցին, ինչպէս գիտենք, մեր հայաստանցի քոյրերն ու եղբայրներն ալ միւս կողմէ՝ արտագաղթեցին, օգտուելով Ամերիկայի Լաութընպըրկի (Lautenberg Amendment) օրէնքէն, որ յատուկ կերպով պատրաստուած էր հրեաներուն համար որպէսզի Սովետական Միութենէն կարենային արտասահման գաղթել:
Այսօր նոյն տխուր իրականութեան առջեւ կը գտնուին մեր սուրիահայ եղբայրներն ու քոյրերը, որոնց փրկութեան համար կոչեր կը հրապարակուին հայկական մամուլին մէջ:  Ու՞ր են մեր սփիւռքի կազմակերպութիւնները: Ու՞ր է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը: Ու՞ր է Հայասատանի Պետութիւնը: Ո՞վ տէր պիտի կանգնի այս խեղճ ժողովուրդին: Շատ դիւրին է ըսել մի’ գաղթէք, հայ գաղութները մի’ պարպէք: Դադրեցէ՛ք հրապարակային ձեր ճառախօսութիւններէն եւ բեմախօսութիւններէն եւ գործնական լուծում առաջարկեցէք: Հայկական առածը կ’ըսէ. «խօսքով փիլաւ չ’եփիր». ձեր հանգիստ, ապահով վայրերուն մէջ նստելով, կրակի տակ ապրող, կեանքի դէմ մաքառող ժողովուրդին չէք կրնար հայաթափութեան վնասներուն մասին խօսիլ: Վերջին չորս տարիներու սուրիական քաղաքացիական պայքարի հետեւանքով՝ սուրիահայութիւնը դժոխային պայմաններու տակ օր աւուր կ’ապրի, իսկ մենք չկրցանք միասնաբար ծրագիր մը որդեգրել թէ ո՛ւր պիտի առաջնորդենք մեր ժողովուրդը: Հաւանաբար չսորվեցանք մեր դասը, որ Միջին Արեւելքը այլեւս քրիստոնեայ ժողովուրդներու համար ապահով երկիր չէ:  Տակաւին վերջերս էր՝ Մարոնիներու Կարտինալ Րայի Պատրիարքը ահազանգ կը հնչեցնէր որ քրիստոնեայ ժողովուրդներու անհետացումը միջին Արեւելքի մէջ անխուսափելի է այլեւս:  Այս բացայայտ ճշմարտութեան գիտակցութիւնը ունի՞ն մեր ղեկավարները:
Ժամանակն է որ արմատական լուծումներ առաջարկենք համասփիւռ հայութիւնը փրկելու եւ համախմբելու Հայաստանի եւ Արցախի մէջ յանուն հայոց պետութեան բարօրութեան եւ ազգային բարգաւաճման:  Վաղը կրնայ ուշ ըլլալ….:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ                                                 (Շար. Գ.)
 10 Յունիս 2015
Diyarbakır Müzesinde «Ermenilerin geçirdiği tarihsel süreç» sergisi
17:40, 04.06.2015
Bölge:Ermenistan, Türkiye
Konu: Toplum, Kültür

Yorumlar kapatıldı.