İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հայաստանի Անկախացման 97ամեակի Նշում Սարդարապատի Մէջ

ԵՐԵՒԱՆ.– 28 Մայիսին Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանական վերնախաւը, աւանդութեան համաձայն, Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրին մէջ մասնակցած է մայիսեան յաղթանակներուն եւ Առաջին հանրապետութեան ստեղծման 97ամեակին նուիրուած հանդիսութեան:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան այս առիթով ծաղկեպսակ զետեղած է Սարդարապատի ճակատամարտի հերոսներուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին առջեւ եւ յարգանքի տուրք մատուցած: Նախագահը, որ նաեւ զինուած ուժերու Գերագոյն գլխաւոր հրամանատարն է, ողջունած է տօնին առիթով կայացած զօրահանդէսին մասնակիցները, շնորհաւորած Հանրապետութեան տօնին առթիւ:
Անկէ ետք Սարդարապատի յուշահամալիրի Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան ազգային թանգարանին մէջ տեղի ունեցած է պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւն Հանրապետութեան տօնին առիթով:
Նախագահին հրամանագիրներով, այս առիթով պետական պարգեւներ եւ կոչումներ տրուած են գիտութեան, կրթութեան, տնտեսութեան, առողջապահութեան, մշակոյթի ոլորտներու, արուեստի ու մարմնակրթութեան բնագաւառներու, Սփիւռքի շարք մը ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ հայոց բանակի խումբ մը զինուորներու: Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտնած է, որ լուրջ խորհուրդ ունի այն փաստը, որ բարձր պարգեւներ կը տրուին 28 Մայիսին, Սարդարապատի մէջ։
Հանդիսութեան մասնակիցները այնուհետեւ մասնակցած են տօնական նախաձեռնութեան։

Yorumlar kapatıldı.