İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Եկեղեցի՞, թէ՞ Մզկիթ

ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ Առ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեան

Պոլսոյ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ
Սոյն բաց նամակին վերնագիրը, առաջին հայեացքով, վստահաբար խորթ թուի ընթերցողին: Այս գրութեան պատճառը առաւել եւս խորթ է: Վերջերս ընկերային լրատուամիջոցներուն՝ facebook-ի https://www.facebook.com/video.php?v=1461390254100019&set=vb.100006871744964&type=2&theater Նշեմ, որ Facebook-ի վրայ տեղադրուած այս տեսերիզը աւելի ամբողջական պատկերացում կու տայ ընթերցողին:) եւ youtube-ի (https://www.youtube.com/watch?v=NlwxCWdxlHg https://www.youtube.com/watch?v=gO6VXWFHvDU) վրայ տեղադրուած է Պոլսոյ Օրթագիւղ թաղամասի հայոց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ խորանին առջեւ, «Կանանց Դասավվուվ» երգչախումբին ընկերակցութեամբ, «Շէպ-ի-Արուս»ի թուրք սուֆի Տերվիշ կրօնականներու ելոյթին տեսերիզը (հատուածաբար):

Կարծէք չէր բաւեր Հայ Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած այս արտառոց ոտնձգութիւնը, ի վերայ այսր ամենայնի, սոյն ձեռնարկը կը վայելէր Պոլսոյ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հանդիսապետութիւնը:

Մէկ կողմէ՝ սոյն ձեռնարկին եւ անոր ԲԱՐՁՐ հանդիսապետին մասին Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանին որեւէ պաշտօնական լրատուութիւն չհրապարկելը, միւս կողմէ՝ այլ վեղարաւորներու եւ քահանայ հայրերու բացակայութիւնը (հրապարկուած տեսերիզի բաժիններուն մէջ գէթ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կղերականներ չեն տեսնուիր) այլ ենթադրութիւններու կը տանի ականատեսը:
Վստահ ենք, երբ բացատրութիւն խնդրուի Հայ Եկեղեցւոյ անյարիր այս երեւոյթին մասին, պիտի ըսուի, թէ սուֆի Տէրվիշները մշակութային բնոյթ ունին, որովհետեւ ձեռնարկը՝ իր ընդհանուր գիծերով, այդ պարունակին մէջ դրուած է: Նշենք նաեւ, որ թրքական պետութիւնը այդպէս կ’ուզէ ճանչնալ իսլամական այս կրօնական խմբակը:
Բարձրաշնորհ Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայր, եթէ այդպէս կը կարծէք, շատ լաւ, բայց խնդրեմ առնուազն իմացէք, որ ամէն մարդ այդքան ալ միամիտ չէ, նուազագոյնը չօգտագործելու համար տգէտ բառը: Հակիրճ պատմականով մը, ընթերցողին հպանցիկ ներկայացնեմ Սուֆիզմը եւ Տէրվիշներու այս ելոյթներն ու պարերը, որոնք զուտ կրօնական բնոյթ ունին:
Ճելալ ատ-Տին ալ-Րումի (1207-1273) սուֆի բանաստեղծը, Թուրքիոյ Գոնիա քաղաքին մէջ, ինք հաստատած է Տերվիշներու միաբանութիւնը եւ հիմը դրած այս աղօթական պարի ( Անոնք՝ որոնք ծանօթ չեն աղօթական այս ձեւին, երբ Facebook-ի տեսերիզը դիտեն, պիտի անդրադառնան, թէ ինչ բանի կ’ակնարկեմ) աւանդութեան, որ Սեմա կը կոչուի: Ալ-Րումիի մահէն ետք, անոր զաւակը՝ Սուլթան Վելէտ, շարունակած է հօրը սկսած միսթիք աղօթքի այս ձեւը, որուն կիրառութիւնը առանց ընդմիջումի շարունակուած է մինչեւ 1925, երբ Քեմալ Աթաթուրք 677 օրէնքի հաստատումով՝ արգիլած եւ փակած է Տերվիշներու աղօթատեղիները: Դեկտեմբեր 1953-ին, Գոնիայի մէջ, վերստին արտօնուած է այս միսթիք աղօթական պարը: Այսօր, այս պաշտամունքային վայրերուն բացումը Թուրքիոյ մէջ կ’արտօնուի միայն զբօսաշրջիկութեան պիտակին տակ, եւ ո՛չ թէ կրօնական նպատակներով:
Ինչ կը վերաբերի արարողութեան ընթացքին կատարուած շարժումներուն եւ Տերվիշներուն զգեստներուն, անոնք բոլորն ալ ունին իրենց կրօնական սեմպոլները: Այսպէս, Տերվիշներուն դրած ֆէսերը (Կարմիր թրքական գլխարկներ), որոնք ամրօրէն զետեղուած են անոնց գլուխներուն վրայ, որպէսզի պարի ընթացքին չիյնան, կը խորհրդանշեն անոնց գերեզմանաքարերը: Յատուկ քալուածքով ու կշռոյթով անոնց բեմ մուտք գործելը կը կոչուի Սուլթան Վելէտի թափօր, որուն ընթացքին անոնք իրենց գերեզմանները խորհրդանշող սեւ վերարկուներ հագած կ’ըլլան: Նախքան պարի սկսիլը, անոնք կը հանեն իրենց սեւ վերարկուները եւ ապա կ’երկարեն իրենց ձեռքերը, մէկ ափը դէպի երկինք, իսկ միւս ափը՝ դէպի երկիր: Անոնք կը հաւատան, որ պարի ընթացքին երկինքի ուժը կը մտնէ դէպի վեր բացուած ափէն եւ մարմինին մէջէն անցնելով՝ դուրս կու գայ դէպի վար բացուած ափէն: Տերվիշները իրենք զիրենք Աստուծոյ «գործիք»ները կը նկատեն, որոնք սակայն աստուածային ուժը իրենց մէջ չեն կրնար պահել կամ անոր ուղղութիւն տալ: Իսկ պարին գաղափարը առնուած է Քուրանէն՝ «Արեւելքը եւ Արեւմուտքը կը պատկանին Աստուծոյ. ձեր նայուածքները ո՛ր կողմ ալ ուղղէք, իր դէմքին պիտի հանդիպիք. անիկա իր անհունութեամբը եւ գիտութեամբը լեցուցած է տիեզերքը» (Քուրան, գլուխ Բ.՝ «Կովը», 115: Հայերէն թարգմանութեան մէջ գլուխ Բ.՝ «Կովը» 109: Քուրան Հանդերձ Մուհամմէտի Կենսագրութեամբ, Թարգմանուած ֆրանսերէնէ, թարգմանիչ՝ Լեւոն Լարենց, (Կ. Պոլիս, Տպարան Յ. Ասատուրեան եւ որդիք, 1911), էջ 47): Վերջապէս, իրենց անձնական միսթիք փորձառութեամբ Տերվիշները կը փորձեն Աստուծոյ սիրոյ եւ իմաստութեան հասնիլ:
Վերջին վաթսուն տարիներու ընթացքին, միջ-եկեղեցական շարժումին իբրեւ արդիւնք, եկեղեցիներ քով-քովի գալով՝ սկսան միասնաբար աղօթել եւ զԱստուած փառաբանել: Քրիստոնէական եկեղեցիները սկսան բացուիլ նաեւ այլ կրօններու՝ երկխօսութիւն հաստատելու եւ զանազան ընկերային հարցեր քննարկելու նպատակով: Անշուշտ, մերձեցման միտող այս բոլոր նախաձեռնութիւնները ողջունելի են, բայց միջ-կրօնական ու միջ-եկեղեցական հաւաքներուն եւ ժողովներուն նպատակը եւ տարբերութիւնը յստակ պէտք է ըլլայ մեզի: Սակայն, ըստ երեւոյթին, «մարգարէատեսիլ» Արամ Արքեպիսկոպոս, քայլ մը առաջ անցնելով՝ ձեռնարկեց միջ-կրօնական միութեան, հրաւիրելով Տերվիշները՝ այլ խօսքով իսլամները, որ միջ-կրօնական աղօթք կատարեն Հայ Եկեղեցւոյ մէջ: Թէեւ թրքերէն լեզուին չեմ տիրապետեր, սակայն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Սուրբ խորանին առջեւ, «Կանանց Դասավվուվ» երգչախումբին երգած սուֆի հոգեւոր երգերուն մէջ հետեւեալ բառերը կը հնչեն. «Հաեաքա եա րասուլ Ալլահ», որ կարելի է թարգմանել՝ «Օրհնեալ ըլլաս, ո՜վ Աստուծոյ մարգարէն», կամ «Լա իլահա իլլ-Ալլահ, Մուհամմէտ րեսուլ Ալլահ», որ կարելի է թարգմանել՝ «Բացի միակ Աստուծմէ չկայ ուրիշ Աստուած եւ Մուհամմէտը Աստուծոյ մարգարէն է»: Անշուշտ, բոլոր կրօններուն աղօթքները եւ աղօթական ձեւերը յարգելի են եւ մեր նպատակը զանոնք դատապարտել կամ քննադատել չէ, քաւ լիցի: Սակայն, դատապարտելին ու քննադատելին ա՛յն է, որ Տերվիշները եւ անոնց երգչախումբը հրաւիրուած են՝ իրենց իսլամական աղօթքը Հա՛յ Եկեղեցւոյ մէջ կատարելու:
Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայր, գիտէի՞ք արդեօք, որ մեր պապերը, այո՛, մեր պապերը եւ, ո՜վ գիտէ, հաւանաբար նաեւ ձեր, իրենց արիւնը թափեցին, որպէսզի մարդիկ հայուն դարաւոր սուրբ հաւատքն ու քրիստոսաւանդ կոչումն ու առաքելութիւնը չպղծեն: Անոնք մերժելով մերժեցին ենթարկուիլ ցեղասպան թուրքին պարտադրանքներուն, նոյնիսկ առ երեսանց «Լա իլահա իլլ-Ալլահ, Մուհամմէտ րեսուլ Ալլահ» չյանկերգեցին, ընհակառակն, արիացան ազգովին եւ, հաւատարիմ մեր անուն ու անանուն բոլո՛ր մարտիրոսներուն արիւնով աւանդուած կտակին եւ մեր Փրկիչին՝ Յիսուսի օրինակով՝ «մահուամբ զմահ կոխեցին»: Հիմա այլ հարց մը կը ծագի մտքիս մէջ. արդեօք թուրքերը պիտի արտօնէի՞ն, որ մզկիթներու մէջ հայերէն շարականներ երգուին…
Պատմութիւնը այսօր ինքզինք կը կրկնէ, սակայն դերերը փոխուած են: Պարզապէս նշելու համար թրքական հողին վրայ մզկիթի վերածուած բազմահարիւր եկեղեցիներէն ու տաճարներէն ամէնէն նշանաւորը, կ’ուզեմ յիշել, թէ Սուլթան Մեհմետ Բ. երբ 1453-ին գրաւեց Կոստանդնուպոլիսը, պնդեց, որ Այա Սոֆիայի տաճարը մզկիթի պէտք է վերածել: Այսօր, նոյն քաղաքին մէջ, ըստ երեւոյթին պէտք չունինք թուրք սուլթաններու, որպէսզի նման հրահանգներ տան, որովհետեւ, ի՜նչ ողբերգութիւն, մեր Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան կարգերուն մէջ թափանցած է թուլամորթ եւ սուլթանամիտ հայ առաջնորդ եկեղեցական մը:
Սրբազան Հայր, ի սէր Աստուծոյ, ըսէ՛ք, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, ա՞յս էր հայ ազգին աւելի քան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը վառ պահելու նպատակով ձեզմէ սպասուած յարգանքին ձեր անյարգելի վերաբերումը: Ձեզմէ չենք սպասեր, որ Պոլսոյ Թաքսիմի հրապարակը կենալով մեր ժողովուրդին իրաւունքները պահանջէք: Սակայն Ձեզմէ կը պահանջենք, որ տէր կանգնիք մեր եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն ու սկզբունքներուն:
Աւանդապահ Հայկազուն

Yorumlar kapatıldı.