İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Երուսաղեմի պատրիարքի նամակը Գարեգին Բ-ին. Հով սերմանեցիք ու հիմա պիտի պատրաստուիք անոր փոթորիկները հնձել

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց 
Էջմիածին, Հայաստան 
Վեհափառ Տէր,       
Վստահ եղէք թէ այս տողերը ակամայ թուղթին կը յանձնեմ, մանաւանդ երբ տակաւին քիչ առաջ լսեցի թէ վերջերս պախարակած ըլլաք ձեր եպիսկոպոսները, որոնք իբր թէ կայքէջերուն մէջ յաճախակի երեւցող ձեր դէմ գրուած բազմաթիւ յօդուածներուն երբեք չեն հակազդեր. ինչպէս կըսեն, »Լռութիւնը համաձայնութեան նշան է«: 

Սեպտեմբեր ամսուն, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ կայացած Ներկա-յացուցչական թատերական ժողովի ընթացքին դարձեալ կրկնուած է ու ծեծուած Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Առաքելական եւ Նուիրապետական Աթոռը վերածել ինչ որ »թեմի« մը տեսակէտը, զոր  ձեր գահակալութեան առաջին տարիներուն ներկայացուած էր նոյնպիսի ժողովի մը:  Ըսուած է »Պտուղը ծառէն հեռու չիյնար«, եւ այս տարի մի քանի վայրահաչ բերաններ՝  Յովնան, Միքայէլ, Հայկազուն եւ Յովակիմ Սրբազաններ … հասկնալի պատ-ճառներով, թելադրուած ու տարուած – ոչ այնքան իրենց աթոռներու եւ դիրքերու, այլ աւելի գրպաններու ապահովութենէն –  ձեր գլխաւոր եւ միակ մտահոգութիւնը յայտնելով, »քաջաբար« պահանջած են, որ Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը անմիջականօրէն ենթարկուէր Էջմիածնի: 
Այդ եպիսկոպոսներէն՝ Յովնան Սրբազան, տակաւին մի քանի տարիներ առաջ փափաք կը յայտնէր անդամակցելու Ս. Յակոբեանց Միաբանութեան, նման իր միաբանակցին՝ Բագրատ Սրբազանին, տարուած ապագայի վառ յոյսերէ:  Միքայէլ Սրբազան՝ փոխանակ զբաղելու անմիջական սպառնալիքովը իր իսկ թեմէն ներս ծաւալող աղանդներուն եւ կաթոլիկութեան, կը զբաղի իր մտային կարողութիւններէն վեր հարցերով:  Նիւթապաշտ Հայկազուն Սրբազան, հազիւ արժանացած եպիսկոպոսութեան, իր երբեմնի հակա-Գարեգինեան յանկերգը վերածած է »Միայն Գարեգին« քայլերգի:  Իսկ պիտի չուզէինք խօսիլ Յովակիմ ըսուած ողբերգութեան մասին, որ Երուսաղէմ եկող Էջմիածնական կարգ մը եպիսկոպոսներուն նման գանգատներ կը տեղացնէր ձեր բըռնա-պետական – կը գոհանանք միայն այս բառը գործածելով –  վերաբերմունքին մասին հանդէպ ամբողջ միաբանութեան:  
Բոլոր այն Էջմիածնական միաբանները որոնք եկած ու վայելած են այս Աթոռին բարիքները, կÿերեւի տարուած իրենց վաճառականութեամբ, չեն նը-կատած եւ կամ ալ չեն ուզած տեսնել այն յաւիտենական պայքարը զոր Հայ Երուսաղէմի իւրաքանչիւր միաբան կը տանի ի խնդիր եւ ի հաշիւ մեր Ազգային իրաւունքներուն:  Կարծէք չէր բաւեր մեր ամենօրեայ հարցերն ու դժուարու-թիւնները քրիստոնեայ միւս համայնքներուն հետ,  իսկ միւս կողմէն  հրեաներու եւ իսլամներուն հետ մեր մշտակայ խնդիրները, հիմա ալ Մայր Աթոռի միա-բանութիւնը ձեր նման, խաչակրութեան ելած է Երուսաղէմի Պատրիարքութեան դէմ, տարուած միահեծանութեան մարմաջէ … պտուղը ծառէն հեռու չիյնար:  Վեհափա՛ռ, ժամանակին փորձեցիք Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ Նուիրապետական Աթոռները չէզոքացնել բայց չյաջողեցաք, եկէ՛ք մէյ մըն ալ մի՛ փորձէք:  Եւ բնաւ մի՛ մոռնաք, որ օտարներ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ծանօթացած են Երու-սաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան միջոցաւ: 
Այս Սրբազան Հաստատութիւնը ամբողջ դարեր տոկացած է մարդկային եւ բնութեան արհաւիրքներուն, ձեր նախնիները, կաթողիկոսներու ամբողջ սե-րունդներ ճանչցած եւ ընդունած են Պատրիարքութեանս Կանոնադրութիւնն ու Նուիրապետութիւնը, իսկ ի՞նչն է որ ձեզի իրաւունք կու տայ թելադրելու ձեր մանկալաւիկներուն այդպէս ժխտական կեցուածք որդեգրելու Միաբանութեանս դէմ, միթէ դուք ձեզ ձեր նախնիքներէն աւելի խելացի՞ կը կարծէիք:  Վաճառա-կանական եւ առեւտրական յատկութիւններ ունենալը անպայմանօրէն խելա-ցութեան յայտարարներ չեն:  Դուք կրնաք մարդ առնել ու ծախել սակայն ԵՐ-ԲԵ՛Ք ՉԷՔ ԿՐՆԱՐ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ՊԱՀԵԼ ԵՒ ԻՒՐԱՑՆԵԼ:
Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմին, Ուինսթըն Չըրչիլ կու գար Գերման ղեկավարներուն զգուշացնելու, թէ »Հով սերմանողը՝ փոթորիկ կը հնձէ«:  Եւ դուք տասնամեակէ մը աւելի ձեր պաշտօնավարութեան շրջանին միայն հով սերմանեցիք ու հիմա պիտի պատրաստուիք անոր փոթորիկները  հնձել:  Տարիներ անցեր են Խորհրդային կարգերու փլուզումէն ի վեր, այն օրերուն երբ անոնք գործի կը լծէին մութ անցեալ ունեցող աշխարհական եւ ինչու չէ նաեւ հոգեւորական արկածախնդիրներ, ստեղծելու այսպէս կոչուած »Ազատ Եկեղեցի«   շարժումը:  Եւ այս օրերուն, ցաւ ի սիրտ, կը տեսնուի թէ այդ միեւնոյն ախտավարակ ոգին կը վերարծարծուի նոյն ինքն Մայր Հայրենիքի մէջ, ուր նորելուկ աղանդներ տակաւ կը ծաղկին ու կը զօրանան ձեր իսկ »բարի ու հանդուրժող« նայուածքին տակ:  Դուք՝ որ կոչուած էք ըլլալու գլուխը մեր Եկեղեցւոյ, միացած քաղաքական ապակրօն եւ հաւատազուրկ ղեկավարներու, կը փորձէք ձեր աճուրդի դրուած խելքով եւ մանկունակ ու քմահաճ որո-շումներով, արմատախիլ ընել Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ դարաւոր կաղնին, որովհետեւ հակառակ ձեր տարիներու բոլոր արեւներուն, դուք տակաւին չէք հասունցած:  Ձեր բովանդակ կեանքի երկարութեան, ձեզի պակսած է տարրական ողջմտութիւնը, հաւատքի եւ գիտակցութեան համադրումը, որ մարդուն տրուած մեծագոյն շնորհներէն մին է:
            Ձեր մտածելակերպին պէս սոփեստ եւ անպատասխանատու են ձեր ար-տայայտութիւններն ու որոշումները:  Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին իր դարաւոր գոյութեան ընթացքին արտաքին հարուածներէն այնքան չէ սոսկա-ցած, որքան այն անմիտ եւ քանդիչ փորձերէն, զորս դո՛ւք Վեհափառ, ծոցածին զաւակը այս նոյն Եկեղեցւոյ, կը պատրաստէք ի՛ր մէջէն՝ ի՛ր դէմ:  Հայ Եկեղեցին բաժնել իր նկարագրէն՝ պիտի նշանակէր կտրել պորտը իր անցեալէն, ուր կրօնի զգացումն ու ազդեցութեան գաղափարը փոխադարձաբար իրար ամրապնդած եւ իրար հետ շաղահիւսուած են, յօրինելով մեր Հայու դիմագիծը եւ ստեղծելով հրաշքը մեր դարերուն:  Անոնք որոնք ինքզինքնուն իրաւունք տուած են հան-րային շահերուն եւ բարոյականին հսկելու, քաջ պէտք է գիտնան թէ կայծքարը առանց հարուածի բոց չտար, ինչպէս նաեւ պալարները չեն դարմանուիր առանց նշդրակի հարուածին:  Կը գրենք այս տողերը հաւատալով, որ չարիքը տեսնել եւ անտարբեր մնալ՝ պիտի ըլլար չարիքին օժանդակել:  Ու դարձեալ Մեր Հայր Պարետի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան առթիւ ցուցաբերեցիք նոյն տհաս եւ խակ կեցուածքը – յենելով կարգ մը մարդոց ասէ-կոսէներուն եւ հին հաշիւներուն վրայ, մարդիկ՝ որոնք կտրած իրենց իսկ պորտերը ազգին հետ, կը փորձեն մի քանի տոլարով »գնել« չգիտցած ու չհասկցած բաներնին –  միշտ անտեսելով էականը, ՃԻՇԴԸ, որ այս պարագային Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբա-նական Ժողովի որոշումն էր: 
            Դո՛ւք անտեղի պարսաւող մըն էք եւ առաջնակարգը երկրորդականէն տարորոշել չգիտցող անձ մը, մէկը՝ որ իր աչքին կարողութեամբ եւ կամ ալ ակնոցին գոյնին համեմատ կը տեսնէ իրողութիւնները, ուրիշ խօսքով Վեհափառ, դուք ձիերը կառքին ետեւէն լծողներէն էք: Այլեւս ժամանակը հասած է, որ դադրիք դրախտաբնակի մը նման փորձելէ ձեր բարոյական մերկութիւնն ու սնանկութիւնը թուզի տերեւներով ծածկելէ:
            Այս օրերուս, մեր Եկեղեցին կը գտնուի այնպիսի վիճակներու եւ երեւոյթներու դիմաց՝ որոնք լուրջ կասկածներու եւ տրտում հեռապատկերներու կը տանին մեր միտքը, երբ վայրկեանի մը համար միայն աչքի առաջ ունենանք մեր երբեմնի ազգային եւ կրօնական այն բոլոր առաքինութիւնները, որոնց շնորհիւմեր ժողովուրդը երբեմն բան մը արժած եւ տակաւին կրնայ արժել:  Քա՛ջ գիտցէք, որ ժողովուրդի մը ոյժին եւ մեծութեան գաղտնիք նիւթն ու նիւթականը չեն, որովհետեւ ժողովուրդներ չեն մեռնոր իրենց ստացած Ֆիզիքական վէրքերէն, այլ աւելի, հոգեկանէն:   Մեզ ազգովին հարուածողը մեր դիմագրաւած աղէտներէն աւելի մեր ազգին ղեկավարներու անտարբերութիւնն ու եսակեդրոնացումն է, եւ այս մէկը բնական մահ մը կրնայ նկատուիլ ժողովուրդի մը համար:  Ժամանակը եկած է Վեհափառ, որ դուք պարտիք վերագտնել ձեր հոգեկան արժէքները, եթէ երբեւիցէ ունեցած էք, ապա թէ ոչ դուք եւս դուք ձեզ հռչակէք կարգազուրկ եւ մեր Մայր Եկեղեցին փրկէք ամբողջական կործանումէ:    
Հայաստանեայց Եկեղեցին միշտ եղած է օճախը մեր ցեղին իմացական, հոգեկան եւ բարոյական ձգտումներուն:  Ան եղած է գերազանցապէս մեր հա-ւատքի Տապանակ Ուխտին:  Մեր Եկեղեցին, կրօնա-ազգային այս պատկառելի հաստատութիւնը,  մեր ժողովուրդի մեծագոյն ստեղծագործութիւնն է, որ պատ-մական ու քաղաքական անյարիր պայմաններու մէջէն անցնելով Ձեւ եւ Նըկա-րագիր առնելով հասած է մեզի, եւ դուք իբր »Հայր ամենեցուն« պարտիք անո-խակալ, հաւասար եւ մանաւանդ բարեմտօրէն նայիլ բոլորին:  Ձեր կասկածները, տեղի կամ անտեղի, որոնք ընդհանրապէս անտեղի եղած են,  եւ պարագաներ կան երբ  ձեր կողմէն մեծութիւն պիտի ըլլար ընդունիլ գործուած սխալը: 
            Վեհափառ, քաջ վստահ եղէք, որ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը մեզի համար կը մնայ ու միշտ պիտի մնայ աղբիւր ներշնչման եւ յոյսի, սակայն դուք …
                                                                                       Նուրհան Արք. Մանուկեան
                                                                          Պատրիարք Հայ Երուսաղէմի
Յ.Գ. Նկատելով որ տարրական քաղաքավարութիւնն անգամ չունեցաք պատասխանելու Պատրիարքարանէս ձեզի ուղղուած նամակին, նախընտրեցի համացանցով հասցնել այս մէկը:
 http://www.lragir.am/index/arm/0/society/view/107260

                                                                                                                      Ն.Ա.Մ.

Yorumlar kapatıldı.