İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՕՐԷՆՔ, ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ՄԵՆՔ

Ի՞նչ պիտի հասկնանք եկեղեցի ըսելով, եւ ի՞նչ կապ ունի եկեղեցին օրէնքի կամ իրաւունքի հետ: Բոլորս ալ գիտենք որ Եկեղեցւոյ հիմնադիրը նոյն ինքն Քրիստոս է, որ իր կեանքի օրինակով ցոյց տուաւ մարդկութեան թէ ինչ կը նշանակէ հաւասարութիւն եւ եղբայրութիւն:  Այս երկու չափանիշներու չգոյութեան պատճառով  մարդիկ դարձած էին հլու հնազանդ ստրուկներ, որովհետեւ բիրտ ոյժն էր որ կը գերիշխէր:

            Ահաւասիկ այս վեհ սկզբունքներով, համամարդկային բարձր գաղափարներով եւ սիրոյ քարոզներով Քրիստոս փարատեց բոլոր վանողական արգելքներն ու խտրութիւնները եւ մօտեցուց մարդերը որպէս մէկ ընտանիք, յորդորելով որ ըլլան կատարեալ՝ ինչպէս որ երկնաւոր Հայրն է կատարեալ: Հասնելու համար այդ կատարելութեան, անհրաժեշտ է որ մարդ ունենայ այնպիսի բարոյական ոյժ եւ բնաւորութիւն, որուն առջեւ փշրուին անձնական, եսսասիրական բոլոր կիրքերն ու հակումները:
            Եկեղեցին ա՛յն հաստատութիւնն է որ կ’առաջնորդէ իր հաւատացեալները դէպի կատարելութիւն, ո’չ թէ հրահանգներով եւ բռնակալութեամբ, այլ՝ բարոյական ազատ ընտրութեամբ, խղճի դաստիարակութեամբ: Ի վերջոյ Եկեղեցին միջնորդն է իր հաւատացեալներուն եւ Աստուծոյ միջեւ, զանոնք կապելով Ս. Հոգւոյ խորհուրդներուն, բաշխելով անոնց աստուածային շնորհքներ:
            Եկեղեցին ամբողջական նկատելու համար անհրաժեշտ է որ ունենայ տեսանելի եւ անտեսանելի բոլոր յատկութիւնները, այսինք՝ հաւատքը եւ մարդկային հասարակութիւնը, որոնք կը լրացնեն զիրար, ինչպէս Սահակ Հայրապետ կը նկարագրէ իր «Որոշումն Վանացն» կանոնագրութեան մէջ. « Զի ոչ թէ զխորանն կոչէ եկեղեցի…..այլ զհաւատացեալ ժողովուրդն»: Հետեւաբար: Եկեղեցին Քրիստոսի հաւատացող մարդոց համախմբումն է, որ աստուածային շնորhներու ընկալումով կը ձգտի հասնիլ Քրիստոսի քարոզած աւետարանական վեհ գաղափարներուն:
            Թէեւ Եկեղեցւոյ հովուական առաքելութեան կեանքի գաղափարները զուտ կրօնաբարոյական են,  բայց եւ այնպէս անոնք կը գործադրուին մարդկային կեանքի մէջ ամէնօրեայ շփումներով եւ հետեւաբար կը ստեղծեն բազմատեսակ շահեր եւ մրցակցութիւններ, որոնք ինքնաբերաբար կը ստեղծեն իրաւունքի հարցեր:
            Եկեղեցին որպէս կրօնական հիմնարկ կ’առաջնորդուի կանոնագրութիւններով թէ իր ներքին կեանքի ինչպէս նաեւ իր հաւատացեալներու հետ ունեցած կենցաղային փոխ-յարաբերութեանց մէջ: Այլ խօսքով՝ կը տնօրինէ Եկեղեցւոյ կեանքի եւ անհատի իրաւունքներու սահմանները:
            Օրէնքի հասկացողութիւնը մէկ կողմէ կ’ապահովէ մարդու ազատութիւնը, միւս կողմէ թոյլ չի տար որ ուրիշներու ազատութիւնը ոտնակոխ ըլլայ. այսինքն՝ կը զսպէ մարդու անհատական քմահաճոյքի սանձարձակութիւնները: Ահաւասիկ այսպիսի իրաւաբանական պարտաւորութեան տակ կը մտնէ Եկեղեցին, կանոնական որոշումներով եւ օրէնքներով ղեկավարելու  իր մշակներուն, ինչպէս նաեւ իր հաւատացեալներուն կեանքը, բարոյական մեղմ միջոցներով եւ ոչ թէ քաղաքական-պետական խիստ, բիրտ եւ ճնշող միջոցներով:
            Եկեղեցին ունենալով օրէնսդրական իրաւունք, այսինքն դատելու իրաւունք, զոր ստացած է առաքելական յաջորդութեամբ, պարտի նաեւ իւրաքանչիւր յանցանք նախ քննել, ապացուցանել ու ապա դատապարտել իր ժողովական մարմնի որոշումով: որքան այժմէական է այստեղ մէջբերել,  419 թուականին, Կարթագենի Ժողովին մէջ, Հռոմի Կելեստինոս պապին ուղղուած թուղթին մէջ յիշատակուած հետեւեալ տողերը, ուր կը խօսուի պապերու ո’չ օրինական միապետական ձգտումներուն մասին. «Ո՞վ կը հաւատայ որ Աստուած մէկ անձի տուած է արդար դատելու իրաւունքը»:
Ահաւասիկ  ոչ քրիտոնէավայել հիւանդագին հոգեվիճակ մը, զոր այսօր  դժբախտաբար կը տեսնենք մեր կաթողիկոսներու եւ բարձրաստիճան Առաջնորդներու մօտ, որոնք անտեսելով օրէնսդրական եւ կանոնական ամէն իրաւունք՝ սուր կը ճօճեն անմեղ եւ համեստ եկեղեցականներու վրայ, իրենց կամքը պարտադրելու համար:
Հակառակ այն իրողութեան որ Հայ Ազգը մտած է համաշխարհային նոր դարաշրջանի մը մէջ իր անկախութեամբ եւ Արցախեան ազատագրական եւ ճակատագրական պայքարով, այդու հանդերձ չէ կրցած լուծել իր առջեւ ծառացող մարտահրաւէրները. ողբերգական արտագաղթ, աղանդներու ներխուժում, բարեսիրական օժանդակութեան անուան տակ ծածուկ գործունէութիւն-որսորդութիւն, ընկերային ծառայութիւն, ժողովրդավարական իրաւունքներու վերահաստատում, եւ ամենակարեւորներէն՝ Հայց. Եկեղեցւոյ Բարեկարգութիւն:
ԱՅՍՕՐ՝ անկախ Մայր Հարենիքի մէջ  եւ ի սփիւռս աշխարհի, Հայց. Եկեղեցիին վերապահուած է կարեւոր դեր ժողովուրդին հոգեմտաւոր եւ մշակութային կեանքէն ներս, ո’չ որպէս իշխանութիւն ինչպէս ըսած ենք ասկէ առաջ, այլ որպէս բարոյական հեղինակութիւն, առանց անտեսելու կանոնականութեան չափանիշները:
Ի՞նչն է որ կը պակսի Հայց. Եկեղեցւոյ՝ ստանձնելու այսպիսի սրբազան առաքելութիւն մը:  Անբասիր եւ պարկեշտ եկեղեցականներու եւ Եկեղեցւոյ կազմակերպչական կեանքի եւ գործունէութեան թափանցիկութեան պակասը: Դժբախտաբար՝ այս սրբազան առաքելութեան դիմաց պատուար եւ արգելք կանգնած են այսօր՝ հոգեւոր կեանքով սնանկներ, իրենց բեհեզներուն եւ վեղարներուն վստահող ողորմելիներ, իրենց նիւթական հարստութեամբ յղփացած եկեղեցականներ, Եկեղեցւոյ ու բարեմիտ հաւատացեալներու նիւթական կարողութենէն օգտուող՝ չարաշահող հացկատակներ որոնք ապականած են մեր սրբազան նախահայրերու կերտած հաւատքն ու անոնց ստեղծած ոսկեայ պատմութիւնը:
Նոյնքան յանցաւոր են նաեւ մեր քաղաքական իշխանութիւններն ու կուսակցութիւնները, մտաւորականութիւնը,  մամուլը, ազգը ներկայացնող «շքանշանակիր ղեկավար» սոփեստները, որոնք անտարբերութեամբ կը դիտեն այս բոլորը, անտեսելով ազգային գաղափարախօսութեան անհարաժեշտութիւնը, բարոյական սկզբունքներու քարոզախօսութիւնը, նամանաւանդ հասակ առնող նոր երիտասարդութեան մօտ, որոնք պիտի դառնան ջահակիրները եւ պահանջատէրերը մեր ազգային դատին, այսօր, վաղը եւ ապագային՝ մինչեւ արդար հատուցում:
Եթէ չկարենանք սրբագրել մեր սխալները եւ դուրս գալ այս մշուշապատ,  խոտոր եւ կեղծ կեանքէն, զայն ձգելով որպէս աւանդ եւ ժառանգ գալիք սերունդներուն, չմոռնանք որ անոնք պիտի չներեն մեզի եւ պիտի դատապարտեն մեզ մեր անտարբերութեան եւ անհոգութեան համար:
Ժողովրդավար Հայց. Եկեղեցին պարտաւոր է ըլլալ թափանցիկ իր բովանդակ գործունէութեամբ, ներքին եւ արտաքին աշխարհի դիմաց: Ժողովուրդը՝ որ Եկեղեցին է, պարտաւոր է եւ պէտք է գիտնայ թէ ինչպէ՞ս, ինչո՞ւ եւ ի՞նչ մտահոգութիւններով կը հարստանայ հայ եկեղեցականը որ ընտանիք չունի. անձ մը որ ծնրադիր՝ Ս. Խորանին առջեւ ուխտած է աղքատութիւն, յանկարծ պարուրուած է սիմոնականութեամբ եւ ամէն արարքի եւ գործունէութեան մէջ կը տեսնէ Տոլարի կամ Դրամի նշանը:
Հետեւաբար՝ անհրաժեշտ է եւ հրամայական որ Եկեղեցին կարենայ անգամ մը եւս մօտեցնել ազգը իր պապերու անխորտակելի հաւատքին, անոր տալով մասնակցութեան անսահմանափակ իրաւունք, զոր ժառանգած է անհատը՝  իր Ս. Մկրտութեամբ: Հայց. Եկեղեցին՝ պարտաւոր է դուրս գալ իր սահմանափակ շրջանակէն եւ անգամ մը եւս վերահաստատէ եւ նուաճէ իր հոգեւոր, մշակութային եւ կրթական առաքելութիւնը, ազգին պահպանումն ու զարգացումը գերագոյն նպատակ ունենալով:
Շատեր կրնան համաձայն չըլլալ մեզի հետ, բայց մեր շինիչ քննադատութիւնները կը բխին Հայց. Եկեղեցւոյ եւ անոր նուիրականութեան հանդէպ մեր ունեցած անշահախնդիր բծախնդրութենէն: Քննադատութիւնը զոր կ’ընենք  մէկ միտում ունի.- Հարթել ազգային եւ մարդկային գիտակցութեան բոլոր խոչնդոտները, յանուն մեր ժողովուրդի բարօրութեան:
Երբ յետադարձ ակնարկ մը նետենք մեր պատմութեան վրայ, կը տեսնենք որ Եկեղեցին դարերու ընթացքին եղած է հայ լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման եւ զարգացմանն գանձարանը: Ուստի աններելի կը գտնենք մեր այսօրուան ղեկավարութեան անտարբերութիւնն ու ենթակայութիւնը:
Մեր ժողովուրդի առջեւ ցցուող արգելքները բազմաթիւ են, որոնք յաճախ դիտաւորեալ կերպով ստեղծուած են մեր կեանքը բարդացնելու համար: Սակայն՝ մեզի կը պակսին այդ խոչնդոտները յաղթահարելու կամքն ու կորովը եւ ընկղմած ենք համատարած անտարբերութեան մէջ, որովհետեւ դադրած ենք հաւատալէ որ Եկեղեցին էական դեր ունի կատարելիք մեր ազգային կեանքին մէջ: Ո՜հ….որքան սնամէջ է մեր հաւատքը:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ                                                            (Շար. Գ.)
23 Նոյեմբեր 2014

Yorumlar kapatıldı.