İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՏԵՍԱՆՔ ԼՍԵՑԻՆՔ Քիչ Մը Պատմութիւն

ԱԹՈՌԱԿԻՑ  ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ  ՄԸ  ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
Ռ .  Հ .
ՄԱՐՄԱՐԱ.- Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի ծանր հիւանդութեան յաջորդող օրերէն սկսեալ մեր եկեղեցական կեանքէն ներս խօսուեցաւ Աթոռակից Պատրիարք մը ընտրելու, այս կերպով Պատրիարքական Աթոռը թափուր չձգելու անհրաժեշտութեան մասին։ Բայց այս նիւթի շուրջ շուտով ստեղծուեցաւ բանավէճ մը։ Որոշ շրջանակներ սկսան պնդել որ Աթոռակից Պատրիարք ընտրելու սովորութին մը չկայ մեր եկեղեցիէն ներս, ուստի կարելի չէ ձեռնարկել Աթոռակից Պատրիարքի ընտրութեան, պէտք է կատարել պարզապէս Պատրիարքի ընտրութիւն։ Եւ ասիկա դիւրին չէր, որովհետեւ արդէն -թէեւ հիւանդ- կար Պատրիարք մը եւ կարելի չէր նոր Պատրիարք ընտրել առանց արդէն գոյութիւն ունեցող Պատրիարքին պաշտօնին վերջ տալու։


Բոլոր անոնք որոնք կը պնդէին թէ »Աթոռակից« տիտղոսը մեր եկեղեցական սովորութեանց մէջ չկայ, անտես կþառնէին այն փաստը թէ մեր եկեղեցին ունեցած է  « Աթոռակից Կաթողիկոս » ներ։ Մեզի ամէնէն մօտիկ օրինակը կուգայ Անթիլիասէն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն, 1970ական թուականներէն։ Մենք որքան ալ կապուած ըլլանք Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնին, որքան ալ մեր պատկանելիութիւնը երթայ դէպի Մայր Աթոռ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն ալ իր վերջոյ Հայաստանեայց Եկեղեցի է եւ այդ Աթոռէն ներս արձանագրուած իրադարձութիւնները օտար եկեղեցիի իրադարձութիւն չեն կրնար նկատուիլ, մեր ընդհանուր Եկեղեցիին իրադարձութիւններն են։
1970ական թուականներու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսն էր Խորէն Ա. Կաթողիկոս որ ծանր աշխատանքի հետեւանքով կորսնցուց իր առողջութիւնը, ունեցաւ սրտի տագնապներ, եւ ստիպուեցաւ ականջ տալ իր բժիշկներուն, որոնք կը յանձնարարէին վերջ տալ մաշեցնող աշխատանքին ու վարել աւելի հանդարտ կեանք մը։ Այս պարտաւորութեան դիմաց Խորէն Ա. Կաթողիկոս 1977 թուականի Յունուարին հրապարակեց Կոնդակ մը, որով դիտել կուտար որ այլեւս անհրաժեշտ դարձած էր ընտրել Աթոռակից Կաթողիկոս մը որուն պիտի յանձնուէր բուն աշխատանքն ու պատասխանատուութիւնը։ Խորէն Ա. Կաթողիկոս իր երկարաշունչ Կոնդակին մէջ կը թուէր այն ծանր ծառայութիւնները զորս մատուցած էր Կաթողիկոս ընտրուելէն ասդին, ապա կը գրէր սա տողերը.
« Իբրեւ բնական հետեւանք այս չարաչար յոգնութեան ու սպառումին, նաեւ ի տես Լիբանանի ենթարկուած տագնապներուն, սրտի սաստիկ ցաւերու ենթարկուեցանք վերստին 1976 տարուան ամբողջ ընթացքին,  որուն մէկ կարեւոր մասը հիւանդանոցներու մէջ անցուցինք։ Սրտի մասնագէտ բժիշկներ վերջին յոյս մը տուին մեզի՝ սրտի վիրաբուժութեամբ մեր առողջութիւնը վերագտնելու քաղցր յոյսը։ Աւա՜ղ,  այդ յոյսն ալ ցնդեցաւ վերջերս,  վերջնականապէս, Լոնտոնի մէջ սրտի մանրազնին քննութենէ մը ետք, ուր բժշկականօրէն վճռուեցաւ թէ պէտք է դադրինք սիրտ ու հոգի սպառող, յուզում ու վիշտ պատճառող, ճիգ ու մտածում պահանջող ամէն աշխատանքէ եւ ապրինք խաղաղ ու հանդարտ կեանք մը՝ հետեւելով խիստ սննդականոնի եւ յանձնարարուած դեղերու։
Արդ, ժողովուրդ հայոց սիրելի,
Նկատի ունենալով Մեր առողջական աւերեալ ու քայքայեալ վիճակը եւ ըստ առաջնոյն գործելու անկարելիութիւնը, աւելին, նկատի ունենալով կաթողիկոսական պաշտօնին ու պարտաւորութիւններուն նախանձախնդիր կատարումին կենսականութիւնն ու նուիրականութիւնը Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ՝
Հայրապետական այսու Կոնդակաւս վիրաւոր սրտով կը յայտնենք ամէնուդ,  թէ անհրաժեշտօրէն պէտք ունինք Աթոռակից-Կաթողիկոսի մը, որուն յանձնենք կաթողիկոսական գործունէութիւնն ու պատասխանատուութիւնը ամէնէն ուշը մինչեւ յառաջիկայ Մայիսի կէսը, երբ կը բոլորենք Մեր քահանայական կոչման եւ ձեռնադրութեան քառասնամեակը եւ Մեր կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման չորեքտասնամեակը։ Այն ատեն հանգիստ խղճով ու գոհունակ հոգիով պիտի կարենանք ձայնակցիլ Մեծ առաքեալին՝ Պօղոսի եւ ըսել իրաւամբ.-
«ԶԲԱՐՒՈՔՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԵՑԱՅ, ԶԸՆԹԱՑՍՆ ԿԱՏԱՐԵՑԻ, ԶՀԱՒԱՏՍՆ ՊԱՀԵՑԻ. ԱՅՍՈՒՀԵՏԵՒ ԿԱՅ ՄՆԱՅ ԻՆՁ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՊՍԱԿՆ…Ե ¤Տիմթ. Դ. 7_»։
Այդ թուականներուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռին ու Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի միջեւ քսան տարիէ ի վեր շարունակուող ծանր անհամաձայնութիւն ու հակամարտութիւն կար։ Հայաստանեայց Եկեղեցին երկուքի բաժնուած էր։ Մայր Աթոռը կþառարկէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կանոնագրութեան 32րդ ու 33րդ յօդուածներուն, որոնցմով Կիլիկիոյ Աթոռը Առաջնորդական իր թեմերը կը նկատէր ինը թեմեր եւ կը պնդէր թէ ասոնցմէ դուրս ուրիշ թեմեր ալ կարելի էր հիմնել։ Մայր Աթոռը ոտնձգութիւն կը նկատէր այս յօդուածները։ Այնուհանդերձ Աթոռակից Կաթողիկոս մը ընտրելու որոշումը պատճառ կրնար դառնալ երկու Աթոռներու միջեւ երջանիկ նոր մերձեցման մը։
Այսպէս՝ Խորէն Ա. Կաթողիկոս 23 Յունուար 1977-ին նամակ մը ղրկեց Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Վազգէն Ա. Կաթողիկոսին եւ իմաց տուաւ որ 22 Մայիս 1977 Կիրակի տեղի պիտի ունենար Աթոռակից Կաթողիկոսի ընտրութիւն եւ Մայր Աթոռէն խնդրեց որ Էջմիածինը այս ընտրութեան մասնակցի ղրկելով մէկ հոգեւորական ու մէկ աշխարհական պատգամաւոր։
Վազգէն Ա. երջանկայիշատակ Վեհափառ Հայրապետը 26 Ապրիլին պատասխանեց այս նամակին եւ իր ցաւն ու յուզումը արտայայտեց ամէնէն առաջ Խորէն Կաթողիկոսի առողջական վիճակին համար։ Ապա գոհունակութիւն յայտնեց Աթոռակից Կաթողիկոսի ընտրութեան մը համար նախատեսուած պատրաստութիւններու կապակցութեամբ, բայց դիտել տուաւ որ Էջմիածին  երկու ներկայացուցիչներ սիրով կը ղրկէ պայմանաւ որ Կիլիկիոյ Աթոռը իր կանոնագրութենէն սրբէ վերոյիշեալ երկու յօդուածները։
Խորէն Ա. Կաթողիկոս 2 Մայիս 1977 թուակիր նամակով մը պատասխանեց Վազգէն Ա. Վեհափառին պատասխան-նամակին ու դիտել տուաւ որ ներկայիս առկայ Յանձնախումբը լիազօրուած չէր այդ երկու յօդուածները փոխելու իրաւասութեամբ, բայց Կաթողիկոսը կրնար հաւաստիացնել որ յառաջիկայ Ազգային Ընդհանուր Ժողովը անպայման պիտի ջնջէր երկու խնդրայարոյց յօդուածները։
Վազգէն Ա. Հայրապետը գոհացուցիչ գտաւ այս պատասխանը եւ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի հետ համախորհուրդ՝ յայտնեց թէ Էջմիածին պիտի ղրկէր երկու ներկայացուցիչներ, Սերովբէ Արք. Մանուկեան ու Ներսէս Եպսկ. Պոզապալեան։
Այսպէս, երկու Աթոռներու միասնութեամբ 22 Մայիս 1977 թուականին կատարուեցաւ Աթոռակից Կաթողիկոսի ընտրութիւն։ Պատգամաւորներու Ժողովը նախ ճշդեց երեք թեկնածուներ որոնք էին Գարեգին Արք. Սարգիսեան, Արտակ Արք. Մանուկեան եւ Տաճատ Արք. Ուրֆալեան։  Ապա կատարուեցաւ երկրորդ քուէարկութիւն եւ այս անգամ Աթոռակից Կաթողիկոս ընտրուեցաւ Գարեգին Արք. Սարգիսեան։ Ընտրութիւնը յառաջացուց մեծ ոգեւորութիւն եւ ուրախութիւն։ Շաբաթ մը վերջ, 29 Մայիսին, Հոգեգալստեան Տօնի օրով կատարուեցաւ նորընտիր Աթոռակից Կաթողիկոսին օծման արարողութիւնը։
Այս կերպով Խորէն Արք. Կաթողիկոս Հայրապետը, մնալով հանդերձ իր Աթոռին վրայ, գլխաւոր ղեկը կը յանձնէր իր Աթոռակցին, Գերշն. Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, որ աւելի վերջ պիտի դառնար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս։ Բախտը այնպէս պիտի բերէր որ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս ընտրուի այս անգամ Մայր Աթոռի վրայ Ամենայն Հայոց Հայրապետ ու այս անգամ Անթիլիասէն պիտի անցնէր Ս. Էջմիածին ու պիտի կոչուէր Գարեգին Ա. Կաթողիկոս, ո՛չ թէ Գարեգին Բ.։ Ան այս պաշտօնին վրայ պիտի մնար հազիւ մօտաւորապէս հինգ տարի, որովհետեւ պիտի հիւանդանար ծանր կերպով ու պիտի վախճանէր խոր սուգի մատնելով ամբողջ հաւատացեալ Հայ ժողովուրդը։ Անոր պիտի յաջորդէր այժմու Վեհափառ Հայրապետը, Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոս։
ԱԹՈՌԱԿԻՑ  ԸՆՏՐԵԼՈՒ  ՕՐԻՆԱԿՆԵՐ  ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ  ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՇՐՋԱԳԾԷՆ  ՆԵՐՍ
Անթիլիասի մէջ Աթոռակից Կաթողիկոսի ընտրութեան այդ օրերուն ալ թերեւս ոմանք հարց կուտային թէ Աթոռակից ընտրելու սովորութիւն մը կա՞յ Հայաստանեայց Եկեղեցիէն ներս։ Այդ օրերուն հրատարակուեցան յօդուածներ ուր կը նշուէր որ Աթոռակիցի ընտրութիւնը Քրիստոնէական եկեղեցւոյ վաղեմի մէկ սովորութիւնն էր  ըստ որու ծերունի, տկար կամ ծանրաբեռնեալ Եպիսկոպոսին կամ Եպիսկոպոսապետին  »գործակից«ի մը ընտրութիւնը կը կատարուէր, որով կþապահովուէր նաեւ անոր յաջորդութեան խնդիրը։ Այս տեսակէտով, Աթոռակիցը միայն « Գործակից » չէր, այլ է՛ր նաեւ « Յաջորդ », այսինքն վախճանումէն վերջ երկրորդը ինքնաբերաբար կþանցնէր առաջինին տեղը։ Աղբիւրները ցոյց կուտային որ Հայոց Եկեղեցիէն ներս Աթոռակցի ընտրութիւնը ընթացիկ գործողութիւն եղած է։ Օրինակ՝ Տրդատ Թագաւոր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի  Աթոռակից-գործակից ընտրեց Արիստակէս Հայրապետը։ Պատմութիւնը արձանագրած է որ աւելի վերջ ալ Հայաստանեայց Եկեղեցին ունեցած է Աթոռակիցներ։
Այս տեղեկութիւնները մենք քաղեցինք Պէյրութահայ տաղանդաւոր լուսանկարիչ Յարութիւն Չոլաքեանի կողմէ Գարեգին Ա. Աթոռակից Կաթողիկոսի ընտրութեան առթիւ գրուած ու հրաշալի լուսանկարներով ճոխացած « Նոր ձայն, նոր արձագանգ » գիրքէն, որ 1978ին տպուեցաւ Նիւ Եորքի մէջ։ Հրաշալի նկարներու հաւաքածոյ մը որ գեղարուեստական իր բարձր արժէքէն առաջ կը դառնայ շրջանի մը պատմութեան ուշադիր վկան։
Մեր այս յիշեցումը որեւէ նպատակ չի հետապնդեր եթէ ոչ պարզապէս ակնարկ մը նետել դէպի անցեալ։ Կարելի է նաեւ բաղդատութիւն մը ընել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Աթոռի այդ շրջանի վիճակին ու մեր Պատրիարքական Աթոռին այսօրուան վիճակին միջեւ։

Yorumlar kapatıldı.