İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԻՆՉՈ՞Ւ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆԸ ՉՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
Ազգին ճակատագրով եւ մանաւանդ Հայ Եկեղեցիով տառապող եւ տագնապող ազնիւ ազգայիններ եւ բարեկամներ հարց տուին ինծի թէ ինչո՞ւ Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը չմասնակցեցաւ վերջին Եպիսկոպոսական Ժողովին: Նուրհան Պատրիարքի Ս. Էջմիածին այցելութեամբ, 21 Յունիս 2014, արդեօ՞ք չէին լուծուած հարցերը: Ինծի ուղղուած հացումներուն պատասխանը կը ներկայացնեմ համասփիւռ հայութեան, որպէսզի ա՛ն ըլլայ արդար դատաւորը այս ողբերգական վիճակին:

Արդարեւ շատ յստակ էր այ’ն լարուածութիւնը որ գոյութիւն ունէր երկու Նուիրապետական Աթոռներու, Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան եւ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան միջեւ: Մեր գլուխը աւազին մէջ խրելով՝ ո’չ կրնանք ճշմարտութիւնը խափանել, եւ ո’չ ալ կրնանք խուսափիլ իրականութենէն:
Տակաւին թարմ է մեր յիշողութեան մէջ Ամենապատիւ Պատրիարք Նուրհան Արք. Մանուկեանի՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. Ներսիսեանին ուղղուած  3  Օգոստոս 2013 թուակիր արդար նամակին բովանդակութիւնը, ուր Պատրիարք Հայրը անգամ մը եւս կը յիշեցնէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին թէ ո՞ւր պիտի հասնի Վեհ. կաթողիկոսը՝ իր սպառնալիքներով: Անկարելի է, կ’ըսէ Պատրիարք Հայրը, «որ վախի եւ սպառնալիքի մթնոլորտի մէջ առողջ սերունդներ հասնին, բան մը որուն պատճառով պիտի տուժեն մեր ժողովուրդը եւ Մայր Եկեղեցին, որոնք ամէն ժամանակէ աւելի կարիքը ունին մաքրակրօն, զարգացած եւ իրաւ եկեղեցականներու, եւ ո’չ թէ գարշապար լիզողներու»:
Կարելի չէ մտածել որ նման արդար յայտարարութիւն մը մարսելի ըլլար Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, որ գործնականօրէն իր ցասումը արտայայտեց մերժելով ա՛յլ Նուիրապետական Աթոռի մը գահակալին միջնորդութիւնը եւ հանդիպիլ Նուրհան Պատրիարքին՝ չէզոք վայրի մը մէջ: Այստեղ կ’արժէ յիշեցնել Աւետարանին ճշմարիտ խօսքը, «թէ այն որ ձեր մէջէն կ’ուզէ մեծը ըլլալ, թող ան ըլլայ սպասաւորը»:
Ահաւասիկ այս խայտաբղէտ «սիրալիր» մթնոլորտին մէջ էին յարաբերութիւնները, երբ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը մեծամասնութեամբ քուէարկեց որ իր զինուորեալ միաբանութեան երկար տարիներու բեղմնաւոր (առաւել քան 45 տարիներ) վաստակ ունեցող երկու միաբանները՝ Սամուէլ եւ Պարէտ ¬Ծ. Վարդապետները եպիսկոպոս ձեռնադրուին 2014 Նոյեմբերին, ի շարս Ս. Էջմիածնի միւս «արժանաւոր» միաբաններուն:
Երուսաղէմի Պատրիարքութեան Միաբանութեան Ընդհանուր Ժողովի առաջարկին՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանին տրուած պատասխանին մէջ  արտայատուած պատճառաբանութիւնները անհեթեթ են, մասնաւորաբար Պարէտ Ծ. Վարդապետի Երէցեանի կապակցութեամբ, եւ ո’չ մէկ ձեւով կը համապատասխանեն իրականութեան, եւ իր համատարած անճիշդ մեկնաբանութեամբ կը խեղաթիւրեն ճշմարտութիւնները: Իմ անձնական փորձառութենէս մեկնելով որպէս նախկին միաբան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետութեան,  կրնամ վկայել որ Երուսաղէմի երկու թեկնածուներն ալ նոյնքան եւ առաւել եւս արժանի են, ինչպիսին են Ս. Էջմիածնի թեկնածուները:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մերժողական նամակը խոր վիշտ յառաջացուցած էր ամբողջ Երուսաղէմի միաբանութեան մօտ, եւ մասնաւորաբար՝ ալեկոծած եւ փոթորկած էր երկար տարիներու վաստակ ունեցող Պարէտ Ծ. Վարդապետը, որ երկա՜ր տարիներ ծառայած է Էջմիածնական թեմերէ ներս, Մոնթրէալ (Գանատա), Տիթրոյիթ (Միշիկըն), Փրաւիտընս (Րօտ Այլընտ) եւ Փասատինա (Գալիֆորնիա):
Պարէտ Ծ. Վարդապետ՝ իր դէմ արտայայտուած նամակին որպէս պատասխան, գրած էր հետեւեալը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին. «Վեհափառ Տէր, կարդացի Ձեր նամակը ուղղուած Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանին, Պատրիարքին Հայոց Երուսաղէմի, որուն մէջ կը յայտնէք ձեռնպահութիւն իմ եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան մասին, առարկելով «վերապահումներ կան»: Նկատի առնելով հարցին լրջութիւնը, իմ արժանապատւութիւնը, եւ Միաբանական Ժողովին որոշումը, իմ արժանաւորութիւնը հաստատող գաղտնի քուէարկութեամբ Միաբանութեանս Ընդհանուր Ժողովին կողմէ, կու գամ Ձերդ Վեհափառութենէն խնդրել, եթէ հոս պահանջք բառը զօրաւոր է, անհրաժեշտ հարթումը կատարել արտայայտուած առարկութիւնները անհատներու կողմէ գրաւոր եւ ստորագրուած իրենց կողմէ ինձ եւ Միաբանութեանս ներկայացնելու, եւ ես պատրաստ եմ զանոնք նոյնիսկ հրատարակել թէկուզ իմ մասիս: Այլապէս չեմ ընդունիր ոեւէ «վերապահում» առանց գրաւոր փաստի: Ուրիշ՝ ոչինչ»:
Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան ստացած է հետեւեալ նամակը Մայր Աթոռի դիւանապետ՝ Արշակ Եպս. Խաչատուրեանէն. «Մայր Աթոռում ստացվել է Վեհափառ Հայրապետին ուղղված Հոկտեմբեր 21, 2014թ. թվակիր Ձեր գրությունը: Նորին Սրբութեան կողմից լիազորված ենք հղելու Ձեզ սույն գրությունը: Տեղեկացնենք, որ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհրդում, քննարկույունների արդյունքում, հավանութեան են արժանացել եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան չորս թեկնածուներ»: Նշուած թեկնածուներուն մէջ կը պակսի Պարէտ Ծ. Վարդապետին անունը: Յաջորդ պարբերութեան մէջ Արշակ Եպս. Խաչատուրեան կը փորձէ մխիթարել Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեանը ըսելով. «կարծում ենք, որ եկեղեցական աստիճանով եւ հանգամանքով չէ ամենեւին պայմանավորված հոգեւոր կոչման եւ առաքելության իրագործման արդյունավետությունը, ինչը վկայված է մեր բազմաթիվ եկեղեցականների, նաեւ Ձեր տարիների սպասավորութեան ընթացքին»:
Շինծու եւ բռնազբօսիկ այս խօսքերը ո’չ մէկ կանոնական եւ օրինական հիմք ունին եւ ո’չ ալ բարոյական-մխիթարական իրենց բաժինը կրնան բերել այս կնճռոտ հարցի պարագային, երբ քաջատեղեակ ենք թէ ինչպէ’ս Մայր Աթոռը կարճ ժամանակի մէջ իր խնկարկու թեկնածուները եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ՝ իր թաքուն նպատակները յաջողցնելու համար: Այդ մասին աւելի մանրամասն պիտի արտայայտուինք ուրիշ առիթով:
 Այստեղ կը ծագին օրինական եւ կանոնական լուրջ հարցեր, որոնք կը կարօտին մանրազնին քննութեան եւ մեկնաբանութեան:
            Ա.- Պէտք չէ մոռնալ երբեք, որ Երուսաղէմի Պատրիարքական Առաքելական Աթոռը, պատմականօրէն անկախ է որպէս վարչական կառոյց եւ կը ղեկավարուի իր Միաբանական կանոնադրութեանց համաձայն, եւ որպէս ինքնուրոյն Նուիրապետական Աթոռ՝ իրեն կը մնայ «պարտն ու պատշաճ մեծարանքն ընծայել առ Մայր Աթոռն Արարատեան» (Կանոն Միաբանական Ուխտին Առաքելական Աթոռոյ Սրբոց Յակովբեանց Ի Սուրբ Երուսաղէմ):
            Բ.- Երուսաղէմի Միաբանութեան ընդհանուր Ժողովի ցանկութիւնը չի կրնար բեկանուիլ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդին կողմէ, նամանաւանդ որ այս Խորհուրդին կազմը ամբողջութեամբ հակականոնական վիճակի մէջ է, նկատի ունենալով որ ան ո’չ ընտրուած է եւ ո’չ ալ վաւերացուած՝ Ազգային Եկեղեցական Ընդհանուր Ժողովին կողմէ, որ բարձրագոյն իշխանութիւնն է Նուիրապետական Մայր Աթոռին: Հետեւաբար՝ Գերագոյն Խորհուրդի նշանակովի անդամները չեն կրնար լիազօրուած ըլլալ նման որոշում մը առնելու: Կանոնական ըլլալու պարագային նոյնիսկ, դարձեալ անհրաժեշտ էր առձեռն ունենալ փաստացի տուեալներ՝ «վերապահումներ կան» յայտարարութիւնը ադարացնելու  համար:
            Գ.- Ոտնձգութիւն պէտք է նկատել կաթողիկոսական այս որոշումը, որովհետեւ՝Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ալ իրաւունք չունի բեկանելու Երուսաղէմի Միաբանութեան Ընդհանուր Ժողովին ցանկութիւնը: Թեմական կառոյցի հետ չէ իր գործը, այլ Նուիրապետական Պատմական Առաքելական Աթոռի մը, որուն խոր արմատները կ’երկարին մինչեւ Առաքեալներ:  Կաթողիկոսին կը մնար իր օրհնութիւնը տալ Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի բաղձանքին:
Եթէ վերապահութիւններու մասին պիտի խօսինք, շարքը երկար պիտի ըլլայ նշելու բոլոր այն եկեղեցականներուն անունները, որոնք անարժանաբար եպիսկոպոսկան կարգ ստացան Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի գահակալութեան օրով:  Դարձեալ՝ անփափկանկատութիւն պիտի ըլլայ մեր կողմէ նշել անունները բոլոր անոնց, որոնք շատ կարճ ժամանակի մէջ, առանց որեւէ լուրջ պատրաստութեան եւ փորձառութեան եպիսկոպոս ձեռնադրուեցան Կաթողիկոսին կամքը կատարելու եւ Թեմական Աթոռներ գրաւելու նպատակով: Ապօրինութեանց շարքը այնքա՜ն երկար է, որ կարելի է հատոր մը գրել անոնց մասին. հետեւաբար չշեղինք մեր նիւթէն:
Այս ընդհանուր վերիվայրումներուն մէջ անտարակոյս որ իր տխուր դերը ունի նաեւ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ղեկավարութիւնը, որ մօտիկ անցեալին փափաք յայտնած էր Երուսաղէմի Պատրիարքութեան կալուածոց տնտեսութիւնը ստանձնել՝  ին՜չ-ին՜չ հաշիւներով:  Միաբանութիւնը մերժած էր այդ առաջարկը, որուն դէմ բուռն կերպով արտայայտուողներէն եղած էր Պարէտ Ծ. Վարդապետ Երէցեան, որուն, այսօր, «վերապահումներու» պատրուակով կը զլացուի եպիսկոպոսանալու իրաւունքը:
Կը կարծեմ թէ մեր ընթերցողներուն յստակ պատկեր մը ներկայացուցինք, բացատրելու համար թէ ինչո՛ւ Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը Եպիսկոպոսական Ժողովին չմասնակցեցաւ: Ի վերջոյ վիրաւորուած միաբանական արժանապատուութիւն մը կայ այստեղ, եւ եթէ շարունակուի այս ընթացքը՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին պիտի դիմագրաւէ նոր եւ լուրջ տագնապներ, երբ տակաւին հազիւ սպիացած են անցեալի տխուր պայքարներուն պատճառած վէրքերը: Նման ոտնձգութիւններ պատճառ պիտի դառնան որ Երուսաղէմի Առաքելական Նուիրապետական Աթոռը, հետեւելով Նիկիոյ Տիեզերական Ս. Ժողովի կանոնական տրամադրութիւններուն, երեք եպիսկոպոսով օծէ իր թեկնածուները վերջ տալով կամայականութեանց անփառունակ խաղերու:
Անգամ մը եւս դէմ յանդիման կը գտնուինք ոտնձգութեանց եւ անօրինականութեանց: Հայց. Եկեղեցին կարելի չէ ղեկավարել անտառային օրէնքով:  Անդադար կը կրկնենք թէ «Զօրաւորագոյնին իրաւունքը միշտ լաւագոյնն է» ասացուածքը եկեղեցական տագնապներու պարագային ի զօրու չի կրնար ըլլալ: Կաթողիկոս մը որ միայն իշխանութիւն կը հետապնդէ բրտութեամբ եւ բռնութեամբ՝ չի՛ կրնար ղեկավարել Եկեղեցին, որ հիմնուած է սիրոյ, եղբայրութեան, համերաշխութեան, հաւատարմութեան վեհագոյն սկզբունքներուն վրայ:
Դժբախտաբար այս անփառունակ վիճակը պիտի շարունակուի այնքան ատեն որ քաղաքական եւ կուսակցական իշխանութիւնները, կրթական, բարեսիրական հաստատութիւննեըր, մտաւորականութիւնը եւ հայ մամուլը անտարբերութեամբ կը դիտեն այս բոլորը եւ ըսելիք չունին, եւ կամ չեն ուզեր խօսիլ՝ զանազան հաշիւներով, մասնաւորաբար սփիւռքի տառածքին: Արթնցիր ո՜վ Հայ Ժողովուրդ:
Անտարակոյս որ մեր կատարած ախտաճանաչումները հաճոյ պիտի չթուին ո՛չ եկեղեցական բաձրաստիճան իշխանութեանց, եւ ոչ՛ ալ տիտղոսաւոր, շքանշանակիր ժողովականներու եւ ազգայիններու որոնք կը յաւակնին ազգին «ղեկավարները» ըլլալ։ Հայց. Եկեղեցին ամենէն ամուր կռուաններէն մէկն է ազգային մեր գոյութեան, եւ մեր սահմանադրական-կանոնական ժողովրդական կարգերն են անոր ապառաժեայ խարիսխը։ Օրէնքէ վեր՝ ո’չ մէկ իշխանութիւն:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
15 Նոյեմբեր 2014

Posted by: VOSGAN@aol.com

Yorumlar kapatıldı.