İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ

* Առաջնորդ Գարեգին Սրբազան կիրակի, 7 Սեպտեմբերին Հիլտէսհայմի մէջ մասնակցեցաւ  Սերպ-Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Միջին Եւրոպայի Առաջնորդ Գերշ.
Սերկիյէ Եպս. Քարանովիչի գահակալութեան Ս. Պատարագին: Սրբազան Հօր
կ’ընկերակցեր Տ. Գնել քհնյ. Գաբրիլէլեանը: Ս. Պատարագին ներկայ էին քոյր եկեղեցիներու եւ զանազան այլ հաստատութիւններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ հաւատացեալներ:

* Սեպտեմբերի 9-ին Առաջնորդ Գերշ. Գարեգին Արքեպս. Պեքճեան, իր հետն
ունենալով առաջնորդական փոխանորդ Հոգշ. Տ. Սերովբէ Վրդ. Իսախանեանը եւ
Թեմական Խորհուրդի անդամ Տոքթ. Սարգիս Ատամը, Ֆրանքֆութի օդակայանի
մէջ մասնակցեցաւ «Air Armenia» աւիաընկերութեան Երեւան–Ֆրանքֆուրթ–
Երեւան չվերթային գծի բացման հանդիսութեան:

Սրբազանը մասնաւոր աղօթքով

օրհնեց ընկերութեան աշխատակազմն ու օթանաւը եւ «Air Armenia»
աւիաընկերութեան մաղթեց ամենայն բարիք, յաջողութիւն եւ անվնաս
ճամբորդութիւններ: Հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ ՀՀ Գերմանիոյ Դեսպան
Վահան Յեվհաննէսեան, դեսպանի փոխանորդ Տիար Աշոտ Սմբատեան, Հէսսեն
նահանգի պատուոյ հիւպատոս Պրայն Ֆէրա, Ֆրանքֆուրդի միչազգային
օդակայանի ներկայացուցիչներ եւ «Air Armenia» աւիաընկերութեան
պատասխանատուներ եւ բազմաթիւ հիւրեր:
Քէօլն, 10.09.2014 Դիւան Առաջնորդարանի

ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ 
DIÖZESE DER ARMENISCHEN KIRCHE IN DEUTSCHLAND
Allensteiner Str. 5, 50735 Köln, Tel.: 0221/ 7126223 – 71500397 Fax: 7126267
 www.armenische-kirche.de – E-Mail: armenische_dioezese@hotmail.com

Yorumlar kapatıldı.