İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Կիւլենի Վարժարաններէն Երկուքը Պիտի Փակուին

ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Ինչպէս հաղորդած էինք, Միացեալ Նահանգներ ապրող թուրք կրօնապետ Ֆեթհուլլահ Կիւլենի հիմնած «Մակնոլիա» վարժարաններու ցանցին պատկանող Քալիֆորնիոյ 12 վարժարաններու հաշիւները կը հետաքննուին՝ զեղծարարութեանց ու կասկածելի փոխանցումներու պատճառով, նկատի ունենալով, որ անոնք պետական օժանդակութեամբ կը գործեն:

Հետաքննութեան նախնական հանգրուանէն ետք, Լոս Անճելըսի միացեալ կրթաշրջանը այս շաբաթ միաձայնութեամբ որոշեց չնորոգել դպրոցներէն երկուքին արտօնագիրները (Փալմզի թիւ 6 եւ Նորթրիճի թիւ 7 վարժարանները)։
Հետաքննութիւնը պիտի շարունակուի մնացեալներուն պարագային։
Հետաքննութեան պահանջը ներկայացուած էր Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեանի կողմէ, որ շեշտած էր, թէ հետապնդումը հարկաւոր է՝ վստահ ըլլալու համար, որ Քալիֆորնիոյ քաղաքացիներուն տուրքերը չեն մսխուիր:
Այլ նահանգներու մէջ եւս Կիւլենի վարժարանները հետաքննութեանց թիրախ դարձած են անցեալին՝ շարք մը օրինական խախտումներու պատճառով:
Կիւլենի համակիր թրքական մամուլը հետաքննութիւնը կը նկատէ Քալիֆորնիոյ հայերուն կողմէ առաջ մղուող հակաթուրք արշաւ մը։

http://asbarez.com/arm/201793/

Yorumlar kapatıldı.