İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հայաստանեայց Սուրբ Եկեղեցին եւ Աւագ Շաբաթը

Հայ եկեղեցին , Սփիւռքահայ  տարածքի վրայ, ամէնէն կարեւոր  այն լծակն է որ, հայը , հայ կը պահէ: Եկեղեցին մեզի համար ունի  երկու շատ կարեւոր ու գլխաւոր բովանդակութիւն: Հաւատքի բովանդակութիւն ու տոհմիկ ինքնութեան բովանդակութիւն: Հայաստանեաց եկեղեցին մեզի կը ներկայանայ, իր այս  երկու երեսակներով ու իր երկու բովանդակութիւններով:

Հայ ժողովուրդի զաւակները եկեղեցի կուգան , հայ եկեղեցիին այս երկու գլխաւոր բովանդակութիւններուն գիտակից ըլլալով, հոն  կը յիշեն իրենց տոհմիկ ինքնութիւնը, կը գտնեն  նաեւ  խունկին քուլաներուն եւ աղօթքներու գեղեցիկ երգեցողութեան մէջ կրօնական ներշումչումներ; Կ’զգան իրենց մէջ հաւատքի  խլտրումներ.

Մեր եկեղեցիներուն երդիքներուն  տակ կան , նաեւ հայեր, որոնք հոն են , ոչ թէ Աստուծոյ աղօթելու համար, ոչ ալ իրենց տոհմիկ ինքնութիւնը ամրապնդելու համար, անոնք հոն են, պարզապէս անոր համար որ, կը սիրեն եկեղեցւոյ մէջ ապրուած միասնակութիւնը, մթնոլորտը, շունչը  ապրիլ, առանց այն միւս մտահոգութիւններուն  մէջ խորանալու, որոնք մեր ժողովուրդը կը պահեն իր հաւատքին ու տոհմիկ  ինքնութեան մէջ; Մեր եկեղեցին այս մարդոց ալ պէտք ունի:

Հայաստանեաց եկեղեցին ամէն մարդու համար է, եւ միայն  հաւատքի կեդրոն մը չէ, այլ նաեւ Հայ Մշակոյթի կեդրոն մըն է, մեր եկեղեցիներուն  երդիքին տաք Հաւատքը եւ Մշակոյթը իրարու հետ կը ժամադրուին ;Այս եղելութիւնը ամէն Սուրբ պատարագի ընթացքին կը դրուի հաւատացեալ ժողովուրդին աչքերուն առջեւ, Սուրբ Պատարագի Յիշատակութեան պահուն,<<Յիշեա` Տէր  եւ Ողորմեա`>>:

Մեր եկեղեցին ամէն  արարողութեան ընթացքին , եւ մանաւանդ մեր հոյակապ պատարագներու ընթացքին, անպայման <<Ողջոյն>> մը կուտայ ներկայ հաւատացեալներու տոհմիկ ինքնութեան:Չենք գիտեր թէ, ուրիշ Քրիստոնեայ եկեղեցիններու  մէջ ալ, այդ <Ողջոյն>ը  կայ~ :

Հայ հաւատացեալ մը  ուրիշ Քրիստոնեայ եկեղեցիին մէջ իր ինքնութիւնը կրնայ  գտնել~: Մեր կարծիքով  ուրիշ Քրիստոնեայ Եկեղեցի մը մի միայն  եկեղեցի մըն է, եւ աղօթատեղի մը , հոն , եկեղեցիին  եւ իր ազգային ինքնութեան միջեւ երթեւեկ չկայ`, փոխադարձ ազդեցութիւն չկայ:

Հայաստանեաց Եկեղեցին  իր այս  սքանչելի  առաքելութեամբ  է որ, կրցած է դարեր շարունակ  հայ ժողովուրդը պահել իր ինքնութեան մէջ , եւ կրցած է  նաեւ զայն  կարելի չափով հաղորդել իր պապերուն յիշատակին հետ:

Անձ մը , ինչ ազգի ալ պատկանի, երբ  իր պապերուն հետ կը հաղորդուի , իր ինքնութիւնը կը պահէ  որոշապէս,իսկ, ով որ, իր պապերու հետ կապերը կը խզէ եւ յիշատակներու հետ չի հաղորդուիր, ձեւով մը իր ինքնութիւնը փոխելու կ’սկսի, թէրեւս ալ կը կորսունցնէ.

Հայ Առաքելական  Ուղղափառ մեր Եկեղեցին ,Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան  նախորդող շաբաթը կը կոչէ ,«ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ» այսինքն «Մեծ շաբաթ», Աւագ կամ Մեծ  կոչուելու պատճառն այն է որ, ան մեզի կ’աւանդէ մեր Տեր Յիսուս Քրիստոսի երկրային կեանքի  ամենակարեւոր  շրջանը, վերջին եօթը օրերու ուսուցումները, թելադրանքները, չարչարանքները, մահը  եւ յարութիւնը:Աւագ Շաբաթը կ’սկսի  Ծաղկազարդի  կիրակիով,այս շաբաթուայ  իւրաքանչիւր  օրը եւս կը կրէ աւագ անունը ու իր այլաբանալան  խորհուրդը ունի:
Ինչ~ կը թելադրէ մեզի աւագ «Ուրբաթ»ը:

Երեսուն արծաթի փոխարէն ծախուող եւ համբոյրով մը կատարուած շատ տխուր պարտականութիւն մը, դարեր շարունակ Համայն Քրիստոնեայ աշխարհի պատմութեան մէջ կը թրոշմուի «Յաւէտ Անիծեալ Մատնութիւն», որը  կը մնայ ,«Նենգութեան»,«Վախկոտութեան» ու «Անքաջութեան» ուսերուն վրայ:

Աւագ Ուրբաթի դէպքերը , որոնք մեր աչքերուն առջեւ կը յստականան մէկ կողմէն,«Կեղծ  ու Շինծու Դատավարութիւն»մը եւ ձեռքերը  լուացող դատաւորներ ու փաստաբաններու «Կեղծաւորութիւն, Ստախօսութիւն եւ Խաբեբայութիւն»ը , եւ նաեւ  «Ուրիշին Չարչարանքը,Տառապանքը Դիտելով Երջանկացող Անհատներու Խումբ»մը, ,իսկ միւս կողմէն ալ,«Փուշ եւ Արիւն»,«Քրտինք ու Արցունք», եւ վերջապէս Աստուծոյ Որդիին:«Ներէ  այս մարդիկը, Հայր`, անոնք չեն գիտեր թէ  ինչ~ կ’ընեն» ըսելով անհասկնալիօրէն վեհ ու ներողամիտ խնդրանքը:
Ոչ թէ, 21 , այլ50 դար ալ անցնի , մարդիկ  երբեք պիտի չկարենան  պուտ մը գոնէ բաժին ստանալ, այն անսահաման վեհ ներողամտութիւնէն, այն անհուն լայնախոհութիւնէն, զոր  Յիսուս  ցոյց կուտար , զինքը տառապողներուն, չարչարողներուն, գերեզման ղրկողներուն նկատմամբ:
 Որ~ մէկն է, այն պատգամը  որ այսօր մեզի կը հասնի աւագ ուրբաթէն; «Յիսուսի  այս Լայնախոհութիւնը`» ,թէ ոչ, այն հրաշալի  համակերպումը որ, իբր վերջին շունջ, իբր վերջին խօսք ու պատգամ արտասանուած սա խորհուրդաւոր  նախադասութիւնը,«Ամենայն  Ինչ Կատարեալ է» ապա թէ ոչ, ամբողջ մարդկութեան  փրկութեան համար, Յիսուսի երկրային կարճատեւ կեանքի , իբր «Մատաղ» նուիրումը :
Ինչ կը թելադրէ , մեզի աւագ շաբաթ օրը: Փոթորկալից ու իմաստալից օրերէ վերջ , տխուր հանդարտուրթեան սպասումի օրեր կ’սկսին Քրիստոնեայ աշխարհի մէջ, կը  յիշուի  չարչալից «ԳՈՂԳՈԹԱ»ն,Յիսուսի տառապանքի Ուղին, Խաչփայտը, եւ տխուր գերեզմանը Ասրուծոյ որդիին.
Յիսուսի գերեզմանը թերեւս մանրանկարն էր աշխարհի բոլոր այն բանտերուն  ու գերեզմաններուն , ուր յանցապարտներու կողքին կը դրուին  նաեւ անմեղներն ու արդարները, որոնք թերեւս  երբեք չկրցան իրենց անմեղութիւնը փաստել, բայց քանիներ ալ հոն ձգելով իրենց հողեղէն  մարմինը , այդ բանտին ու գերեզմանին քարերը ճեղքեցին իրենց հոգիով ու իրենց բարի գործերով եւ խոյացան  դուրս եւ իրենց առջեւ բացին յաւերժութեան ճամբան:
Աւագ շաբաթ օրը , սպասումն է մեծ ու զուարթ գերագոյն կիրակիին , վերստին  ստեղծելու , վերապրելու, յարութիւն առնելու կիրակին: Յիսուս  խաչուեցաւ, տառապեցաւ, չարչարուեցաւ, եւ Յարութիւն առաւ, որպէսզի մեզի սորվեցնէ թէ, այս է կեանքը , մենք ալ պիտի  չարչարուինք, պիտի տառապինք, անարդարութեան պիտի մատնուինք, թէեւ ալ պիտի խաչուինք, բայց  անպայման բանով մը պիտի վերակենդանանանք, բանով մը պիտի շարունակենք  ապրիլ , բանով մը  պիտի լուսաւորենք  մեր յաջորդներուն ճամբան; Եթէ անմեղ ենք, եթէ բարեգործ ենք,եւ  եթէ մեր կեանքը  մատաղ կ’ընենք մեզ սիրողներուն , մեր սիրացեալներուն  ու ամբողջ  մարդոց.
                                                                         Տօքթ. Սարգիս Ատամ.

Yorumlar kapatıldı.