İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

28 Փետրուար 2014 ուրբաթ օրը Հայաստանի Հանրապետութեան Գերմանիոյ նորանշանակ լիազօր եւ արտակարգ Դեսպան Տիար Վահան Հովհաննիսեան, Դեսպանութեան Խորhրդական Աշոտ Սմբատեանի ընկերակցութեամբ այցելեց Առաջնորդարանը եւ հանդիպում մը ունեցաւ Առաջնորդ Սրբազանի եւ Թեմական Խորհուրդի անդամներու հետ: 

 Սրբազան Հայրն ու Թեմական Խորհուրդի անդամները նորանշանակ
Դեսպանին բարի գալուստ մաղթեցին Գերմանիա եւ լիակատար յաջողութիւններ` իր նոր պաշտօնին մէջ:
Ապա տեղեկութիւններ փոխանցեցին Առաջնորդարանի
լայնածաւալ գործունէութեան մասին: Իսկ Պարոն Դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար, ըսաւ թէ լիայոյս է, որ ՀՀ Դեսպանութեան եւ Առաջնորդարանի միջեւ տարներէ ի վեր գոյատեւող սերտ յարաբերութիւնները պիտի շարունակուին եւ ալ աւելի պիտի զարգանան յառաջիկայ տարիներուն:
 Ապա Պարոն Յովհաննիսեան այցելեց Առաջնորդանիստ Ս. Սահակ-Մեսրոպ Մայր Եկեղեցին եւ տեղեկութիւններ ստացաւ Առաջնորդ Սրբազանէն շէնքի  պատմութեան մասին:
 Իսկ 1 Մարտ շաբաթ օրը Առաջնորդարանի մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Թեմական խորհուրդի եւ Գերմանահայոց Կեդրոնական Խորհուրդի նորընտիր վարչութեան միջեւ: Ներկաները անգամ մը եւս հաստատեցին սերտ ու ներդաշնակ յարաբերութիւններու անհրաժեշտութիւնը եւ այդ շրջագիծին մէջ անդրադարձան Ցեղասխանութեան 100ամեակի յառաջիկայ ծրագրերուն:
 Երկու վարչութիւնները նաեւ իրենց աշխատանքի ուղղութիւններն ունենալով հանդերձ, ցանկութիւն յայտնեցին տարուայ ընթացքին տօնելի ազգային ծրագիրները միասնաբար նշելու, որպէսզի ժողովուրդի հաւաքական ներկայութիւնը աւելի հզօր ձեւով ապահովուի:
Քէօլն, 01.03.2014 Դիւան Առաջնորդարանի

Yorumlar kapatıldı.