İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

21 Փետրուար Համաշխարհային “Մայրենի Լեզու” ի Օր Առթիւ:

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԻՆԻ  ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՓՈՐՁԵՆՔ`, ՄԵՐ ԽՕՍԱԿՑԱԿԱՆ ՀԱՅԵՐԷՆ ԼԵԶՈՒՆ ՕՏԱՐ  ԲԱՌԵՐԷ ՄԱՔՐԵԼ : Բոլորիս գաղտնիք մը չէ որ, արեւմտահայերենը , սպառնալիքի  վտանգին  հետ դէմ առ դէմ է ,եւ վերջին տարիներուն սփիւռքահայ կեանքի մէջ արեւմտահայերինի նահանջի կապակցութեամբ ահազանգեր կը հնչեն, այս պատճառաւ ալ նահանջին կանխարգելման  ու արեւմտահայերինի պահպանման համար նախանձախնդրութեամբ կը մշակուին զանազան ծրագիրներ:

Ըստ իս, այս սպառնալիքի դէմ միասնաբար պայքարելը  անհրաժեշտութիւն մըն է:Հարցի լուծում գտնելու համար,իւրաքանչիւրս ունինք կատարելիք  պարտականութիւններ եւ ինչու~ չէ ,նաեւ  պարտաւորութիւններ:Լուծում եւ կամ լուծումներ գտնելու  կապակցութեան գործի լծուելու ենք ,նախ ամէնէն պարզէն  սկսելով:
Ըստ իս, նախ պէտք է սկսինք , մեր առօրեայ հայերեն խօսակցական  լեզուէն օտար  բառերը մաքրելով: Օրինակ , մեր առօրեայ խօակցութեան լեզուին փակած <<Մերսի>> բառէն բաժնուելով ,փորձենք <<Շնորհակալութիւն>> եւ կամ <<Շնորհակալ Եմ>> բառերը գործածել:
Փոխանակ <<Քուզէն>> եւ կամ <<Քուզին>>բառը գործածելու , օգտագործենք <<Զարմիկ>> եւ կամ <<Զարմուհի>> բառերը:Մեր բարիկամ,ընկեր եւ սիրելիներու ծննդեան տարեդարձը փքխանակ “Happy Brithday ” ըսելով շնորհաւորելուշ,շնորհաւորենք “Շնորհաւոր Տարեդարձ”,կամ “Ծննունդ շնորհաւոր” եւ կամ ” Բարի ուԵրջանիկ Տարեդարձ” ըսելով:
Չօգտագործենք <<Օ քէյ>> բառը ,փոխանակ <<Օ քէյ>>ի,փորձենք <<Լաւ>>,<<Եղաւ>> եւ կամ <<Հասկցայ>> բառերը  գործածել:
Փոխանակ <<Պրաւօ>> ըսելու,ըսենք <<Ապրիս>>,<<Ապրիք>> եւ կամ <<Շատ Ապրիք>>բառերը:
 Բոլորս ալ որդեգրեցինք <<Պայ  Պայ >> բառը, հրաժեշտ  տալու կամ  առնելու պահուն  փորձենք, հսկել մեր լեզուին  ու օգտագործենք <<Մնաք Բարով>>, <<Երթաս Բարով>> եւ կամ <<Ցտեսութիւն>> բառերը:
Փորձենք <<Թանթիկ>> բառը  մոռնալ,փոխանակ  այս օտար բառին, գործածենք <<Մօրաքոյր>> ,<<Հօրաքոյր>> բառերը, նմանապէս  փոխանակ<<Օնքըլ>> բառի, յիշենք  <<Մօրեղբայր>>,<<Հօրեղբայր>>, <<Պապ>>ի փոխանակ <<Հայրիկ>> եւլն  բառերը:Այս օրինակները բազմացնել կարելի է:
  Դժբախտաբար այսօր  Սփիւռքահայ կեանքի մէջ, մեր առաօրեայ խօսակցութեան լեզուն այլասերում  կ’ապրի , որովհետեւ ,մենք ,մեր մայրենին կ’իւրացնենք այլ լեզուներու օտար  բառերով ,հետեւաբար եթէ կ’ուզենք մեր արեւմտահայերինը  վառ պահել ,պահպանել եւ հարուստ ժառանգութիւն մը չի կորսունցնել ,նախ փորձելու ենք արեւմտհայերենը մաքուր պահել ու մեր առօրեայ կեանքի խօսակցութիւններուն չօգտագործել օտար բառեր:
Տօքթ.Սարգիս Ատամ
Sarkis Adam [sarkis_adam@yahoo.de]

Yorumlar kapatıldı.