İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՈՒ՞Ր ԵՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Եթէ կարենաք այս տեսաերիզը դիտելէ ետք չյուզուիլ եւ չարտասուել, կը նշանակէ որ ձեր մէջ սառած է եւ մեռած մարդկային ամէն ազնիւ զգացում,  եւ իրաւունք չունիք դուք զձեզ Հայ, նոյնիսկ ատկէ իսկ առաջ՝ ՄԱՐԴ կոչելու:

Այո՛. բոլորս ալ ունինք մեր տառապանքները այս ստորնացնող կեանքին մէջ, սակայն կարելի չէ երեւակայել որ մեր հայրենի քաղաքական իշխանութիւններն ու անոնց ստորադաս պաշտօնեաները, կրնան այսքա՛ն անտարբեր եւ անխիղՃ գտնուիլ եւ չկարեկցիլ նման թշուառ ընտանիքի մը, որուն զաւակները պիտի ըլլան վաղուան մեր պայքարի եւ հայրենիքի պաշտպանութեան մարտիկները: Կրնա՞յ ըլլալ այսքան անհոգութիւն եւ անտարբերութիւն:
http://norkhosq.net/2014/02/%d5%b4%d5%a1%d5%b5%d6%80%d5%b6-%d5%b8%d6%82-%d5%b9%d5%b8%d6%80%d5%bd/
Եթէ կարենաք այս տեսաերիզը դիտելէ ետք չյուզուիլ եւ չարտասուել, կը նշանակէ որ ձեր մէջ սառած է եւ մեռած մարդկային ամէն ազնիւ զգացում,  եւ իրաւունք չունիք դուք զձեզ Հայ, նոյնիսկ ատկէ իսկ առաջ՝ ՄԱՐԴ կոչելու:
Այո՛. բոլորս ալ ունինք մեր տառապանքները այս ստորնացնող կեանքին մէջ, սակայն կարելի չէ երեւակայել որ մեր հայրենի քաղաքական իշխանութիւններն ու անոնց ստորադաս պաշտօնեաները, կրնան այսքա՛ն անտարբեր եւ անխիղՃ գտնուիլ եւ չկարեկցիլ նման թշուառ ընտանիքի մը, որուն զաւակները պիտի ըլլան վաղուան մեր պայքարի եւ հայրենիքի պաշտպանութեան մարտիկները: Կրնա՞յ ըլլալ այսքան անհոգութիւն եւ անտարբերութիւն:
Ո՞ւր են մեր Եկեղեցին եւ եկեղեցականութիւնը: Ո՞ւր են «Պէնթլի»ով եւ զրահապատ «Մերսետէս»ներով շրջագայող մեր բարձրաստիճան եկեղեցականները, որոնք մոռցած են Աստուածաշունչն ու անոր ուսուցումները, մոռցած են աղքատները,  կարօտեալներն ու անկեալները, եւ դարձած գերի՝ իրենց անձնական հաճոյքներուն եւ աշխարհիկ հեշտանքներուն:
Ովքե՞ր տէր պիտի կանգնին նման ընտանիքներուն եթէ ոչ՝ Եկեղեցին ու եկեղեցականութիւնը: Դադրեցուցէ՛ք ձեր երկնասլաց եկեղեցիներու շինութիւնները: Դադրեցուցէ՛ք ձեր անուան  սին փառքը հիւսող շինութիւնները եւ հասէ՛ք ձեր ժողովուրդի ամէնօրեայ կարիքներուն, նոյն ա՛յն ժողովուրդին՝ որ վաղը պիտի լեցնէ ձեր եկեղեցիներու թափուր նստարանները:
Եթէ չունիք կարեկցութեան նուազագոյն զգացումը, աւելորդ է խօսիլ այլեւս մնացեալ հոգեւոր կարիքներուն մասին, զորս Եկեղեցին պարտաւոր է մատակարարել իր հօտին: Ինչպէ՞ս կրնաք հանգիստ սրտով ննջել այդ ապահով եւ ջեռուցուած շէնքերուն մէջ, որոնք շինուած են այս անտէր ժողովուրդի աղքատիկ լումաներու նուէրներով:
            Պայքարի կանչեր չեն մեր այս տողերը, այլ՝ զգաստութեան կոչ: Արթնցէ՛ք ձեր թմբիրէն, ձեր այս թշուառ, անզգայ վիճակէն եւ փորձեցէ՛ք պահ մը երեւակայել, որ այդ զաւակներուն խեղճ մայրը, կրնար ըլլալ ձեր քոյրը եւ կամ մէկ հարազատը. ի՞նչ պիտի ընէիք արդեօք:
            Ին՞չ են պատճառները եկեղեցակնութեան այսքան ուծացումին եւ անտարբերութեան: Չէ՞ որ Քրիստոնէութիւնը նոյնքան ալ բարոյական ուսուցում մըն է եւ, ինչպէս գիտենք, Քրիտոնէական Եկեղեցւոյ առաջին գործիչները զբաղեցան աւելի բարոյական եւ ընկերային գործերով: Անոնք փնտռեցին հալածուածները, զրկուածները, կարօտեալները, հիւանդներն ու անկեալները: Հասարակաց սեղաններ կազմակերպեցին կշտացնելու անօթիները: Օգնութեան հասան յուսահատ պարտականներուն: Գերիներու փրկութեան փրկագին հայթայթեցին եւ իրենց ընկերային ու բարոյական գործունէութեամբ ժողովուրդի զանգուածները կապեցին Քրիտոնէութեան հաստատուն բունին:
Դժբախտաբար այսօր՝ Եկեղեցին տարբեր երեւոյթ եւ հանգամանք կը ցուցադրէ: Ժողովրդային զանգուածը թողուած է առանձին իր տառապանքին մէջ, անոք եւ անմխիթար:  Այլեւս ինչպէ՞ս մեղադրել, բոլոր անոնք որոնք իրենց ամէնօրեայ պահանջներէն ելած կը մոլորին եւ կ’իյնան աղանդաւոր «քարոզիչներու» թակարդին մէջ, իրենց առօրեայ գոյութիւնը պահպանելու համար:
Ինչպէս արտայայտուած ենք ասկէ առաջ, ծէսերն ու սքոլաստիկ չոր վարդապետական ուսուցումները առանձինն անկարող են կենդանի պահել կրօնական որեւէ հաստատութիւն: Անհրապոյր է այսօր Եկեղեցին՝ որովհետեւ ինքզինք կղզիացուցած է իր ծիսակատարութեան մէջ լոկ, եւ անտեսած՝ ժողովուրդի զրկուած դասակարգը:
Մեր բազմաչարչար ժողովուրդը պէտք ունի կեանքի. կեանք մը՝ լի իր բովանդակ պայմաններով, եւ Եկեղեցիին կը մնայ ցոյց տալ որ ինքն է  այն կենդանի աւիշը որ սնունդ կու տայ ամէն կերպով եւ կը հասնի իր ժողովուրդի տենչանքներուն եւ իտէալներուն:
Մարդկային բարոյականութեան այս անկումը ներելի չէ Հայց. Եկեղեցիին՝ իր ամբողջ եկեղեցականութեամբ: Եկեղեցին պարտաւոր է աշխոյժ կերպով վերակենդանացնելու, Մեծն Ներսէսի օրինակով, հոգատարողութեան իր պատմական կոչումն ու աւանդութիւնը, սունկի նման՝ աչք ծակող տաճարներ կանգնեցնելու փոխարէն հաստատելով դարմանատուներ, հիւանդանոցներ, բուժարաններ, որբանոցներ, ընկերային օգնութեան կեդրոններ: Այդպէսո՛վ է որ ան առօրեայ կենդանի եւ կենդանարար ներկայութիւն պիտի դառնայ իր ժողովուրդի կեանքին մէջ,  եւ այդ ներկայութեա՛մբ է որ պիտի շահի անոր անվերապահ սէրն ու, յարգանքը՝ եթէ կը փափաքի իր ժողովուրդի տառապեալ հոգիներուն մէջ վերստեղծել հաւատքի գիտակցութիւնը, որ տակաւ առ տակաւ կը մեռնի նոր պայմաններու բեռան տակ:
Որ ունիցի ականջս լսելոյ…:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
5, Փետրուար 2014

VOSGAN@aol.com

Yorumlar kapatıldı.