İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԻՆՉՈՒ~ ՄԵՆՔ ՍԲ.ԾՆՈՒՆԴԸ ԿԸ ՏՕՆԵՆՔ ՅՈՒՆՈՒԱՐ 6 ԻՆ ԻՍԿ ՄԻՒՍՆԵՐ ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 25 ԻՆ:

Ի տարբերութիւն քրիստոնէական բոլոր եկեղեցիներու Սբ.Ծնունդի տօնը Հայ Եկեղեցւոյ մէջ ունի երկու անուն եւ երկու իմաստ ու խորհուրդ:Ամէն տարի 6 Յունուարին Հայ Եկեղեցին  կը նշէ երկու տօներ ,Քրիստոսի ծնունդը եւ անոր Մկրտութիւնը կամ Աստուածայայտնութիւնը, մինչդեռ ուրիշ եկեղեցիներ այս երկու տօները կը նշեն առանձին եւ տարբեր օրեր:


Հայ Եկեղեցին հաւատարիմ մնալով ընդհանուր եկեղեցւոյ վաղ շրջանի աւանդութեան եւ Աւետարանի վկայութեան այս երկու տօները կը շարունակէ նշել միասին եւ նոյն օրը, մինչեռ միւս եկեղեցիներ  զանազան պատճառներով  Ե. դարու կէսէն սկսեալ  Քրիստոսի Ծննդեան տօնակատարութիւնըտեղափոխած են  Դեկտեմբեր 25 ին , ինչպէս որ, սկզբնական շրջանին կը նշէին Յիսուսի Մկրտութեան  հետ միասին‘  Յունուար 6 ին:

Եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն , Քրիստոնէութեան սկզբնական շրջաններուն քրիստոնեաները յիշատակելի  գլխաւոր  միակ տօն մը ունէին, այդ ալ Յիսուսի Յարութեան դէպքն էր, աւելի վերջ ,երբ Աւետարանները գրուած են Քրիստոսի կեանքէն քաղուած այլ յիշատակներ, յիշելով  Յիսուսի Ծնունդը, Մկրտութիւնը, այս բոլոր յիշատակները  միասնաբար սկսած են տօնել, նոյն օրը Աստուածայայտնութիւն անուան տակ:Եկեղեցւոյ հայրապետները որոշեցին այս տօնի թուականը  հաստատել Յունուար 6 ին, քանի որ ըստ աւետարանական տեղեկութիւններու տոմարական հաշուով Յիսուսի ծնունդը , Նոր Տոմարով կը զուգադիպի Յունուար 6 ի:
Յետագային, աւելի ուշ Ե.դարու կիսերուն ՅունաՀռովմէական Եկեղեցին Յիսուսի Ծննդեան տօնը անջատեց Մկրտութիւնէն  եւ սկսաւ տօնել Դեկտեմբեր 25 ին,մոռցնել տալու համար  Հեթանոս ժողովուրդներու արեւի  աստուածՄիթրաի պաշտամունքը:Այդ շրջանինՄիթրա”  մեծ յարգանք կը վայելէր Հռովմէական Կայսրութեան մէջ,եւ Դեկտեմբեր 25 ին ժողովուրդայինմեծ տօնախմբութիւն տեղի կունենար անյաղթելի արեւ աստուծոյ տարեդարձի առիթով:

Քրիստոնէութեան շրջանին եկեղեցւոյ հայրերը ճիգ թափեցին Դեկտեմբեր 25ի այս տօնախմբութիւնը մոռցնել տալ քրիստոնեաներուն , բայց չի յաջողեցան , որպէսզի յաջողին այս տօնի արգելք հանդիսանալ ,արեւելեան եկեղեցիները  Դեկտեմբեր  25 ի այս տօնախմբութիւնը յայտարարեցինԱրդարութեան Արեւի Տարեդարձի Օր“,Քրիստոսը ներկայացնելով իբրեւ ճշմարիտ  յաւիտենական լոյսը մարդկութեան:
Դեկտեմբեր 25 թուականը տարածուեցաւ ամբողջ աշխարհի մէջ:

Սակայն Հայ Առաքելական Ուղղափառ Եկեղեցին հաւատարիմ մնաց հնագոյն աւանդութեան եւ մինչեւ այսօր Քրիստոսի ծննդեան ու մկրտութեան յիշատակը միացեալ կը տօնէ Յունուար 6 ին,Աստուածայայտնութիւն անուանումով:

Ազգեր եւ ժողովուրդներ իրենց ազգայինեկեղեցական ինքնուրոյնութիւնը կը  պահեն իրենց իւրայատուկ  տօներով:

Տօքթ.Սարգիս Ատամ

Օգտագործուած Ակ: Մաշտոցի Արձագանգ( Հայ.Եկեղեցւոյ Սբ.Յակոբ կիրակնօրեայ դպրոցի ամսաթերթ)

Yorumlar kapatıldı.