İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ԽՐԱԽՈՒՆԻԻՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔԸ

«Կաթիլներ Կաթիլներ»  

Պէյօղլուի Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Պր. Աբիկ Հայրապետեանի մեկենասութեամբ հրատարակուեցաւ մեր սիրելի աշխատակից ու բանաստեղծ Զարեհ Խրախունիի նոր մէկ գիրքը որ կոչուած է «Կաթիլներ Կաթիլներ»։

Եթէ նկատի առնուի որ Խրախունի մօտաւորապէս կէս դար առաջ մեր բանաստեղծութեան պարտէզէն ներս մտած էր «Քար-Կաթիլներ» անուն անդրանիկ հաւաքածոյով, կարելի է ըսել որ բանաստեղծը կերպով մը ստեղծագործական իր մտածումները կը կապէ սկզբնական օրերու։ Թէեւ, ինչպէս պիտի տեսնէ ընթերցողը, առաջին կաթիլներն ու այսօրուան կաթիլները բացարձակապէս չեն նմանիր իրարու։

Խրախունի այն բանաստեղծն է որ, նոյնիսկ հիւանդի անկողնին մէջ, չի դադրիր բանաստեղծութեան մասին մտածելէ ու բանաստեղծութիւն գրելէ։ Այս վերջինն ալ գրուած է հիւանդի անկողնի մէջ, բայց պայծառ մտածողութեամբ ու միշտ նորութիւններ փնտռելու, նորութիւններ ստեղծելու յամառ մտասեւեռումով։ Այս նոր հատորը մեզի մէկ կողմէ կը բերէ բանաստեղծին նոր գրուած բանաստեղծութիւնները ու անոնց կողքին՝ արձակով մտածումներ, որոնք մեր դիմաց կը բանան մտածումի այն դաշտերը, ուրկէ կ’անցնի բանաստեղծը մեզ ալ իր կողքին կանչելով։  Խրախունի իր այս աշխատանքին կցած է նաեւ իրեն հետ կատարուած երկու հարցազրոյցներ, մէկը Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի հետ կատարուած «Անվերջակէտ զրոյց մեր գրկանութեան երախտաւորներուն հետ»ը, իսկ միւսը՝ Յակոբ Վարդիվառեանի հետ կատարուած զրոյց մը։ Այս երկու զրոյցները տրուած են «Դէպի արմատներ» կոչուած անջատ գլուխի մը տակ։
Այս նոր գիրքն ալ, ինչպէս Խրախունիի կողմէ քաղաքիս մէջ տպուած գրեթէ բոլոր միւս գիրքերը, կը բացուի մեր Խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի նախաբանով։ Ռ. Հատտէճեան կը յիշեցնէ թէ «Խրախունի, իր փիլիսոփայական խոհերուն առընթեր միշտ կը հնչեցնէ նաեւ ազգային ու կրօնական գրականութեան  ուժեղ նուագարան մը»։ Կարելի է ազգայինին ու կրօնականին վրայ աւելցնել նաեւ լեզուական բառը, քանի որ ինչպէս նախորդ գիրքերուն, նոյնպէս այս մէկուն մէջ Խրախունի ընթերցողը կրնայ զարմացնել բառերու վրայ իր ըրած ստեղծագործութիւններով, իր ստեղծած նոր բառերով։

Yorumlar kapatıldı.